ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ, Նիւ Ճըրզի
Զօր. Անդրանիկ եւ դաշնակցական մամուլը
«1917-ԻՆ ԲԱՐՈՅԱՊԷՍ ՄԵՌԱՒ ԱՆ»,
«ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑ
ՆԱԵՒ ԻՐ ՀԱՅՈՒ ՅԱՏԿԱՆԻՇՆԵՐԸ»
ՀՅԴ Յունաստանի պաշտօնաթերթ «Նոր Օր», 1927թ. սեպտեմբեր 8
Ահա՛ այսպէս վերաբերեցաւ դաշնակցական մամուլը Ազգային մեր հերոսին` Զօր. Անդրանիկի նկատմամբ, անոր մահուան առթիւ: Օգոստոս 31, 1927-ին Կալիֆորնիոյ Չիկօ աւանին մէջ Անդրանիկ կ՛աւանդէր իր հոգինՙ հեռու Շապին-Գարահիսարէն եւ Հայկական լեռնաշխարհէն, ուր ան որպէս արծիւ սաւառնած էր քանի մը տասնեակ տարիներ:
Դաշնակցութեան Յունաստանի «Նոր Օր» (սեպտեմբեր 8, 1927-ի, 1207 թուակիր) պաշտօնաթերթէն ստորեւ կ՛արտատպենք խմբագրական մը այդ առթիւ:
Մեր տրամադրութեան տակ ունինք ուրիշ արխիւային նիւթեր եւս Անդրանիկի դէմ Դաշնակցութեան «սեւացրէքեան» գործունէութեան վերաբերող եւ հանրային կարծիքը պղտորող:
1917ին բարոյապէս մեռաւ ան, ոտնատակ ընելով այն արժէքները, որոնք իր մէջ մարդը եւ հայրենասէրը կը բնոյթագծէին:
Այսօր կը թաղենք անոր մարմինը, – մարդուն այն մասը, որ փոշիանալու եւ անհետ կորսուելու դատապարտուած է:
Մարդու մը հողեղէն կազմը չէ, որ անոր դիրք ու համբաւ կու տայ ընկերութեան մէջ, այլ այդ հողեղէն կառուցուածքին մէջ պահուած բարոյական թաքուն հարստութիւնները, որոնցմէ առաւել կամ նուազ «քանակութեամբ» ունի ամէն մահկանացու:
Երանի անոր, որ իր կեանքը կը յատկացնէ բարոյական հարստութիւններու շահագործման, յօգուտ ընկերութեան:
Բայց բաւական չէ բարոյական հարստութիւն ունենալը, պէտք է գիտնալ զայն արժէքաւորել եւ ունենալ կարողութիւնն ու միջոցը զայն ծառայեցնելու բարձր նպատակներու:
Զօր. Անդրանիկ ունէր թէ՛ «հարստութիւն» եւ թէ՛ միջոց. իրեն կը պակսէր սակայն գիտակցութիւնը: Իր «հարստութիւնը» արժէքի վերածելու համար ան պէտք ունէր միշտ արտաքին օժանդակութեան եւ այդ օժանդակութիւնը չպակսեցաւ իրեն կեանքին մէջ:
Դեռ համեստ զինուոր, կրթուած ու մարզուած Դաշնակցութեան գաղափարներով, շուտով կը տիրանայ համբաւի: Անոր քաջագործութիւնները կը տարածուին մինչեւ ամենամութ եւ տիեզերքէն կտրուած աւանները հայ աշխարհին: Ժողովրդական երգիչները կը փութան բանահիւսել անոր դէմքը: Անդրանիկը կը դառնայ «քաջ», առասպելական կերպարանք կը ստանան անոր գործերուն պատմութիւնները:
Դաշնակցութիւնը, որ համբաւներ եւ տաճարներ կերտելու մէջ այնքան ժլատ է, շռայլ գտնուեցաւ Անդրանիկի հանդէպ, անոր համեստութիւնը վիրաւորելու աստիճան:
Դաշնակցական գրիչը անոր չըրած հերոսութիւնները անոր վերագրեց. դաշնակցական ճառախօսը աստուածացուց անոր քաջութիւնը, յանդգնութիւնը, եւ թշնամիին վրայ անոր ունեցած ազդեցութիւնը մեծ ու անիրական չափերու հասցուց:
Հասկնալի է, թէ ինչո՞ւ այսպէս եղաւ:
Ժողովուրդներու կեանքին մէջ շրջաններ կան, երբ հաւաքականութենէ աւելի անհատներ դեր կը կատարեն: Անդրանիկի գործած օրերուն ֆէտիշները այսօրուան չափ վնասակար չէին: Ընդհանուրին շահին համար մէկին աստուածացուիլը յանցանք չէր նկատուեր երկոտասնեակ տարիներ առաջ:
Դաշնակցութեան ղեկավարները չէին կրնար չնախատեսել յօգուտ հայութեան, բայց ի վնաս կուսակցութեան պատրաստուող խմորը: Գերազանցապէս հայրենանուէր եւ ժողովուրդին համար ապրող կուսակցութիւնՙ Դաշնակցութիւնը առաջինին զոհեց երկրորդը:
Անդրանիկ հռչակուեցաւ ազգային հերոս: Երբոր տիրացաւ այդ հռչակին, ան քիչ դաշնակցական էր արդէն: Քիչ դաշնակցական ըլլալը քիչ հայ ըլլալուն հաւասար էր: Եւ Անդրանիկ, ժամանակի ընթացքին, կորսնցուց նաեւ իր հայու յատկանիշները, քանի որ կորսնցուցած էր հայութեան ծառայելու ու իր անձը անոր շահերուն ստորադասելու առաքինութիւնը:
Անոր մէջ առաքինութիւնը եւ բարոյական հարստութիւնը հում նիւթեր էին, որոնց մասին գաղափար անգամ չունէր ինք: Դաշնակցութիւնը օգտագործեց, լոյսին հանեց այդ արժէքները:
Ու երբ դժբախտ օր մը, իրեն յենարան դարձած ուժին վրայ թքնելու չափ ամբարտաւան եղաւ ան, րոպէի մը մէջ վերածուեցաւ այն ածուխին, որ իր մէջ ադամանդի անտեսանելի փշուրներ պարունակելով հանդերձ, կը մնայ խոնաւ ու մգլոտած անկիւններուն մէջ, կամ հողի շերտերու տակ, լքուած ճարտար եւ գիտութեամբ մարզուած ձեռքերէ:
Արդ, Դաշնակցութեան Ամերիկայի թերթերուն` «Հայրենիք»ին ու «Ասպարէզ»ին այսօրուան յարգելի խմբագիրներուն եւ մերօրեայ ՀՅԴի վարիչներուն կը մնայ Ազգային հերոսին մահուընէ 90 տարիներ ետք բացատրելու, թէ ի՞նչ էր արժէքն ու նպատակը Անդրանիկին, Դաշնակցական «Նոր Օր»ի համեմատ, այդ «բարոյապէս մեռած», «Հայութեան յատկանիշները կորուսած» եւ «րոպէի մը մէջ ածուխի վերածուած» մարդուն դագաղին վրայ, իրենց մետասաներորդ ժամու արտայայտած սուգին ու ցաւակցութեան:
Արդեօք, երբ ներքնապէս այսպէս կը խորհին, քանի որ այս խնդրին մէջ Դաշնակցութեան անկեղծ արտայայտիչը ապահովաբար Աթէնքի «Նոր Օր»ն է եւ ոչ թէ անցեալ դարու սկիզբի Պոստոնի «Հայրենիք»ը, կամ Ֆրեզնոյի «Ասպարէզ»ը:
Ու այս օրերուն հաւանաբար լուռ կ՛ուզեն մնալ ու չվրդովեցնել հանգիստը Ազգին հերոսին, որուն մարմինը … վերջապէս հանգչեցաւ Եռաբլուրին վրայ:
Շատ բան կայ գրելիք Անդրանիկի մասին:
Աւելի՛ քան` վստահաբար… Արամ Մանուկեանին:
Նկար 1. Ազգային հերոս Զորավար Անդրանիկի նկարը ֆրանսիական «L՛IMAGE» ամսագրի 1919 թ. նոյեմբերի համարի շապիկին: Նկարը մեր հերթին արտատպում ենք Եղիշե Չարենցի անվան Գրականության եւ արվեստի թանգարանի տնօրեն Կարո Վարդանյանի կազմած եւ ծանոթագրած «Անդրանիկ» հատորից (2015 թ., տպ. «Յասան» ՍՊԸ), որը ներկայացնում է Վազգեն Անդրեասյանի հուշերը ազգային հերոսի մասին (2-րդ տպագրություն, առաջինըՙ Բեյրութ, 1982 թ.):