ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ, Գահիրէ
Վերջերս Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի նախաձեռնութեամբ եւ հրատարակութեամբ լոյս տեսած է արաբերէնի թարգմանուած Մարիամ ՇաքԿարի (Շաքարեան-Կարապետեան) «Երկու Աշխարհներու Միջեւ» գիրքը, որ գեղարուեստական յուշագրութիւնն է հեղինակուհիին Գահիրէի մէջ ապրած հինգ տարիներուն, որպէս ընկերակից իր դիւանագէտ ամուսնոյն, ՀՀ Եգիպտոսի նախկին դեսպան դոկտ. Ռուբէն Կարապետեանի:
2014 թուականի Փետրուարին հրատարակուած ռուսերէն գիրքը բնագրէն արաբերէնի թարգմանած է դոկտ. Մոհամէտ Րիատ Ղալլուշը : Հատորը նաեւ հայերէնի թարգմանուած է եւ լոյս տեսած նոյն թուականի սեպտեմբերին, Երեւան:
Ճիշդ է, որ իր բնոյթով յուշագրական է, սակայն կառոյցը աւելի գեղարուեստական վէպի մը կառոյցն է, որ ունի հերոսուհի մըՙ Անին եւ որուն ընդմէջէն է, որ հեղինակուհին կ՛արտայայտէ իր ապրումները հայրենիքէն հեռու, օտար երկրի մը մէջ, որ այնքա՜ն տարբեր է իր երկրէն:
Տարբեր ամէն բանով, սկսելով այն իրողութենէն, որ ինք կու գայ քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօնք ընդունած առաջին երկրէն, մինչ այն երկիրը, ուր կու գար ապրելու, ոչ միայն ժամանակի խորերէն եկող պատմութիւն ունի, այլ տարբեր կրօններ դաւանած է ժամանակի ընթացքին, իսկ այսօրՙ քանի մը կրօններ դաւանող ժողովուրդ մը ունի:
Թէեւ հերոսուհին կ՛ապրի ընթացիկ կեանքի մը ամենէն բարձր ոլորտներէն մէկունՙ դիւանագիտական շրջանակին մէջ, որովհետեւ ամուսինը ՀՀ Եգիպտոսի դեսպանն է Գահիրէի մէջ -, սակայն առիթ ունի նաեւ հանդիպելու եւ յարաբերութիւն մշակելու Գահիրէի ամենէն սովորական դասակարգի մարդոց հետ, ինչպէս ծառաները, վարորդը եւ այլք:
Մէկ կողմէ Գահիրէի եւ ընդհանրապէս Եգիպտոսի հմայքը, միւս կողմէ «կեանքը ինչպէս որ է», կը լարեն հերոսուհին, որ կը գիտակցի, թէ այս լարումը պիտի փոխէ իր կեանքը անվերադարձ կերպով, կը գիտակցի, թէ միջոց չունի անկէ հրաժարելու, բայց նաեւ չ՛ուզեր հրաժարիլ:
Օրերու թաւալքին հետ, երբ հերոսուհին որոշ չափով կ՛ընտելանայ իր նոր կեանքին, կը սկսի զբօսաշրջիկի նման դիտել քաղաքը եւ հոն փնտռել – երբեմն նաեւ առանց փնտռելու գտնել ու տեսնել – հայերուն ձգած հետքերը:
Պէտք է ըսել, որ եգիպտահայ գաղութը կը մնայ պատմութեամբ ամենէն հարուստ Սփիւռքի գաղութներէն մէկը, ուր հայեր եղած են Ջարդերէն առաջ (ի տարբերութիւն այլ գաղութներու), բայց որ կը մնայ չճանչցուած, չբացայայտուած համայնք մը: Գրեթէ բոլոր հայերը գիտեն, թէ Հալէպը սփիւռքի Մայր գաղութն է, բայց քիչեր գիտեն, թէ Եգիպտոսի առաջին վարչապետը եւ առաջին քանի մը նախարարները հայեր եղած են: Հայերը Եգիպտոս մտած են պատմութեան «լայն» դռնէն: Այս իրողութեան բացայայտումը ճառագայթի պէս յանկարծ կը լուսաւորէ մեր միտքն ու էութիւնը:
Նոյն այս լուսաւորումին կը հանդիպի հերոսուհի Անին:
Մէկ կողմէ այս բացայայտումը, միւս կողմը բացայայտումը Եգիպտոսի ժողովուրդին պարզ դասակարգին ազնիւ, հիւրասէր եւ բարի խառնուածքին, կեանքը կը դիւրացնեն Անիի համար:
Գիրքին շատ հետաքրքրական մէկ բաղադրիչը քաղաքն է, Գահիրէն, որպէս հերոս, որ ունի իր շնչառութիւնը եւ որ երբեմն զայն կը պարտադրէ Անիին:
Եգիպտոսի հմայքը օրէ օր կ՛աւելնայ իր հոգիին վրայ, այնքանՙ որ Անին կը լծուի բացայայտելու շատ հին եւ շատ ինքնուրոյն մշակոյթը փարաւոններուն, Արեւին տրուած մեծ նշանակութեամբ: Արեւի երկիրը նաեւ Արեւի մշակոյթն է ձեւով մը:
Երբեմն կը թուի, թէ ինք շատ մօտ է բացայայտելու մեծ գաղտնիք մը, որ ահա պիտի տայ ինքզինք … բայց կրկին ու կրկին այդ գաղտնիքը կը սահի իր գիտակցութենէն, ինչպէս աւազըՙ ափերէն: Գաղտնիքը կը մնայ գաղտնիք, բայց անոր հմայքը կ՛աւելնայ, սրելով ներքին տագնապը հայրենիքին եւ արդէն մտերիմ դարձած այս օտար երկրին միջեւ:
Եւ անվերջ կարօտ… «Երբ հոս եմ, հոն կը կարօտնամ, երբ հոն եմ, հոս կը կարօտնամ»ի պէս պարզ եւ հասկնալի, բայց որ տագնապ կը ստեղծէ: Այդ տագնապը կրնայ առաջին պահուն հասկնալի չըլլալ, որովհետեւ կը կազմուի հոգեբանական բարդ շերտերէ:
Վէպին մէջ կարօտը, Անիէն եւ քաղաքէն ետք երրորդ հերոսն է, որ իր անվերջ տիրապետումով Անիին վրայ, կարծէք կը շարժէ զինք, կը մղէ դէպի Գահիրէի գաղտնի անկիւնները, միաժամանակ մղելով դէպի իր ներաշխարհին խորքերը:
Եգիպտականին նման հսկայ եւ դարաւոր մշակոյթ մը ինչպէ՞ս տեղաւորել ներաշխարհի մը մէջ, ուր արդէն եթէ ոչ նոյնքան մեծ, բայց նոյնքան դարաւոր այլ մշակոյթ մը կը հոսի հերոսուհիին երակներուն մէջէն, արիւնին հետ:
Հայրենիքի եւ այլ երկրի սուր հակադրութիւնը օրերուն հետ պիտի մեղմանայ անշուշտ, առանց որ կարօտն ու տագնապը մեղմանան, ստեղծելով այնպիսի ներդաշնակութիւն մը, որ իր բարդութիւնը տուած է գրութեան, բառերու պարին հետ ստեղծելով ոճ մը, որ բանաստեղծական է, միաժամանակ ըլլալով պատմողական:
Հետաքրքրական է նաեւ գիրքին կառոյցը, ուր գլխաւոր դէպքերը տեղի կ՛ունենան ներաշխարհի մէջ, իսկ անկէ դուրս ի՛նչ որ տեղի կ՛ունենայ, կը ծառայէ միայն ներաշխարհը լուսաւորելու: Ասիկա կը յիշեցնէ երկու պատերազմներուն միջեւ ինկած ժամանակահատուածին Փարիզի մէջ ծաղկած գրականութիւնը, որ բաւական բարդ էր ճի՛շդ այդ պատճառովՙ գործողութիւնները ներաշխարհ մէջ ընթանալուն համար:
Արաբերէնի այս թարգմանութիւնը առիթ մըն է եգիպտացի մտաւորականներուն համար իրենց երկիրն ու անոր ստեղծած տպաւորութիւնը տեսնելու օտարի մը աչքերով, նորուց գտնելու իրենց երկրին պատմութիւնն ու գեղեցկութիւնը, զոր իրենցը ըլլալունՙ շատ հաւանաբար մոռցուած է տեղ մը, առօրեայի խճողումին մէջ:
Ռուսերէնի գիտակ ընթերցողներ, որոնք կարդացած են այս գիրքը, կ՛ըսեն թէ հեղինակուհիին լեզուն հրավառութիւն մըն է, որուն գեղեցկութիւնը հաւանաբար դժուար ըլլար թարգմանել այլ լեզուի մը, թէեւ արաբերէնին ճոխութիւնն ու բառամթերքը կը թուին նուազագոյնի իջեցուցած ըլլալ կորուստը, որ ընդհանրապէս անխուսափելի է գեղարուեստական երկերու թարգմանութեան պարագային:
Թէ հիմա ո՛ր երկրին բնակիչ դարձած է Կարապետեան ամոլը, չենք գիտեր, սակայն յոյս ունինք, որ այլ գիրք մը տիկին ՇաքԿարի ներշնչելու կարող երկիր մը ըլլայ…:
Ծ.Խ.- Տեղեկացնենք, որ Կարապետյան ամոլը ապրում եւ աշխատում է Հայաստանի մայրաքաղաքում…