Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռէն հաղորդում մը կար Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ, որուն ընթացքին սփռուեցաւ հարցախոյզ մը, որ հաղորդավարը կատարած էր Երեւանի փողոցներուն մէջ, պատահած պարման-պարմանուհիներուն հարցում մը ուղղելովՙ «Ի՞նչ է Սուրբ Ծնունդը»:
Հաւատաք, կամ ոչ, տասը հոգիներէն միայն երկուքը գիտցան, որ այդ օրը Յիսուսի ծննդեան յիշատակումի տօնն է, իսկ միւսները շատ տարօրինակ պատասխաններ տուին…
Ես ականջներուս չէի հաւատար… Հայաստանի մէջ, հայ նոր սերունդի ներկայացուցիչները ծանօթ չեն այս կարեւոր իրադարձութեան, երբ մենք ամէն առիթով, հպարտութեամբ կը շեփորենք, որ մենք առաջին քրիստոնեայ ազգն ենք…
Հարցը, նոյնիսկ եթէ զուտ կրօնական իմաստով չառնենք, գոնէ որպէս ազգային աւանդոյթ, կամ մեր մշակոյթին առնչուած գիտելիք, պէտք չէ՞ որ փոխանցուած ըլլայ ծնողներու, կամ դպրոցի միջոցաւ: Ի՞նչ է, ծնողները դեռ չկրցա՞ն թօթափել խորհրդային անաստուածութեան դաստիարակութիւնը, որ երկրի անկախացումէն քառորդ դար ետք տակաւին կը շարունակեն անոր ազդեցութեան տակ մնալ եւ այդպէս ալ կը վարուին իրենց զաւակներուն հետ:
Հայաստանի մէջ, Սփիւռքի նման կրօնական դաստիարակութիւն չկայ դպրոցներուն մէջ, կայ միայն Հայ եկեղեցուոյ պատմութեան դասանիւթ, ան ալ ոչ բոլոր կարգերուն: Հայաստանը արդէն եօթանասուն տարի աթէիզմի մամլիչէն անցնելէ ետք, անկախութեան շրջանին ալ տարբեր աղանդներու յարձակումներուն ենթակայ, ասոնց զուգահեռ հեթանոսութեան վերադարձի ջատագովներուն կամաց-կամաց բազմացող հետեւորդներու պարագային… Այս բոլորին ի տես պետութիւնը ի՞նչ կ՛ընէ, իսկ Էջմիածինը ո՞ւր է:
Ի՞նչ է, անկրօն ա՞զգ պիտի դառնանք: Ա՞յս է յետին նպատակը խաւարի մէջ սեւ ծրագիրներ որոճացողներուն: Թէ՞ մեզ հոս պիտի հասցնէ մեր եկեղեցւոյ, ծնողներուն եւ դպրոցներուն անհոգ վերաբերմունքը:
Սուրիոյ մեր հայկական դպրոցներուն մէջ առաջին դասարանէն մինչեւ 12-րդ դասարան կրօնի դասերը միշտ ծրագրի մէջ են, ան ալՙ այդ արաբ երկրի կրթական նախարարութեան հաւանութեամբ, յաւելեալ կը գործեն «կիրակնօրեաները» որոնք զուտ կրօնագիտական դասընթացքներով կը լրացնեն դպրոցին ծրագիրը:
Դարձեալ կ՛ըսեմ. հարցը զուտ կրօնական իմաստով թող չ՛առնուի, այլ որպէս ազգագրական, ազգային հարստութիւն, որպէս անքակտելի մէկ կարեւոր մասը մեր մշակոյթին:
Այդ «կիրակնօրեաներուն» շրջանաւարտները շատ լաւ գիտեն մեր եկեղեցական շարականները, տօները, ծէսերը եւ այլն: Այս ձեւով ոչ թէ եկեղեցւոյ քարերը համբուրող, կամ երկրպագող ու քահանային շուրջառին իրենց դէմքերը քսող սերունդ կը պատրաստենք, այլՙ մեր եկեղեցւոյ պաշտպան, մեր ազգային արժէքները պահպանող ու շարունակող երիտասարդութիւն:
Քրիստոնէութիւնը ձեւականութիւն չէ, անոր խորհուրդով դաստիարակուող մարդիկ աւելի բարի կ՛ըլլան սովորաբար, աւելի հանդուրժող ու ներող, փոխադարձ սիրոյ պատգամաբերներ ու խաղաղութեան ջատագովներ կ՛ըլլան: Եւ աշխարհը որքա՜ն կարիքը ունի այս բոլորին:
Գիտեմ, շատեր կը քննադատեն մեր եկեղեցին ու մեր եկեղեցականները, շատեր նոյնիսկ մեր տկար մնալը կը վերագրեն քրիստոնէութեան: «Եթէ այլ կրօնի մը հետեւէինք, այսքան չէինք ջարդուեր ու հիմա յիսուն միլիոննոց ժողովուրդ մը կ՛ըլլայինք» ըսողներ կան. Գուցէ, սակայն արդեօք հայ կը մնայի՞նք…
Այո՛, անթերի չէ եղած մեր եկեղեցին, սակայն 17 դարերէ ի վեր մեր յենարանն ու պաշտպանը եղած է, մեր ամբողջ մշակոյթը անոր մէջ եւ շուրջ ստեղծուած էՙ գիր ու գրականութիւն, հոգեպարար երաժշտութեամբ շարականներ, եկեղեցական ճարտարապետութիւն, մանրանկարչութիւն, խաչքարեր… Եւ ինչ եկեղեցական ու ազգային պատմական անձնաւորութիւններ սիրած են ու հաւատքով պահպանած են զայն: Մե՞նք մնացինք զայն քննադատող: Գիտակցինք ու պահպանենք եւ յաջորդներուն փոխանցենք մաքուր եւ անաղարտ:
Կարդացէք Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական»ը ու կը հասկնաք, թէ ինչ է ան: