Տարիներ առաջ, ԱՄՆ-էն վերադարձի ճամբուս վրայ, պէտք էր գիշեր մը մնայի Հոլանտայի մայրաքաղաք Ամսթերտամի մէջ: Առիթէն օգտուելով քանի մը ժամով արագ պտոյտ մը կատարեցի քաղաքին մէջ, սակայն չհասցուցի իմ սիրած Ռեմպրանտի եւ Վան Կոխի թանգարանները այցելել: Հոլանտացիներուն սպիտակամորթ ու շիկահեր ըլլալը գիտէի ու կը կարծէի, թէ բոլոր դէմս ելլողները այդպէս պիտի ըլլային, սակայն շատ զարմացայ, երբ ոչ միայն յուսախաբ եղայ հատուկենտ շիկահերներ տեսնելով, այլ բաւական թիւով թխամորթներու ալ հանդիպեցայ, որոնք բնիկ հոլանտացիներ էին:
Զարմանքս փարատեցաւ, երբ յայտնաբերեցի, որ Ինտոնեզիան եւ Սէյլանը (Սրի Լանքա) Հոլանտական գաղութներ եղած են ժամանակին եւ խառն ամուսնութիւներու պատճառով թխամորթ հոլանտացիներ մէջտեղ եկած են:
Ազգայնամոլական զգացում չէ, սակայն խորթ թուեցաւ ինծի: Այսօր գրեթէ բոլոր արեւմտեան երկիրներու մէջ խառնածիններ կան, իսկ Լոնտոնի, Փարիզի, Նիւ Եորքի եւ կարգ մը նման մեծ քաղաքներու մէջ տեղացիներուն չափ ալ այլազգի, այլակրօն, այլալեզու, այլադաւան տեղացիներ կը վխտան, որոնց ներկայութիւնը եթէ խնդիր չէ անդիմագիծ, խառնարան Ամերիկայի համար, հարց ըլլալու է Եւրոպայի պարագային:
Համաշխարհայնացումը իր գործը կատարած է. ազգային իւրայատկութիւնները նահանջի մէջ են: Եւ կարծես այդ երկիրներուն մէջ տիրող վարչակարգերուն հոգն իսկ չէ. Անգլիան վկայՙ Լոնտոնի քաղաքապետը թխամորթ փաքիստանցի մըն է:
Մարդ որքան ալ ազատամիտ ըլլայ, դժուար թէ իր ազգային-ազգագրական յատկութիւններէն պարպուի, եթէ անշուշտ գիտակից է ու նախանձախնդիր:
Այս ամբողջ յառաջաբանը ըրի, ըսելու համար, թէ Հայաստանի մէջ ալ սկսած է այս մտահոգիչ երեւոյթը տարածուիլ եւ անհանգստացնել տեղացիները, որոնք միշտ ալ հպարտութեամբ յայտարարած են, որ Հայաստանը աշխարհի ամենաանխառն ազգային էթնիք բնակչութիւնն ունի:
Երեւի մեր վազքը Եւրոպային նմանելու եւ եւրոպականանալու սկսած է իր «պտուղները» տալ: Ամէն քայլափոխի իրանցիներէն աւելի, հնդիկներու, ֆիլիպպինցիներու, փաքիստանցիներու եւ այլ ազգութիւններու կը հանդիպիս, որոնք կարծես համալսարաններուն մէջ ուսանելու եւ իրենց երկիրները վերադառնալու համար չեն եկած հոս. եկած են գործ գտնելու եւ հաստատուելու: Պատկերացուցէք, իրենց երկիրներուն մէջ որքան շատ է անգործութիւնը, որ յոյսերնին դրած են Հայաստանի վրայ, ուր տեղացիներուն համար իսկ աշխատանք գտնելը հարց է:
Ամանորի գիշերը Հանրապետութեան հհրապարակին վրայ հնչող երաժշտութեան կշռոյթին տակ պարող ու ճօճուող թխամորթ օտարազգիներուն երեւոյթը շատերը անհանգստացուց:
Անոնք այսօր տասնեակներով են, վաղը հարիւրաւորներ ու հազարաւորներ կ՛ըլլան: Կը բազմանան անոնց ճաշատեսակները մատուցող ճաշարաններն ու համեմունքի խանութները, արդէն տարին քանի մը անգամ հնդկական ապրանքներու տօնավաճառ կը կազմակերպուի: Կ՛ունենան իրենց կրօնական ծէսերը կատարելու հաւաքատեղիներ, կը ծանօթանան մեր աղջիկներուն, ընկերութիւն կ՛ընեն, կ՛ամուսնանան ու երկիրը կը լեցուի խառնածիններով:
Եւրոպայի պոչը բռնելը մեր մուխը պիտի մարէ, եթէ չգիտնանք ցորէնն ու որոմը իրարմէ զանազանել: Յանուն տեմոքրասիի եւ դիմակաւոր համաշխարհայնացումի ծրագիրներուն, արդէն աղանդները ազատ կը գործեն, միասեռականներն ալ քանի ազատամիտ պաշտպաններ ունին, նոյնիսկ նորընծայ խորհրդարանին մէջ. վաղը միատեղ ապրելու եւ ամուսնանալու իրաւունքներ ալ ձեռք կը ձգեն, հաւանաբար թմրադեղերն ու «անվնաս» մարիխուանան ալ ընդհանրանայ… Է՞, ո՞ւր պիտի մնայ մեր ազգային իւրայատկութիւնը, մեր անարատ թիւն ու դէմքը:
Նոր Հայաստանի նոր իշխանաւորներ, եթէ այս բոլորը ձեզ պիտի չանհանգստացնեն, եթէ այս վարակներուն առաջքը առնելու մասին պիտի չմտածուի, եթէ, եթէ… վազ անցէք երկրին ղեկը ձեր ձեռքը պահելէ, որպէսզի, Աստուած մի արասցէ, եթէ վաղը Հայաստանը այլափոխուի ու իր դիմագիծը կորսնցնէ, ձեզ պատմութեան դատաստանին չյանձնէ ժողովուրդը: