Մայիսի 27-ի երեկոյեան կը մօտենամ Հանրապետութեան հրապարակի մեթրոյի կայարանին յարակից այն վայրին, ուր պիտի տեղադրուի Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կերտիչներէն Արամ Մանուկեանի արձանը, եւ որուն հանդիսաւոր բացումը պիտի կատարուի յաջորդ օր, Մայիսի 28-ին, Առաջին հանրապետութեան 100-ամեակին առթիւ: Արձանին պատուանդանը, որ ամիսներ առաջ սկսած էին պատրաստել, աւարտած է, սակայն արձան չկայ… Կ՛ըսեմՙ երեւի գիշերը պիտի բերեն, տեղադրեն:
Ոչ, կ՛ըսէ բարեկամս, յետաձգեցին արձանին բացումը, որովհետեւ ամիսներ առաջ անոր հրապարակուած մանրաքանդակ նմուշը հաւանութեան չէ արժանացած ինչ-ինչ պատճառներով: Կը կարծէի որ հարցը հարթուած կ՛ըլլայ ու հարիւրամեակին նուիրուելիք տօնախմբութիւններուն մէջ կարեւորագոյն տեղ կը գրաւէ արձանին բացումը, սակայն երեւի անհամաձայնութեան պատճառները լուրջ են եւ անտեղիտալի:
Բացի այն իրականութենէն, որ Երեւանի մէջ տեղադրուած ազգային դէմքերու արձաններուն շուրջ միշտ ալ տարակարծութիւններ ծագած են, ինչպէս Գարեգին Նժդեհի արձանը, որ մինչեւ այսօր ժողովրդային գնահատանքին չէ արժանացած, այսպիսի պարագաներու յայտարարուած մրցումին արդիւնքը երեւի ճիշդ չէ եղած եւ շահած է այն արձանը, որ հաւանաբար ներկայացուածներուն լաւագոյնը չէ, բայց դատական կազմին մէջ ի նպաստ իրեն քուէարկողներ ունի:
Արձան մը, որքան որ մնայուն արժէքի պիտի վերածուի եւ ատոր համար ալ նպատակին ծառայէ, անթերի արուեստի գործ մը ըլլալու է, ինծի համար անոր առարկայական, շօշափելի մարմնաւորումէն աւելի կարեւոր է անոր ոգեղէն պատուանդանը ժողովուրդի սրտին մէջ:
Արամ Մանուկեանն ու Առաջին Հանրապետութեան կերտիչները, եթէ տասնամեակներ ամբողջ Սփիւռքի մէջ տարակարծութիւններու եւ նոյնիսկ բախումներու դռներ բացին, Անիի անկումէն 900 տարի եւ Կիլիկեան թագաւորութեան անկումէն վեցհարիւր տարի ետք ստեղծուած անկախութիւնը, ինչ բացասական հանգամանքներու մէջ ալ իրագործուած ըլլայ, կորուսեալ հայրենիքի մը վերադարձն է, ներկայ եւ անցեալ հանրապետութիւններու մեկնարկը:
Հայաստանի մէջ ամբողջ խորհրդային տարիներուն արգիլուածն ու անտեսուածը, իսկ Սփիւռքի մէջՙ մեծ ցնցումներու եւ նոյնիսկ եղբայրասպան կռիւներու պատճառ դարձածը, այսօր Ազատ-Անկախ Հայաստանի մէջ կը վերարժեւորուի իր բոլոր ստորոգիլներովՙ դրօշով, զինանշանով եւ օրհներգով, հոգ չէ թէ անոնց շուրջ ալ դեռ կը շարունակուին տարակարծութիւններըՙ օրհներգ ու զինանշան փոփոխութեան ենթարկելու:
Արամ Մանուկեանի արձանը ե՞րբ կը տեղադրուի, անոր շուրջ ծագած վէճերը ե՞րբ կը հարթուին, յայտնի չէ, սակայն Արամ Մանուկեանի տունը իր անունով կոչուած փողոցին վրայ, ահաւոր վիճակի մէջ է, լրիւ անտեսուած, կիսափուլ ու անմաքուր: Թէ ինչո՞ւ անոր ճակատագրին մասին որոշումներ չեն առնուած, իսկ եթէ առնուած ենՙ ինչո՞ւ իրագործման ճամբու վրայ չեն դրուած:
Արձանին չափ կարեւոր չէ՞ իր ապրած տունը, որ կրնայ թանգարանի վերածուիլ: Երբեմն առաջնականն ու երկրորդականը կը շփոթուին, կը շփոթե՛ն մարդիկ, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, որոշում գոյացնելու իրաւունք ունեցող մարդիկ, իսկ տուժողը այս պարագային ոչ թէ կողմը, կամ ընդդիմադիրը կ՛ըլլայ, այլ խնդրոյ առարկան, որուն շուրջ ծագած կ՛ըլլան վէճերը:
Հայկական առածը կ՛ըսէՙ «Հացը հացագործին յանձնէ, նոյնիսկ եթէ…»: Սակայն, երբեմն վիճող կողմերէն իւրաքանչիւրը իր «հացագործը» կ՛ունենայ, ատոր համար ալ թխուած հացը կա՛մ հում կ՛ելլէ, կամ այրած:
Մայիս 28 կը տօնուի առանց Մանուկեանի արձանին, երբ ինք ալ իր քարէ պատուանդանէն կրնար դիտել հրապարակին մէջի իրեն եւ իր ջանքերով նաեւ ստեղծուած հանրապետութեան նուիրուած տօնական հանդիսութիւնը: