Հայաստանի մէջ այն հսկայ պատրաստութիւնները որ տեսնուեցան ընդունելու համար ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ գագաթաժողովը, զիս երկու տարբեր հոգեվիճակներու մատնեցին, մինՙ ուրախութեան ու հպարտութեան, որ Հայաստանի նման պտլիկ երկիր մը ընտրուած է այսպիսի բազմազգեան գագաթաժողովի մը որպէս կեդրոն, միւսըՙ զարմացումի, որՙ մեր ի՞նչն է ֆրանսախօս, կամ ֆրանսական մշակոյթի հետեւող ու կիրառող երկիր, որ այսպիսի հսկայ միջոցառում մը կը կազմակերպենք, որպէս անդամ միջազգային այդ կազմակերպութեան:
Հաւատացէք, չկրցայ հասկնալ: Ֆրանսախօս երկիրներ, բացի անշուշտ մայր երկրէնՙ ֆրանսայէն, Քանատան է, կամ Քեպէքը, եւ Ափրիկեան կարգ մը երկիրներ, որոնք ժամանակին ֆրանսական գաղութներ եղած են: Կայ նաեւ Լիբանանը, որ Սուրիոյ հետ Բ. աշխարհամարտէն առաջ ֆրանսական «հոգատարութեան» յանձնուած էր Սայքս- Փիքոյի համաձայնութեամբ: Ֆրանսերէնը բաւական տիրապետող մնաց Լիբանանի մէջ, նոյնիսկ պետական արաբերէնին մրցակից, սակայն նոյնը չեղաւ Սուրիոյ պարագային. Ֆրանսան շարունակեց մնալ թշնամի երկիր, մինչեւ այսօր, որպէս մասնակից Սուրիոյ պատերազմին:
Այստեղ փակագիծ մը բանալով ըսեմ, որ մենք, սուրիահայերս, ի՞նչ դիրք բռնելու ենք Ֆրանսայի հանդէպ: Ֆրանսան Սուրիոյ թշնամի է, եւ մենք, որպէս սուրիահայեր, չենք կրնար սուրիացիէ մը տարբեր կեցուածք ունենալ, իսկ, որպէս հայՙ ինչպէ՞ս ատել երկիր մը, որ բարեկամ է Հայաստանին եւ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկիրներու կարեւորագոյններէն մէկն է ու իր օժանդակութիւնը չի զլանար Հայաստանին: Իսկապէս դժուար կացութիւն է:
Հայաստանի մէջ որոշ դպրոցներու մէջ ֆրանսերէնը պետական ծրագրին մաս կը կազմէ, ունինք նաեւ ֆրանսական համալսարան, սակայն ոչ ֆրանսախօս է Հայաստանի բնակիչը, ոչ ալ ակնառու կերպով ֆրանսական մշակոյթին հետեւող: Ալ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ անդամակցեր ենք Ֆրանքոֆոնի երկիրներու փաղանգին, ինծի ծանօթ չէ:
Այն ինչ որ տեսանք եւ յուզումով ու հպարտութեամբ հետեւեցանք Շարլ Ազնաւուրի պետական մակարդակով յուղարկաւորման արարողութեան, ուր ներկայ էր Հայաստանը իր պետական եւ հոգեւոր ղեկավարութեամբ, դրօշանման եռագոյն ծաղկեփունջերով, հայերէն դամբանականով եւ երգ ու նուագով, կասկած չձգեց որ Ֆրանսան իսկապէս լաւ բարեկամն է Հայաստանին, «բարեկամ» բառին իսկական իմաստով:
Թէ ի՞նչ հարցեր պիտի ծեծուին, կամ արդէն ծեծուեցան. թէ ինչո՞վ պիտի օգտուի Հայաստանը այս գագաթաժողով-համագումարէն, յետոյ յայտնի կ՛ըլլայ: Մինչ այդ, այսքան օտար պետական այրերու, դիւանագիտական ներկայացուցիչներու եւ շարքային մասնակիցներու ներկայութիւնը մայրաքաղաքիս մէջ, ինքնին թէ՛ բարոյական եւ թէ նիւթական շահ է: Անշուշտ բարոյականը շատ աւելի մէծ:
Այստեղ, առիթը օգտագործելով, կէս լուրջ-կէս կատակ ըսեմ, որ երանի Ֆրանքոֆոնիայի նման «Արմենոֆոնիա» մըն ալ մենք կազմակերպենք եւ աշխարհատարած հայախօս գաղութները հրաւիրենք ու փորձենք մեր բազմաչարչար լեզուն,- որուն նուիրուած դրուատալից խօսքերը հայ եւ օտար մտաւորականներու կողմէ, ոչ մէկ ուրիշ լեզուի ուղղուած են,- վերակենդանացնել, մաքրել, մաքրագործել եւ բանաւոր թէ գրաւոր անարատ հայերէնը վերականգնել, թէ՛ Սփիւռքի մէջ, թէ՛ Հայաստանի:
Այս առումով ցարդ եղած կողմնակի փորձերը պտուղ չտուին, մտածենք աւելի լուրջ եւ համատարած միջոցառման մը մասին: Գուցէ կազմակերպչական առումով բաներ մը օգտուինք ֆրանսախօս երկիրներու այս գագաթաժողովէն:
Կարծեմ «կատակ» բառը վերցնելու եմ: