Մանկութենէս կռիւը չեմ սիրած: Երբ տեսած եմ իրարու վրայ ձեռք բարձրացնող մարդիկ, ճամբաս շեղած եմ եւ նոյնիսկ հեռուէն չեմ դիտած: Այդպէս ալ մնացած եմ մինչեւ այսօր: Երեւի ընտանեկան անուղղակի դաստիարակութեան արդիւնք էր, քանի ամբողջ կեանքիս ընթացքին հօրս ոչ թէ կռուիլը, այլ նոյնիսկ մարդոց հետ բարձրաձայն վիճիլը չեմ տեսած:
Ինծի համար խորթ է եղած ծեծկռտուքը, մարդոց մարմնական վնաս հասցնելը: (Ատած եմ բռնցքամարտը, ինծի համար աշխարհի ամենաանմարդկային մարզաձեւը): Հաւատացած եմ խօսքի զօրութեան, համոզիչ խօսքի ազդեցութեանՙ հարցերը լուծելու մէջ: Ու մտածած եմ որ երեւի խօսքով դիմացինը համոզելու, կամ բացատրութեամբ ինքնապաշտպանուելու կարողութիւն չունեցողներն են, որ իրենց ձեռքերը կ՛օգտագործեն, – ճիշտ Օտեանի «Փանջունի»ին նման, – երբեմն ալՙ ոտքերը, նոյնիսկ դանակ ու զէնք:
Անշուշտ ներհամայնքային, թաղային վէճերու պարագան նկատի ունիմ, ոչ թէ պատերազմներն ու ինքնապաշտպանութիւնը: Չեմ կրցած ինքզինքս համոզել, որ դիմացինին «դաս տալու» համար, կամ վախցնելու համար հարկ է ինք ծեծել, որ անգամ մըն ալ չկրկնէ իր արարքը, կամ սխալը, կամՙ զիս բարկացնող անոր չգիտեմ ինչը:
Երկար տարիներ պաշտօնավարած եմ միջազգային դպրոցի մը մէջ, ուր, ոչ թէ ապտակ, այլեւ աշակերտին դպնալն իսկ խստիւ արգիլուած էր եւ ամբողջ այդ տարիներու ընթացքին ոչ մէկ աշակերտի վրայ ձեռք բարձրացուցած եմ, կամ ականջը ոլորած:
Խորթ եղած է ինծի համար մեր հայկական վարժարաններուն մէջ աշակերտ պատժելը ծեծով, ատոր համար ալ, երբ Հալէպի ամենամեծ դպրոցին տնօրէնութեան պաշտօնին հրաւիրուեցայ, առաջին իսկ օրէն կտրականապէս արգիլեցի ծեծը, որուն պատճառով բաւական ընդդիմադիրներ ունեցայ, սակայն վերջ ի վերջոյ ծեծը վերացաւ դպրոցէն:
Կը հաւատայի որ ծեծուող աշակերտը ոչ թէ կ՛ուղղուի ու կը յարգէ զինք պատժողը, այլ վախով կը լեցուի եւ ոխ կը պահէ ուսուցիչին հանդէպ: Գիտէի որ ուսուցիչները շատ ատեն աշակերտներուն վրայ կը թափեն իրենց բարկութիւնըՙ իրենց անձնական խնդիրներուն պատճառով: Ժամանակ կը տրամադրէի ու կը խօսէի «անուղղայ» կարծուած աշակերտներուն հետ ու շրջան մը ետք կը նկատէի անոնց փոխակերպումը դէպի լաւը:
Չերկարեմ եւ չտարածուիմ. այս նիւթը արծարծեցի, երբ անցեալ շաբաթ իմացայ ինծի մտաւորական, զարգացած անձի մը ծեծի ենթարկուիլը անծանօթ անձերու կողմէ: Դեռ աւելին, ուզեցի բարձրաձայնել, քանի որ Հայաստանի մէջ ալ յաճախ մարդիկ զիրար կը ծեծեն, կը վիրաւորեն ու երբեմն ալ մահուան դուռը կը հասցնեն, շատ անգամ չնչին պատճառներով, երբ կարելի է տրամաբանութեան դիմել ու այդ ծայրայեղ լուծումի ձեւերուն չհասնիլ:
Վստահ եմ, կռուողներէն շատեր յաջորդ օրն իսկ պիտի զղջան իրենց արարքին համար, մասնաւորաբար, երբ օրէնքը զիրենք ալ պատիժի ենթարկէ:
Սակայն, բանը բանէն անցնելէ ետք զղջումը ի՞նչ օգուտ ունի, կարեւորը բարկութեան պահուն մարդ կարենայ ինքզինք զսպել, խուսափելու համար հետագայ փորձանքներէ:
21-րդ դարուն մէջ կ՛ապրինք, ոչ թէ տգիտութեան ու խաւարամտութեան դարերուն, ուր «գաւազանը դրախտէն իջած է» կ՛ըսուէր, ուր Տէր Թոդիկներ կային, որոնք չէին գիտեր, որ երկու հազար տարի առաջ Եզովբոս անունով իմաստասէր-առակախօս մը եղած է, որ ըսած է «մարմնական պատիժը, հոգին կ՛ստորնացնէ»:
Երեւի զարգացումն ու գիտական յառաջդիմութիւնը այնքան ալ մեծ դեր չեն խաղար մարդոց համոզումները փոխելուն մէջ, քանի որ հարիւրամեակ մը առաջ, սուրիահայ նախակրթարանի մը խնամակալներուն ատենագրութեանց մէջ շարք մը թելադրութեանց կողքին հանդիպած եմ հետեւեալ որոշումին «Դպրոցիս մէջ ծեծը խստիւ արգիլուած է»:
Աւարտեմ ակնարկս ծանօթ այն միտքով, որ կ՛ըսէ. «Եթէ ամէն մարդ իր աչքը հանողին աչքն ալ ինք հանէ, աշխարհը կոյրերով կը լեցուի»: