Յանցագործներու բանակին մէջ անմեղը տեղ չունի, չի կրնար ունենալ: Յանցագործութեանց խաղերը իրենց օրէնքները ունին, կա՛մ խաղին կը մասնակցիս բոլորին նման, կա՛մ դուրս կու գաս, քեզ դուրս կը շպռտեն, ան ալՙ եթէ յաջողեցար գլուխդ ողջ պահել:
Այս երեւոյթը ամէն տեղ է, սակայն աւելի շեշտուած է ու տարածուած փոքր ու ոչ-հարուստ երկիրներու մէջ, ուր սովորաբար անտառի օրէնքը կը գործէ եւ ուր գիշատիչներու խնճոյքին մէջ եղնիկներուն տեղ չկայ:
Միջինարեւելեան ծանօթ երկրի մը ջրամատակարարման համակարգին մէջ անհրաժեշտ էր հինցած ու չգործող ջրմուղ սարքերը նորերով փոխարինել: Յատուկ յանձնախումբ կը կազմուի ուսումնասիրելու համար հարցը եւ տեղեկագիր պատրաստելու: Շաբաթ մը ետք կը պատրաստուի տեղեկագիրը, ուր յիշուած կ՛ըլլայ, որ անհրաժեշտ է 32 ջրմուղներ փոխարինել նորերով եւ առ ի վաւերացում զայն կը ներկայացնեն նորանշանակ տնօրէնին, որ հայ երկրաչափ մըն էր: Տնօրէնը չի համոզուիր եւ անձնապէս կ՛ուզէ ստուգել. չ՛ուշանար յանձնախումբի բանբերին «աւետիսը», որ իւղոտ պատառէն իր ալ բաժինը պիտի չմոռցուի: Երկրաչափը կը ցնցուի այս առաջարկին ի լուր, որուն հակառակ, մէկ-մէկ կը ստուգէ սարքերը եւ կը փաստէ, որ փոխարինուելու արժանի են միայն 6 հատը, իսկ մնացեալները մասնակի նորոգութիւններով կարելի է վերստին աշխատցնել. այս ձեւով միլիոններ խնայած կ՛ըլլայ պետութիւնը, քանի որ գործիքները Եւրոպայէն պիտի գնուէին:
Հայ երկրաչափը նախարարութեան կը ներկայացնէ իր ուսումնասիրութեան արդիւնքը: Նախարարութենէն դեռ պատասխան չեկածՙ անստորագիր ցնցիչ սպառնալիքներ կը հասնին իրեն: Երկրաչափը սարսափած, շաբաթ մը ետք, առանց հրաժարական ներկայացնելու, կը ձգէ երկիրը ու կ՛անցնի ծովերէն անդին:
Այդ ի՞նչ համարձակութիւն է… բոլորին նման խաղին մասնակցելու փոխարէն խաղը խանգարելու կ՛ելլե՞ս… Դո՛ւրս: Դուն ի՞նչ իրաւունքով մարդոց «հացը կը կտրես», մէկ ստորագրութեամբ միլիոններու ճակատագրին հետ խաղացիր, որոնք իրար մէջ պիտի բաժնէին, չէ՞:
Ասիկա հեքիաթ չէ, իրականութիւն է, ասոր նման որքան իրավիճակներ կան հոս ու հոն, որոնք չեն բացայայտուած, կամ լռութեան մատնուած են: Մեծ ձեռնարկութիւններուն մէջ խաղն ալ մեծ է, խաղցողներն ալ, վայ եթէ չմասնակցիս խաղին, նոյնիսկ դիտողի դերին մէջ ալ իրաւունք չունիս մնալու, այնպէս որՙ գլուխդ կ՛առնես ու կը փախչիս:
Անշուշտ, հազարէն մէկը կը փախչի, իսկ մնացեալ 999 կը մասնակցին խաղին, սկիզբը, թէեւ ձեւով մը պարտադիր, ընդհանուր հոսանքին հետ քշուած, սակայն քիչ անց, դրամին զգլխիչ հոտը առնելէ ետք, մեծ խանդավառութեամբ ու ախորժակով, որ հետզհետէ աւելի կը սրի, այնքան ատեն, որ հարցնող ու արգելք հանդիսացող չկայ:
Ես կ՛ուտեմ, դուն կ՛ուտես, ան կ՛ուտէ. եթէ չուտէ, մենք զինք կ՛ուտենք…
Միշտ չէ որ այս եւ նման չարաշահութեանց ու ընդհանուր կոռուպցիայի ու նեխածութեան մթնոլորտին վերջ դնող յեղափոխութեան առաջատարներ մէջտեղ կու գան, սակայն, երբ գան, յեղափոխութեան դրօշով կու գան, իրենց ետեւէն ալՙ համբերահատ ժողովուրդը:
Հիմա, պատկերը պարզ է ու մենք ականատես ու ականջալուր ենք տեղի ունեցած բացայայտումներուն, որոնցմով ուրախ, նոյնիսկ ուրախութենէն գինովցած ժողովուրդը շօշափելի արդիւնքի կը սպասէ: Յանցագործները կը հարցաքննուին, իրենց գողօնները կը հրապարակուին, սակայն… ժողովուրդին սիրտը զովացնող պատիժի չեն ենթարկուիր, կամ ազատ կ՛արձակուին, կամՙ փրկագինով կալանքէ կ՛ազատին, երկրէն չհեռանալու հաւաստիացումով, կամ…
Ժողովուրդը անհամբեր է, գիտէ որ օրէնք կայ, կանոն կայ. գիտէ որ այդ բազմամիլիոնատէր յանցագործները լաւագոյն փաստաբաններով պաշտպանուած են, գիտէ որ անոնց միլիոններուն առջեւ սահմաններու հսկողութիւնը կը տկարանայ, գիտէ որ մեծ միջամտութիւններ կրնան ըլլալ ի նպաստ յանցագործներուն… Սակայն, շատ լաւ գիտէ նաեւ, որ իր ալ համբերութիւնը սահման ունի, օր առաջ կ՛ուզէ քաղել պտուղը յեղաշրջումին: