Պոլսոյ Ֆէրիգիւղի թաղամասի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ իր տուած պատգամէն ետք (անցեալ կիրակի օր) Պատրիարքական Տեղապահը կը մեկնէր Քէօլն: 15 Մարտին տեղապահ ընտրուած Գարեգին Սրբազանը Պոլսոյ մէջ կը յայտարարէր, որ «կարճ ժամանակ»ով մը Գերմանիա պիտի մեկնի իր առաջնորդական կարգ մը պայմանաւորուածութիւնները իրականացնելու համար: Սրբազանը աւելի ուշ Պոլիս յղուած նամակով մը, Տ. Սահակ սրբազանին կ”առաջարկէր փոխ տեղապահի պաշտօն կատարել: Այս բոլորի կողքին պոլսահայ կարգ մը շրջանակներ, որոշ անհանգստութիւն կ՛ապրէին այս «նեղ ժամանակ»ին մէջ Գարեգին սրբազանին քաղաքէն «կարճ ժամանակ»ով մը բացակայելուն համար:
Իր կարգին Արամ Աթէշեան, որ կը մերժէր հրաժարիլ իր պաշտօնեէն Գերմանիա կ՛առաքէր կուսակալութեան հետ հանդիպման ունենալու «դիմումնագիր»ին պատճէնը:
Իսկ վերջինը այս դիպաշարին, Տ. Սահակ սրբազանի հրապարակած «բաց նամակ»ն էր, ուղղուած ՙ Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածնին:
Սահակ սրբազան առանց բառերու ետին պահուըտելու կը խնդրէր Մայր Աթոռի ու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.ն Վեհափառ հայրապետի միջամտութիւնը:
Սրբազանը իր նամակին մէջ չէր մոռնար ըսելու, որ համայնքը կ՛ապրի «շփոթի եւ խառնակչութեան» մթնոլորտ մը:
Ի՞նչ հասկնալ այս բոլորէն ետք: Ու հիմա, որ խնդիրը մտած է փակուղի, ինչ միջոցներ պէտք է գործադրել, մեծ ցնցումներէ հեռու պահելու համար Պոլսոյ պատմական Աթոռը:
Մէկ բան յստակ է, որ Պոլսոյ մէջ եւս կը սպասեն Մայր Աթոռի արձագանքին, մանաւանդ որ տեղապահ ընտրելու ընդհանուր գործընթացին շուրջ համաձայնութիւնը եղած էր Ամենայն Հայոց Վեհափառի տեղին միջամտութեամբ եւ օրհնութեամբ:
Ոչ միայն պոլսահայութիւնը, այլ ամբողջ հայութեան հայացքները դարձեալ ուղղուած են դէպի Մայր Աթոռ ու շատ հաւանական է, որ յառաջիկայ օրերը այս առումով անկիւնադարձային ըլլան: