Տարիներէ ի վեր Կաթոլիկ եկեղեցուոյ աշխարհատարած կղերականները, որոնց մէջՙ բարձրաստիճան հոգեւորականներ, կը դատապարտուին մանկապղծութեան (child abuse) ոճիրով ու աշխարհով մէկ կը խայտառակուին: Կը խայտառակուի նաեւ Կաթոլիկ եկեղեցին, եւ կղերապետ Պապն ալ, մեղմ ըսած, նեղ կացութեան կը մատնուի եւ իր կարգին կը դատապարտէ յանցաւորներն ու կը բանադրէ, կամ կարգալոյծ կ՛ընէ ոմանց: Դեռ վերջերս հեռատեսիլէն հաղորդուեցաւ, որ Գերմանիոյ մէջ հազարէ աւելի եկեղեցականներու կողմէ մանկապղծութեան մօտ 4000 դէպք արձանագրուած է:
Կաթոլիկ եկեղեցին չի փորձեր հարցերը կոծկել ու ներքին կարգով լուծումներ գտնել ու յանցագործները պատժել, այլ, ընդհակառակըՙ հանրութեան առջեւ կը բացայայտէ, եւ միջազգային լրատուամիջոցները օրերով կը խօսին ու կը ցուցադրեն եղելութեանց «հերոսներուն» նկարները:
Անցեալները, երբ «Ազգ» շաբաթաթերթի «Գէյ չեն ծնվում, դառնում են» վերնագրով խմբագրականը կը կարդայի, բացի հարցին գիտական, կամ ընկերային երեսներէն, մտածեցի պատահածներուն իսկական տարողութեանց մասին:
Բացատրեմ. մանկապղծութիւնը, կը կարծեմ, տարբեր հասկացողութիւն ունի Արեւմուտքի մէջ, մասնաւորաբար Ամերիկայի, եւ, օրինակի համարՙ Միջին Արեւելքի երկիրներուն: Միջինարեւելեան երկիրներուն մէջ շատ սովորական է ուրիշին երախան գգուել, մինչդեռ Ամերիկայի մէջ այդպիսի բան մանկապղծութեան հակում կը նկատուի: Միջինարեւելեան երկիրներուն մէջ մարդիկ տակաւին իրենց բարի ու չխաթարուած միտքերով ու զգացումներով կ՛ապրին, մինչդեռ Ամերիկայի մէջ, կենսաձեւն ու ընկերային կառոյցը թունաւորած են մարդոց միտքերը, որոնք, երբ իրենց երախային մօտեցող ու գգուող ձեռք մը կը նկատեն, անմիջապէս կը մտածեն, որ մօտեցողին նպատակը բարի չէ: Ասիկա պարզապէս անվստահութեան հարց է, երբ մարդիկ կ՛ապրին վտանգալից միջավայրի մը մէջ ու ամէն օտար անձ իրենց համար կասկածելի է:
Մայրեր իրենց դպրոցական երախաներուն ամէնօրեայ պատգամի պէս կը կրկնեն.
– Օտարի հետ չխօսիս:
– Օտարի ձեռքէ բան չառնես, որքան ալ գրաւիչ ըլլայ ան:
– Չ՛ըլլայ որ անծանօթի մը մեքենան նստիս, երբ առաջարկէ քեզ տուն հասցնել:
Եւ նմանատիպ արգելքներ, այնքանՙ որ երախան ակամայ վախի մթնոլորտի մը մէջ կը մեծնայ:
Բաւական տխուր պատկեր է, բայց իրական է: Մեր ապրած երկիրներու մէջ, այժմ Հայաստան ալ, շատ կը պատահի, որ մէկը ուրիշի երախային մօտենայ, գգուէ, նոյնիսկ համբուրէ ծնողքին դիմաց, կամ գրկէ. հակազդեցութիւն չ՛ունենար, քանի որ չարի վախը չէ խաթարած իրենց միտքերն ու հոգիները (անշուշտ հազուագիւտ բացառութիւններու մասին չէ խօսքս):
Վերոյիշեալներէն որեւէ մէկը եթէ պատահի Արեւմուտքի մէջ, հաւատացէքՙ օգնութեան կանչ, ոստիկանութիւն, դատավարութիւն, բանտարկութիւն…
Տարիներ առաջ, Մ. Նահանգներ իմ առաջին այցելութեանս, երեկոյ մը քրոջս բնակարանը կը վերադառնայինք պտոյտէ մը, երբ տան մօտ 5-6 տարեկան աղջնակ մը նկատեցի, որ կու լար: Մօտեցայ եւ հարցուցի, թէ ինչո՞ւ կու լայ, ըսաւ որ կողքի տունը կը բնակի, սակայն մայրը տուն չէ եկած եւ ինք դուրսը մնացեր է: Ըսի եկուր մեր մօտ մնայ, մինչեւ մայրդ գայ: Խօսքս չաւարտած, լսեցի քեռայրիս պոռալըՙ ձգէ, գործ չունիս, թող դուրսը մնայ: Մեզի տանինք, որ յետոյ մայրը գայ ու վրանիս դա՞տ բանայՙ թէ առեւանգած ենք աղջիկը… Դուն չես գիտեր ամերիկացիները…
Ափ ի բերան մնացի: Ինչպէ՞ս կարելի է. ասիկա անմարդկութիւն է… Քոյրս լռելեան համաձայն էր ամուսնոյն, չմիջամտեց: Ձգեցի երախան ու տակնուվրայ եղած տուն մտայ:
Հալէպ ըլլար, կամ Երեւան, երախան ներս կ՛առնէինք, կը պատսպարէինք, կը խնամէինք, կրնայինք նաեւ ընթրիք դնել դիմացը, մինչեւ մօրը կամ հօրը գալուստը, որ իր կարգին բացատրելով իր անակնկալ ուշացումին պատճառըՙ հազար անգամ շնորհակալ պիտի ըլլար:
Ասիկա երեւակայական հեքիաթ չէ, այսպէս է, մեր ընկերային դաստիարակութեան արդիւնքն է, մինչ իրենցըՙ իրենց արատաւոր դաստիարակութեան:
Գաղափար չունիմ, թէ դատապարտուած ու քաւութեան նոխազ դարձած այդ կղերականներուն արարքները ինչ աստիճանի եղած են, մանկապղծութիւնը իսկապէս սեռական արարքով բացատրուա՞ծ է, թէ՞ վերեւը իմ յիշած արարքներով, սակայն մէկ բան յստակ է. տղամարդը բնական մղում ունի դէպի սեռը եւ երբ այդ մէկը թապու է կուսակրօններուն համար, ապա կարգ մը անձերու մօտ զգացումներու վերահսկողութիւնը յաճախ տեղի կու տայ, եւ կամայ, թէ ակամայ կ՛իյնան յանցապարտութեան ցանցը:
Նորութիւն չէ, երկար տարիներ քննարկուած է կուսակրօնութիւնը վերացնելու հարցը եւ արտօնելու եկեղեցականներուն ամուսնանալը, սակայն լուծումի մը չեն յանգած:
Հեռասփռուող Քրիստոնեայ եկեղեցւոյ այս ամօթալի արարքները արդեօք հոգեկան ի՞նչ գոհունակութեամբ կը դիտեն Իսլամները, որոնք իրենց կրօնքը տարածելու տարատեսակ միջոցներուն կողքին, ձրի շահուած զէնք մըն ալ չե՞ն նկատեր Կաթոլիկ եկեղեցւոյ այս խաղքութիւնը: