13 Ապրիլ 1975-ին կայծը կը տրուէր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին, որ կը տեւէր 15 տարի: Պաղեստինցի տասնեակ զինեալներ (Եասէր Արաֆաթի հիմնադրած ,Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեանե (ՊԱԿ) անդամներ) կը սպաննուէին քրիստոնայ ,Փաղանգաւորե կուսակցութեան զինեալներու կրակով: Հազարաւոր զոհերու պատճառ դարձած պատերազմին պատճառը, միայն պաղեստինեան զինուորական ներկայութիւնը չէր, այլ կային բազմապիսի պատճառներ, որոնք տարբեր առիթներով ,գլուխ ցցած էինե, առանց անոր ալ ,ներքին համերաշխութեանե հարց ունեցող Լիբանանի մէջ:Լիբանանի հիմնական հարցը, որ ցայսօր ալ կը շարունակէ մնալ ,աքթուալե համայնքային դրութեան հարցն է:Երկրի տարբեր քաղաքական հոսանքներուն բնորոշ է, որ անոնցմէ մէկն ու միւսը ունենան իրենց ,նախասիրութիւններեը եւ այդ հաշիւներով ներկայանան քաղաքական թատերաբեմ: Այդ բեմին վրայ ընթացող դէպքերը, մինչեւ 1990թուական,կը ներկայացուէինե արիւնալի տեսարաններով ու ատկէ ետք է, որ Լիբանանը իրենց միջեւ ,նամակատուփե դարձուցած շրջանային ուժերը կը դնէին ,խաղիե հիմնարար կանոններ, ուր կ՛արգիլուէր ցանկացած տարակարծութիւնը մեծ եւ համատարած բախումներու վերածելը: Մինչեւ սուրիական պատերազմին սկիզբը Լիբանանի մէջ կարեւոր ազդեցութեան ուժ ունէր Դամասկոսը, իսկ այսօրուան դրութեամբ այդ դերը նուազած է: Կան նոր ,հովանաւորներե, որոնք կոչուած են պահպանել երկրի ներքին կայունութիւնը եւ տարբեր միջոցներով ապահովել Լիբանանի ,ժողովրդավարական խաղեը: Մէկ կողմէ Թեհրանը եւ միւս կողմէ Սէուտական Արաբիան ստեղծած են բախման ,յատուկ կանոններե, որոնցմէ դուրս գալը ցանկացած կողմի համար կրնայ դառնալ ,մահացուե քայլ: Ու այս բոլորէն զատ ալ Ռուսաստանի դէպի Միջին Արեւելք ,նոր վերադարձեը ստեղծած է հաւասարկշռութիւններու ընդհանուր յարաբերակցութիւն մը:
Այս բոլորին առընթեր այսօր Լիբանանի մէջ կ՛ապրին շուրջ 70 հազար հայեր ու կան մոտաւորապէս 15 հազար սուրիահայ ,փախստականներե: Հակառակ տարբեր շրջաններու երեւացած ներքին լարումներուն լիբանանահայութիւնը այսօր կը ներկայանայ, որպէս բաւական կուռ համայնք, որ ունի իր առաջնահերթութիւնները եւ կը գործէ ընդհանուրի շահերէն բխող օրակարգով:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ունի 42 տարուան ,վաղեմութիւնե, բայց յստակօրէն կ՛ուրուագծուի, որ տարբեր ,հաւատարմութիւններե ունեցող կողմերը կրնան, որեւէ պահու վերստին իջնել ընդհանրումներու հրապարակ եւ լրատուական դաշտին, կամ քաղաքական առօրեային մէջ ընդգծուող տարակարծութիւնները վերածել իսկական բախումի:
Լիբանանի ներկայ փուլը երկրի կապոյտ ջուրերուն մէջ յայտնաբերուած ,սեւ ոսկիեի խնդիրն է, որուն ճիշդ շահագործումը կրնայ մեծ պարտքեր ունեցող պետական համակարգը փրկելու իրական միջոց մը դառնալ:
Կազի պաշարներու օրակարգէն զատ կայ նաեւ սուրիական պատերազմին խնդիրը, որ կրնայ անկանխատեսիլօրէն տարածուիլ եւ իր հրդեհներուն մէջ առնել Արեւելքի երբեմնի Փարիզ ՙ Պէյրութը: