Անցնող տարիներուն Թուրքիոյ մէջ ապրող քիւրտերու թեմային մասին խօսելու ժամանակ տարբեր վերլուծողներ «քրտական գործօն» ձեւը կը գործածէին, նկատի ունենալով Թուրքիոյ քիւրտերը, գաւառի (Արեւմտահայաստանի) քիւրտերը, մեծ քաղաքներու քիւրտերը, Պոլսոյ քիւրտերը, տակաւին Քիւրտիստանի եւ Սուրիոյ քիւրտերն ու մանաւանդ Թուրքիոյ հետ սահմանակից շրջաններու իրաքեան «Քընտիլ» լեռնային հատուածի քիւրտերը:
Սուրիական պատերազմի օրագրութեան տարբեր էջերուն մէջ յաճախ խօսուեցաւ «քրտական երազ»ի մը մասին, որուն դէմ դնելու համար Անքարայի քաղաքական ընտրանին մեծ զիջումներ ընելով հասաւ Թեհրան եւ ապաՙ Ռուսաստան:
Ու այսօր ալ այդ ընդհանուր խմորումներու ծիրին մէջ Սուրիոյ քիւրտերը կը շարունակեն մնալ ամենաթեժ ճակատներուն վրայ զէնք բարձրացնող ներկայութիւն մը:
Քիւրտերը յաղթեցին Քոպաննիի (Արաբբունար-Այն Արապ) մէջ, բայց անոնց քաղաքական ծրագիրը, ինչ-ինչ հարուածներ ստանալէ ետք, տապալեցաւ: Անոնք «զինուորական դիմագիծ» ցոյց տուին Թալ Ապեատի, Հասաքէի ու Քամիշլիի մէջ, բայց չկրցան Սուրիոյ ճակատագրին համար քարտէզներ գծողները համոզել, որ հոնՙ իրենց ոտքի տակ եղող հողերուն վրայ «նոր Քիւրտիստան» մը պիտի հիմնեն:
Հալէպի արուարձաններուն մօտ կռուեցան Սուրիոյ իշխանութեան կողքին, ու Հասաքէի մէջ զէնք բարձրացուցին նոյն իշխանութեան ենթակայ պետեւի ջոկատներու դէմ:
Զարմանալի քիւրտերը:
Նոյն քիւրտերը, որ այսօր Պոլսոյ փողոցներուն մէջ կը պահանջեն իրենց ամէնէն լայիք կուսակցութեանՙ HDP բանտարկուած ղեկավարներուն ազատ արձակումը, ու նոյն քիւրտերը, որոնք մէկէ աւելի եւրոպական մայրաքաղաքներու մէջ թշնամական պաստառներ կը բարձրացնեն Էրտողանի դէմ:
Միջին Արեւելքի ամէն օր ծանրացող մթնոլորտին մէջ, արիւններու, աւերակներու եւ մոխիրի տակէն դարձեալ քիւրտերն են, որ տարբեր օղակներու, տարբեր կշիռներու, տարբեր հաշիւներու հիմնական «օջախ»ը կը դառնան:
Անոնք դադրած են գործօն ըլլալէ ու վերածուած են օջախի:
Այդ օջախին երկու կողմերը ոսկիով պատուած ունելիներով կարմիր ածուխներ հաւաքելու կոչուած ուժերը հերթական անգամ իրենց ուզածին պէս կը ձեւեն սեղանին վրայ եղած «կարմիր սաւան»ը:
Իրաքի մէջ կը կռուին Տահէշին դէմ եւ Թուրքիոյ մէջ կը կռուին յանուն իրենց հին երազին: Տակաւին չեմ խօսիր Ռաքքայի մասին, որուն ազատագրման մասին փողեր կը հնչեցնեն եւ կը վստահեցնեն, որ պիտի գան ազատագրելու իրենց եղբայրներն ու քոյրերը:
Այս աւազանին մէջ բաւական զարմանալի, բաւական անհասկնալի շահերու մեծ բախումներուն մէջ յայտնուած մեր հարեւանները այսօր մտած են կարեւոր փուլ մը, որուն փակուղիին ծայրը մինչեւ այս պահը լոյս չ՛երեւիր: Հայրենիք մը ունենալու եւ իրենց ապրած հողերուն տէրը դառնալու համար տարուած այս պայքարը տակաւին երկար ճանապարհ պիտի կտրէ, ու չէ բացառուած, որ անոնքՙ քիւրտերը, տարբեր ճակատներու վրայ հերթական զոհը դառնան:
Չէ բացառուած այդ մէկը, բայց չմոռնանք, որ անոնք պատրաստ են կռուելու: Ի վերջոյ նոյն քիւրտերը պաղեստինցի բանաստեղծ Մահմուտ Տերվիշի ըսած խօսքովՙ «Քիւրտերը հովին նման» («Ալ քուրտի հուա մըսլ ալ ռիհ») չեն, այլ անցած են նոր փուլի մը, սակայն տխուր է, որ անոնց մարմնի անդամները հատուած են, բայց թեւերն ու ոտքերը տարբեր ուղղութեամբ կը շարունակեն իրենց մաքառումը: