Կռուախնձոր: Այս բառը սորված եմ տակաւին նախակրթարանի օրերէն, Հայոց պատմութեան դասերէն, երբ կ՛ըսուէր, թէ Հայաստանը կռուախնձոր դարձած է զանազան ներխուժող բանակներու միջեւ եւ իր դիրքին համար անընդհատ ոտքի կոխան դարձած:
Թէ ի՞նչ է խնձորի բուն պատմութիւնը, ինծի ծանօթ չէ. երեւի փոխաբերական իմաստով գործածուած է այս բառը, ինչ-որ դէպքի մը հիման վրայ, ուր խնձորի համար կռիւներ եղած են եւ, հաւանաբար, խնձորի այգին ալ ոտնակոխ եղած է:
Հիմա կը մտածեմ, որ Սուրիան ալ վեց տարիէ ի վեր կռուախնձոր դարձած է, սակայն այս պարագային խնձորը պէտք է փոխարինուի ուրիշ բանով մը, հակառակ որ Սուրիան ալ խնձորի լաւ տեսակներ ունի, բայց քանի պատերազմը սուրիական խնձորին համար չէ, ապա աւելի արդիական բառ մը գտնելու է, որ համահունչ ըլլայ իրականութեան եւ դիպուկ: Ըստ բազմատեսակ մեկնաբանութեանց, պատերազմը կազամուղի, կազի, կրօնի, տարածքներու եւ դեռ ինչերու համար է, չեմ գիտեր: Ուրեմն փոխե՞նք դարձուածքը եւ բառը նորոգենք, գուցէ «Կռուակա՞զ, կռուակրօ՞ն, կռուատարա՞ծք»… թեպէտ «Կռուախնձորին» նման ականջահաճոյ չեն այս նորակերտ բառերը, սակայն կարեւորն այն է, որ «Խնձորի այգին» ոտնակոխ դարձաւ հազար ու մէկ տեսակի կրունկներու, որոնց տէրերը աշխարհի չորս ծագերէն եկան, աւերեցին, քանդեցին, սպանեցին, այրեցին, առեւանգեցին, բռնաբարեցին, խաչեցին ու ծաղկուն երկիրը համատարած աւերակոյտի, անապատի ու գերեզմանոցի վերածեցին:
Ու դեռ կը շարունակեն, դեռ չյագեցան, դեռ չքանդուած թաղամասեր կան, դեռ ապրող ժողովուրդ կայ, դեռ անոնց ալ պէտք է հասնին որ գոհանան եւ արդի պատմութեան ամենասեւ էջերէն մէկուն տակ դնեն իրենց ստորագրութիւնը ու գրենՙ «Եկանք, տեսանք, աւերեցինք»…
Սակայն, Կեսարին պէս պիտի ծափահարուի՞ն, իրենց համար յաղթանակի կամարներ պիտի կառուցուի՞ն, դափնեպսակներ պիտի դրուի՞ն իրենց գլուխներուն:
Ո՞ւր են այսօր Կեսարն ու իր ժողովուրդը. ո՞ւր մնացին իր գրաւած երկիրները: Ժամանակի փոշին ծածկեց, թաղեց զիրենք ու իրենցմէ մնաց միայն պատմութիւնը դասագիրքերու էջերուն: Ո՞ւր են այսօր Հռոմն ու Բիւզանդիոնը, Ասորեստանը, Խազարական խանքանութիւնը, Թաթար-սելճուքներն ու Օսմանեան կայսրութիւնը:
Կ՛ըսենՙ աշխարհի մէջ պատերազմ չէ եղած, որ չէ վերջացած, բայց չեն ըսեր ե՞րբ, քանի՞ տարի ետք, չեն ըսեր ի գին ինչի՛ եւ ինչերու՛:
Վեց տարին անցաւ, մտանք եօթներորդ տարին: Արդեօ՞ք 7 թիւը դեռ կը պահէ է իր հեքիաթային, կախարդական իմաստը…
Մենք ալ գիտենք, որ սուրիական պատերազմը անպայման վերջ պիտի գտնէ օր մը, որքան ալ երկար տեւէ, սակայն այդ բաղձալի օրը երբ հասնի եւ հաշուեյարդար կատարուի, արձանագրուի պատերազմի զոհերուն ճշգրիտ թիւը, քանդուած քաղաքներուն, գիւղերուն ու անոնց մէջի աւերուած շէնքերուն, հանրօգուտ կառոյցներուն, դպրոցներուն, հիւանդանոցներուն, մզկիթներուն, եկեղեցիներուն, գործարաններուն, աշխատատեղերուն… թիւը, հաշուեցուցակն ու պարտամուրհակը որո՞ւն պիտի ներկայացուի, փոխհատուցումը ո՞վ պիտի կատարէ, իսկ որ ամենէն կարեւորն էՙ յանցագործները ո՞վ պիտի պատժէ: