Ապրիլ ամիսը հայերուս համար սովորաբար իրար հակասող երկու տօներու ամիս եղած է, երբ Ս. Յարութեան շարժական տօնը ընդհանրապէս Ապրիլ ամսուան մէջ կը նշուի, որուն կը յաջորդէ Ապրիլ 24-ի Ցեղասպանութեան անշարժ տարելիցը: Մին, հակառակ Քրիստոսի խաչելութեան հետ կապուած ըլլալուն, ուրախութեամբ կը դիմաւորուի, քանի Քրիստոսի մահուան յաջորդող հրաշափառ Յարութեան պանծալի իրադարձութիւնն է, որ աւելի կը շեշտուի, իսկ երկրորդին պարագային համընդհանուր ցաւն է, ոգեկոչելով եւ խոնարհելով նահատակներու յիշատակին առջեւ:
Ես յաճախ խօսած եմ աշակերտներուս այս երկու իրադարձութիւններուն միջեւ նմանութեան եզրի մը մասին: Անշուշտ առաջին հերթին անհասկնալի կը թուի առաջարկս, սակայն, երբ մեկնաբանութեան կ՛անցնիմ, կը հասկնան:
Կ՛ըսեմՙ ինչպէս որ Յիսուս չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ, հոգին աւանդեց խաչին վրայ, ապա յարութիւն առաւ, այդպէս ալ հայ ժողովուրդը միեւնոյն գողգոթայէն անցաւՙ չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ ու յարութիւն առաւ: Մէկ ու կէս միլիոն նահատակուեցան, սակայն, ահա այսօր մենք ալ յարութիւն առած ենք ու դեռ կապրինք. եւ ոչ միայն կ՛ապրինք, այլ համայն աշխարհի մէջ ստեղծագործող, յարգանք վայելող ներկայութիւն ենք:
Ներկայութիւն ենք Սփիւռքի մէջ մեր կրթական, բարեսիրական, կրօնական, մշակութային եւ այլ գործունէութեամբ: Ներկայութիւն ենք Հայաստանի մէջ, Արցախի մէջ, ամէն տեղ կը պայքարինք ձուլումի դէմ, կը պայքարինք յանուն մեր գոյատեւման, մեր հայկական ինքնութեան անաղարտ պահպանման… (Այս վերջիններուն կապակցութեամբ կը զգամ, որ կը չափազանցեմ, քանի ես իսկ կը կասկածիմ իմ ըսածներուս ճշգրտութեան վրայ):
Աշակերտներս կը լսեն (կ՛ենթադրեմ որ կը լսեն), քանի որ կը նային ինծի, թէեւ վստահ եմ, որ անոնք միտքով ուրիշ տեղ են, քանի որ մի քանի վայրկեան իսկ դժուար թէ հրաժարին իրենց ձեռքի հեռախօսներէն…
Այսպէս… դժուար դարձաւ աշակերտները ժամերով անշարժ, կապուած պահել դասատուին, որքան ալ հմուտ ըլլայ ան, որքան ալ կարեւոր ըլլան անոր ըսածները, քանի անիմաստ ճիգ է այդ բոլորը համեմատել ափի մը չափ գործիքի մը հմայնքին ու կախարդանքին հետ:
Ինչ որ է, վերադառնանք մեր նիւթին: Ուրեմն Զատիկ է, եւ ընդունուած է ըսել, թէ Զատիկը վերածնունդ է, նոր կեանքի սկիզբ. եւ ճիշդ ատոր համար ալ Զատկուան գլխաւոր դերակատարը հաւկիթն է, որ կեանքի սկզբնաւորութիւն կը խորհրդանշէ, սակայն խաշուելէն ետք այդ հանգամանքն ալ կը կորսնցնէ, ու թէեւ կարմիր ներկուելու է (Քրիստոսի արեան գոյնով), սակայն հիմա բազմագոյն է (անշուշտ հաւկիթը, ոչ Յիսուսի արիւնը): Հաւկիթն ու ճուտիկները (որոնք շուտ- շուտ կը սատկին) հասկնալի են որպէս խորհրդանիշ վերածնունդի, սակայն անոնց կողքին սա վազվզող նապաստակները ի՞նչ գործ ունին, մինչեւ հիմա չեմ հասկցած. ինչպէս որ չհասկցայ Պէյրութէն հասած լուսանկարներուն մէջի զարդարուն մոմերը Ծաղկազարդի առթիւ: Անշուշտ մոմերը ծաղիկներով զարդարելը հաշտ կ՛ընթանայ օրուան խորհուրդին հետ, սակայն այդ մոմերը ծանրաբեռնել տեսակ-տեսակ խաղալիքներով, պուպրիկներով, արջուկներով, օթոներով եւ օդանաւերով, գնդակներով եւ շաքար-շոքոլայով ու դեռ ինչերով…
«Պիզնես»… գործարարները ամէն ինչ կը շահագործեն յանուն սեփական շահի, մինչեւ իսկ Յիսուսը: Հապա ի՞նչ ըսել Աստուածը շահագործողներուն, որոնք հրդեհեցին ամբողջ Միջին Արեւելքը եւ ոչ միայն:
Յիսուսի երկրորդ գալուստը ե՞րբ է, աշխարհի ու մարդկութեան կործանումէն ե՞տք…
Մինչ այդ, բարի Զատիկ եւ շահաւէտ հաւկթախաղ (թեպէտ, հաւկթախաղը «տէմօտէ» դարձաւ, հիմա մարդիկ հաւկիթի փոխարէն իրար գլուխ կը կոտրեն…):