ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Վերջերս, հալեպահայ տիկին մը, որ հինգ տարուան բացակայութենէ ետք ամիսով մը գացած էր Հալէպ, վերադարձին պատմեց իր տպաւորութիւնները պատկերներու ընդմէջէն, որոնց մէջ ընդհանրապէս մոխրագոյնն էր որ կը տիրէր, հակառակ որ տարիներ շարունակ հեռուէն գունաւոր պատկերներով ու երփներամգ յիշատակներով կարօտի ծաւալուն ծածկոց մը հիւսած էր, որուն փաթթուած ջերմացեր էր, ամէն անգամ, որ հայրենիքի մէջ ըլլալով հանդերձ պանդխտութեան ցրտութիւնը պատած էր հոգին:
– Առաջուան Հալէպը չկայ այլեւս, ամայացած է կարծես, իսկ յանկարծ, եթէ փորձես հին թաղերը մտնել, կը սարսափիս: Հազիւ յիսուն մեթր մը յառաջացած էի Ճիտեյտէ տանող թաղէն ներս, երբ ոտքերս քարացան ու չկրցայ շարունակել. Հալէպի ամենասիրուած կանաչեղէնի, մրգեղէնի, նպարեղէնի, ձկնեղէնի շուկան ու անոր յաջորդող ոսկերիչներու շուկան այլեւս գոյութիւն չունին, դէմդ մինչեւ բերդը փլատակներու անծայրածիր ուրուական տարածութիւն մըն է: Այնքան գեղազարդ արաբական տուներով, իջեւաններով, կամարակապ նեղլիկ թաղերով հին Հալէպը չկայ այլեւս, եւ չկայ նոյնիսկ աշխարհի ամենահետաքրքրական Հալէպի Ծածկած շուկան. քանդած են ու աւերակի վերածած: Բայց, չեմ հասկնար, արաբական պատմական, թանգարանային այդ շրջանները ինչո՞ւ աւերակի վերածած են:
– Ինչո՞ւ… Ինչո՞ւ Պէյրութի սրտին վրայ գտնուող Սուք Սրսոքը քանդեցին Լիբանանի տասնհինգամեայ պատերազմին… Պատերազմները քաղաքական, կրօնական, զինուորական, տնտեսական եւ յարակից նպատակներ ու շահեր հետապնդելու կողքին, կը ծառայեն նաեւ կողմնակի, քուլիսային ծրագիրներ իրականացնելու, որոնցմէ ամենակարեւորըՙ շահոյթի նոր դռներու բացումն է: Կը քանդեն հինը դիտմամբ, որպէսզի անվերականգնելի այդ տուներուն ու խանութներուն փոխարէն նորակառոյց, բազմայարկ ու շքեղ շէնքեր բարձրացնեն: Անծանօթ մէկը պիտի ըսէ, որ ինչ վատ բան կայ ատոր մէջ, երկիրը կը վերանորոգուի եւ արդիական կը դառնայ: Այո, սակայն հինն ու պատմականը ջնջուելուն կողքին, այդ տարածքները չնչին գիներով կը գնուին խոշոր ձեռնարկատէրերու կողմէ, որոնք անոնց վրայ նորը կառուցելով, նախկինին բազմապատիկ գինով կը վերավաճառեն: Կարիք կա՞յ Պէյրութի «Տաուն Թաունի» երեւակայական գիներուն մասին խօսելու:
Հիմա, հերթը Հալէպինն է, հին Հալէպի շրջաններուն տուները, շուկաներն ու խաները (իջեւանատուն), որպէս պատմական արժէք ներկայացնող կառոյցներ պետութեան հսկողութեան տակ էին, արգիլուած էր քանդել զանոնք, նոյնիսկ վերանորոգման անհրաժեշտութեան պարագայինՙ յատուկ արտօնութեամբ, անոնց արաբական ճարտարապետական դէմքը առանց խաթարելու:
Իսկ հիմա՞… Այնպէս մը քանդած են ամէն ինչ, որ հնարաւոր չէ վերանորոգել: Վաղը մեծ ընկերութիւններ անոնց տէրերէն չնչին գիներով կ՛առնեն ու կը սկսին վերակառուցել Նոր Հալէպ, նոր գիներ, Պէյրութի «Տաուն Թաունը» յիշեցնող: Արդէն շատ մը միջազգային ընկերութիւններ անոնց նախագիծերը պատրաստած են, կը սպասեն ազդանշանին, որպէսզի գիշատիչներու նման յարձակին զոհին վրայ:
Ինչո՞ւ հեռու կ՛երթանք, Երեւանի Հիւսիսային պողոտայի պարագան նոյնը չէ՞: Երբ դրամը կը խօսի, պատմութիւնն ալ, մշակոյթն ալ ստուերի մէջ կը մնան:
Ու այսպիսով Հին Հալէպէն կը մնան յուշեր ու լուսանկարներ ալպոմներու մէջ:
Լուսանկարները Յարութ Վարդանեանի կողմէ
Նկար 1. Ոսկերիչներու շուկա
Նկար 2. Քառասուն մանկանց եկեղեցիի մուտքը