Քանի որ թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Սուրիոյ մէջ մարտ ամսուան ընթացքին կը նշուի Ուսուցչաց տօնը, յարմար տեսայ այս առթիւ երկու խօսք արձանագրել, ինչ որ կրնայ օգտակար դառնալ նաեւ Հայաստանի պարագային:
Մեր բոլոր կրօնական եւ ազգային տօներուն կողքին, մեծ կարեւորութեամբ կը նշուին մայրերու եւ ուսուցիչներու տօները, որպէս համահաւասար տօներ ազգայինին եւ կրօնականին: Մարդ չի կրնար ժխտել այս երկու անձնաւորութիւններուն դերերը ապագայի մարդը մէջտեղ բերելու, կերտելու, ձեւաւորելու եւ գիտութեամբ զինելու գծով: Մին միւսին առաքելութեան լրացուցիչն է, եւ որքան նուիրումով կը կատարուի այդ առաքելութիւնը, այնքան որակաւոր կ՛ըլլայ արդիւնքը:
Մայրերու տօնը սահմանում չունի, իւրաքանչիւր անհատ ինք կ՛որոշէ իր սիրոյ, երախտագիտութեան եւ յարգանքի մատուցման ձեւը, սակայն ուսուցիչներու տօնի պարագային կարելի է որոշ սահմանումներ կատարել:
Սովորութիւն դարձած է, որ Ուսուցչաց տօնին առթիւ աշակերտներ նուէրներով շնորհաւորեն իրենց դաստիարակները: Ահա՛ այստեղ է որ որոշ հարցեր նկատի առնուելու են: Մայրեր, տօնէն շաբաթ մը առաջ կը սկսին փնտռտուքի, իրենց զաւկին ուսուցչուհիին, կամ ուսուցչուհիներուն (նուէրները ընդհանրապէս կ՛ըլլան կանանց) յարմար նուէրներ որոնել: Երբեմն մայրեր իրարմէ կը հետաքրքրուին, թէ միւսը ի՞նչ նուէր պիտի յանձնէ, որ ինք ալ նոյնը չկրկնէ, կամ ալ իրը միւսէն պակաս չըլլայ… Եւ կը սկսի մրցակցութիւն մը:
Կարողութիւն ունեցողներու պարագային նուէրի ընտրութիւնը հաճոյքի եւ քիչ մըն ալ ինքնասիրութեան առիթ է, իսկ չունեւորներու պարագայինՙ տառապանքի առիթ: Կարողութիւն չունեցողը չի կրնար անմասն մնալ ու ինքզինք նեղը դնելու գնով բաներ մը կը գնէ, սակայն…
Ահա՛ այստեղ է որ թաքնուած կ՛ըլլայ «աղէտը»… Պարզ է, որ սուղնոց նուէր բերող աշակերտին տարբեր աչքով պիտի նայի ուսուցչուհին, ինչ որ պիտի ազդէ գնահատականին ու նիշերուն վրայ. կարելի՞ է ոսկեղէն նուէր բերող աշակերտին ցած նիշ տայ ուսուցչուհին, նոյնիսկ եթէ խնդրոյ առարկան բութին մէկն է: Իսկ հակառակըՙ համեստ նուէր բերող աշակերտն ալ կրնայ անտարբեր վերաբերմունքի արժանանալ, նոյնիսկ եթէ փայլուն աշակերտ է:
Այս խտրականութիւնը, որքան որ «արդարացուցիչ» պատճառներ ունի, նոյնքան ալ անմարդկային արարք է: Անշուշտ խօսքս բացառիկ անաչառ- արդարներուն մասին չէ:
Այս կացութիւնը նկատի առնելով, Հալէպի կարգ մը վարժարաններ արգիլած էին նուէրները, ի վրդովումն ուսուցչուհիներուն, որոնք ձեւը գտած էին «տակից» նուէրներ ստանալու…
Լիբանանի մէջ բաւական մտահոգիչ է այս պարագան, ուր սովորութիւն դարձած է իրենց զաւկին բոլոր դասատուներուն նուէրներ յանձնել, նոյնիսկ եթէ անոնց թիւը տասէն աւելի ըլլայ: Դաստիարակ ուսուցչուհին հասկցանք, մէկ նուէրով կը լուծուի հարցը, սակայն տասէն աւելի նուէրներ… հապա՞ կարողութիւն չունեցողները ի՞նչ թող ընեն:
Աշակերտին գնահատականն ու նիշերը երբեք առեւտուրի նիւթ պէտք չէ դառնան, նոյնիսկՙ սակարկութեան… մեծ նուէր բերիրՙ մեծ նիշ, պզտիկ նուէրՙ պզտիկ նիշ:
Նուէրը կաշառքի պէտք չէ վերածուի: Անարդարօրէն արժանաւորին պզտիկ նիշ տալով, ուսուցչուհին ինք կը պզտիկնայ, ատիկա լաւ իմանալու են: Իսկ դպրոցի տնօրէնութեան դերը ի՞նչ է այստեղ:
Լուրջ հարց է եւ անտարբերութեան պէտք չէ մատնուի: Ո՞վ չի գիտեր, որ զանազան առիթներով շնորհաւորանք ու նուէր ստանալը հաճոյք է, սակայն կարեւոր է նկատի առնել դիմացի անձին պարագաներն ալ: Օտարներու մօտ, որեւէ առիթով յանձնուած նուէրը ընդհանրապէս խորհրդանշական կ՛ըլլայ, ոչ թէ մրցակցութիւն դիմացինը զարմացնելու, սիրոյ ու յարգանքի չափը նուէրին չափով որոշելու :
Քիչ մը զգաստ ըլլանք եւ փորձենք դիմացինը նեղ կացութեան չմատնել, որովհետեւ, երբ հաւուն կը ստիպես որ ջայլամի հաւկիթ ածէ, կրնաս պատկերացնել, թէ ինչ տեղի կրնայ ունենալ: