Դժուարաւ կը բարձրանամ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքը. ոտքերս կը ցաւին ու պէտք կը զգամ ճամբու կողքի նստարանին հանգստանալու: Կը դիտեմ դիմացէս անցնող մարդկային «ամազոնը», որ յամրընթաց կը մագլցի մեխակներու եւ կակաչներու գունագեղ, քալող ծաղկաստանի մը մէջ: Ուշադրութիւնս կը գրաւեն ծնողներու ձեռքէն բռնած, կամ սայլակներու մէջի երախաները: Աչքերս կը գոցեմ ու կը փորձեմ համեմատական մը ընել անցեալի բռնագաղթուածներու կարաւաններուն հետ, անոնց մէջի սայլակներու վրայ բեռցուած, իրենց մայրերուն ձեռքէն, կամ փէշէն բռնած երախաներուն. կը փորձեմ պատկերացնել…
Կոկորդս կը սեղմուի, պատկերները կը չքանան ու աչքերս կը բանամ զսպուած ցասումով ու ընդվզումով: Մէջիս վիշտն ու կսկիծը թօթափած են իրենց սգաւոր շղարշը ու վերածուած պրկուած բռունցքի, սակայն ոչ թշնամիին դէմ, այլ մե՛ր դէմ, հայերո՛ւս դէմ…
Ուղեղիս մէջ չի տեղաւորուիր, տրամաբանութիւնս չ՛ընդունիր, որ մենք այսպէս անտէր ու անօգնական, նոյնիսկՙ հլու-հնազանդ, միլիոնով առաջնորդուեցանք սպանդանոց:
Կոտորածներու այնպիսի նկարագրականներ կարդացած եմ կեանքիս ընթացքին, այնքան սրտամաշօրէն արցունք թափեր եմ ինծի անծանօթ, սակայն հարազատ մարդոց աննկարագրելի տանջանքներուն համար, որ այլեւս ոչինչ կ՛ուզեմ լսել այդ մասին, միայն կ՛ուզեմ մէկ բան հասկնալ. ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս հասանք այդ վիճակին: Ցարդ տրուած բոլոր բացատրութիւնները չյաջողեցան համոզել զիս:
Քանի մը օր ետք, երբ առիթ ունեցայ դիտելու «Խոստումը» ֆիլմը, այս անգամ երեւակայութեամբ ետ երթալու կարիք չունեցայ, տեսայ իրականութեան պատճէնը լաւագոյնս բեմադրուած ու դարձեալ միեւնոյն զգացումը ունեցայՙ ընդվզեցայ ես իմ դէմս, բռնագաղթի ճամբաներուն վրայ ինկած իմ ազգականներուս դէմ. ինչո՞ւ նահատակուեցաք…
Գիտեմ որ ոչինչ կրնայիք ընել թրքական հսկայ, կազմակերպուած ու հայատեացութեամբ զինուած բանակին դէմ, սակայն կ՛ուզէի տեսնել հայ մայր մը, որ իր գիրկի երախան խլող զինուորին աչքերը կը հանէ եղունգներով… Կ՛ուզէի տեսնել նեմեսիսեան ոգիով տղամարդիկ, որոնք կը յարձակին կարաւանը հսկող ձիաւոր զինուորին վրայ ու զինք գետին տապալելէ ետք, անոր զէնքն ու ձին առած կը յարձակին յաջորդ կարաւանի ուղեկից զինուորին վրայ: Հոգ չէ, թող մեռնին, բայց գոնէ առիւծի պէս մեռած կ՛ըլլան, ոչՙ ոչխարի:
Լաւ որ ֆիլմի վերջաւորութեան ընդհանուր տխուր պատկերը հակակշռող Մուսա Լերան ինքնապաշտպանութեան դրուագը կար, որ յաջողեցաւ որոշ չափով մեղմացնել իրավիճակը:
Դարերով ապրած են մեր նախնիքը օսմանեան-թրքական բռնատիրութեան տակ ու աշխատած են հաւատարիմ քաղաքացիներ ըլլալ, աննկարագրելիօրէն սատարած են Թուրքիոյ ծաղկումին բոլոր ասպարէզներուն մէջՙ քաղաքական, տնտեսական, ճարտարապետական, լեզուագիտական, երաժշտական, թատերական, համայնագիտարանային, գեղարուեստական… Սակայն, խորամանկ ու քաղաքագէտ չեն եղած, չեն մտածած ՍԵՒ օրուան մասին, ինքնապաշտպանութեան մասին, նոյնիսկ ինքնապաշտպանութեան դիմողներուն դէմ կեցած են… Ու երբ եկած է այդ սեւ օրը, ոչխարի պէս քշուած են սպանդանոց: Ինչպէ՞ս չընդվզի մարդ: