ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 89-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ԿԱՅԱՑԱՒ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ 27-29 Հոկտեմբեր 2016-ին
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄՙ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՎ ՀԱՅ ԱԶԳԻ ՀԱՄԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ԲԱՐԻՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ԳՈՐԾԵԼՈՒ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՄԲ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան 89-րդ Ընդհանուր ժողովը կայացաւ Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք քաղաքին մէջ, 27-30 հոկտեմբերին: Ընդհանուր այս ժողովին եւ անոր յարակից ձեռնարկներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմահարիւր անդամներ, միութեան Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու, Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի մասնաճիւղերէն, պատգամաւորներ, ղեկավարութիւն, բարերարներ, նուիրատուներ եւ բարեկամներ: Անոնց շարքին նկատառելի էր մեծ թիւով արհեստավարժ երիտասարդներու, միջազգային ճանաչումի տիրացած աստղերու եւ Հայաստանի զարգացման ի նպաստ խարսխային ծրագիրներ իրագործող գործարարներու ներկայութիւնը, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին խորհրդակցութեանց եւ հեռանկարային քննարկումներուն:
«Համընդհանուր Հայ Ազգ» բնաբանը, որ հիմքը կը կազմէր Ընդհանուր ժողովին եւ անոր յարակից խորհրդակցական հանդիպումներուն ու ծրագրային քննարկումներուն, իր մէջ կը խտացնէ Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք, Հայ եկեղեցի, մէկ համընդհանուր ազգ հասկացողութիւնը: Նաեւ հայութեան համաշխարհայնական դիրքը եւ կշիռը, որոնք մեծ ներուժ կը կազմեն: Միութեան առաջադրանքն է համախումբ ճիգերով այդ կարողութիւնները արդիւնաւորութեամբ օգտագործել ի նպաստ հայ ազգի եւ հայրենիքի զարգացման եւ բարգաւաճումին, որ բնականաբար կը յանգի նաեւ ազգային ինքնութեան ուժեղացումին: Այս առթիւ կազմակերպուած նախաձեռնութիւնները նպատակ ունէին գնահատել իրենց անհատական իրագործումներով հայութեան համաշխարհային վարկը բարձրացնող ահատներ, յատկապէս անոնց օրինակով խանդավառելու եւ գործի մղելու համար երիտասարդ սերունդը: Անոնք նաեւ կը ջնջէին հայրենիք, Արցախ, սփիւռք սահմանագծումները, Մէկ Համընդհանուր Ազգ գաղափարաբանութեամբ:
Հանգրուանային կարեւորութիւն ներկայացնող 89-րդ այս Ընդհանուր ժողովը նաեւ յատուկ փայլ ստացաւ, անոր զուգահեռ, ՀԲԸՄ-ի հիմնադրութեան 110-րդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած փառաշուք ձեռնարկներով: Ուրբաթ 27 հոկտեմբերի երեկոյեան «Հոգիս» գեղարուեստական փայլուն համոյթով, Նորքի հայորդեայց տան պատանիներու եւ Թումոյի երիտասարդներու մասնակցութեամբ, 70 հոգինոց խումբով մը, Նիւ Եորքի «Սիթի Սենթր» սրահին մէջ, ղեկավարութեամբ Փաթրիք Մալաքեանի, իսկ շաբաթ 29 հոկտեմբերի երեկոյեան կալա-շքահանդէսով, Մենհեթընի կեդրոնը գտնուող «Ճէզ էթ Լինքըլն Սենթըր» գեղատեսիլ դահլիճին մէջ:
ՀԲԸՄ-ի 89-րդ Ընդհանուր ժողովը
Ընդհանուր ժողովը կայացաւ Նիւ Եորքի «Հարվըրտ Գլապ»ի սրահին մէջ: Նախքան ատենական ընթացիկ գործընթացը, նախագահ Պերճ Սեդրակեան իր բացման եւ բարեգալուստի խօսքին մէջ ամփոփեց նախորդ երկու օրերուն տեղի ունեցած հանդիպումներու ընթացքին կատարուած քննարկումներու ոգին եւ հեռանկարային բնոյթը, միութեան ազգային ռազմավարութենէն բխող նպատակային կողմնորոշումներով: Ան մատնանշեց միութեան գործունէութեան ընդարձակուող ծիրը, համընդհանուր կարիքներու հասնելու անհրաժեշտութիւնը եւ համապատասխան նիւթական միջոցներ ապահովելու հրամայականը, կոչ ուղղելով միութեան շրջանակներուն իրենց տեղական համայնքային գործունէութիւններուն մէջ նիւթապէս ինքնաբաւ ըլլալ եւ իրենց ծրագիրները վերամշակել համամիութենական հասկացողութեամբ, նախապատուութիւն տալով ազգային ընդհանրական նպատակներու եւ հայրենիքի զարգացման ուղղուած ծրագիրներու:
Ժողովը ապա վաւերացուց միութեան երկամեայ գործունէութիւններու եւ նիւթական իրավիճակի տեղեկագիրները, որմէ ետք տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարչական ժողովի իրենց ժամանակաշրջանը աւարտած անդամներու վերընտրութիւնը եւ նոր անդամներու ընտրութիւնը: Կեդրոնական վարչութեան միացան երկու նոր անդամներ, յանձինս Էրիք Իսրայէլեանի եւ Արմէն Սարգիսեանի:
Ընթերցուեցան Ժողովի բանաձեւումները, որոնք վերահաստատեցին Միութեան յանձնառութիւնը, գործելու ի նպաստ Հայաստանի զարգացման, անոր սերտ գործակցութիւնը եւ աջակցութիւնը Հայ եկեղեցիին եւ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածնին, նաեւ գնահատնքը եւ երախտագիտութիւնը հանդէպ իր նուիրատուներուն եւ անդամակցութեան:
Կեդրոնական վարչական ժողովի նորընտիր անդամներէն Էրիք Իսրայէլեան փոխղեկավարն է Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըսի համալսարանի Տէյվիտ ՄքԿէֆըն Բժշկագիտական դպրոցի մարսողական հիւանդութեանց մասնագիտութեան բաժնին եւ ատենապետը Լինսի հիմնարկի ստամոքսային եւ ներքին հիւանդութեանց դարմանական բաժանմունքին: Իսրայէլեան ծանօթ է նաեւ որպէս ֆիլմարտադրիչ եւ համա-ղեկավարը «Survival Pictures» ընկերութեան, որուն միջոցաւ իրկանացաւ Հայոց ցեղասպանութեան անդրադարձող «The Promise» («Խոստումը») շարժանկարը: Արմէն Սարգիսեան հիմնադիր նախագահն է Լոնտոնի Eurasia House International միջազգային կազմակերպութեան, որ խորհրդատուական եւ կազմակերպչական աջակցութիւն կ՛ընձեռէ ճարտարարուեստական, քաղաքական եւ բարձրագոյն կրթութեան զարգացման ծրագիրներու եւ համագործակցական նախաձեռնութիւններու, Լոնտոնի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ մէջ: Ան վարած է Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը 1996-1997 եւ հիմնադիրն է Արեւմուտքի մէջ առաջին հայկական դեսպանատան Լոնտոնի մէջ, 1991-ին: Ան մէկէ աւելի անգամներ վարած է Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնը:
Ընդհանուր ժողովի երկրորդ նիստին ներկայ գտնուեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, ՄԱԿ-ի Հայաստանի Դեսպան Զօհրապ Մնացականեան, Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան, Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու առաջնորդներՙ Խաժակ արք. Պարսամեան եւ Յովնան արք. Տէրտէրեան:
Ընդհնաուր ժողովին ուղղուած իր պատգամին մէջ նախագահ Պերճ Սեդրակեան ոգեկոչեց Միութեան 110 տարիներու յաղթական իրագործումները եւ պարզեց միացեալ ուժերով իրագործելի զօրեղ ապագայի իր տեսլականը: Ան ըսաւ, թէ այսօր, ՀԲԸՄ-ը պատրաստ է կրկին անգամ վստահութեամբ ընդառաջելու համընդհանուր հայ ազգի կարիքներուն, երբ, աւելի քան երբեք, հայութիւնը կը դիմագրաւէ իրեն ներկայացող աննախընթաց պատեհութիւններ եւ, միաժամանակ, իր դէմ ցցուող լրջագոյն սպառնալիքներ: Հայաստանի տնտեսական խոցելի իրադրութեան, տարածաշրջանային քաղաքական տիրող պայմաններուն եւ սփիւռքի ընդհանրապէս անհաղորդ վերաբերումին դիմաց, մենք չենք կրնար ձեռնածալ մնալ: Կարելի չէ Հայաստանը եւ սփիւռքը տեսնել իրարմէ անկախ: Կենսունակ հայրենիք եւ ներգրաւուած գործունեայ սփիւռք, էապէս իրարմէ կախեալ, մէկ անքակտելի ամբողջութիւն կը կազմեն: Այս իրականութիւններու լոյսին տակ, անհրաժեշտ է որ ՀԲԸՄ-ը վերաքննէ իր նախապատուութիւնները, որոշելու համար, թէ ուր պէտք է կեդրոնացնէ իր ճիգերը եւ կարելիութիւնները: Ան նաեւ պէտք է յստակացնէ, թէ ինչպէս պիտի գնահատէ իր դերի եւ գործունէութեան արդիւնաւորութիւնը, ի շահ հայ ազգի բարգաւաճման:
Նախագահը նաեւ շեշտեց, թէ անհրաժեշտ է, որ ազգային այս նոր ռազմավարութեան ծիրէն ներս, ՀԲԸՄ-ը որպէս միաւորող եւ համակարգող կազմակերպութիւն, գործակցական կապեր մշակէ այլ կազմակերպութիւններու եւ հիմնարկնրու հետ, զօրացնելով իր գործօն անդամներու ցանցը, ամրապնդելով իր մարդուժը եւ ընդլայնելով իր կարելիութիւնները: Այս ուղղութեամբ ան պէտք է խորացնէ իր սերտակցութիւնը Հայ եկեղեցիին հետ, գործակցական կապեր ստեղծէ ներազգային կազմակերութիւններու հետ: Միջազգային գետնի վրայ նոյնպէս կարեւոր է, որ Միութիւնը բազմակողմանի գործակցութիւններ զարգացնէ, ստեղծելու համար հաւասարակշռուած համակարգ մը, որ կրնայ ապահովել իր հեռահաս նպատակներու իրագործումը, ի շահ հայ ինքնութեան խթանումին եւ ազգի բարգաւաճումին: Նախագահը շեշտեց իւրաքանչիւր հայու պարագային համաշխարհայնական ոգիով գործելու անհրաժեշտութիւնը, որ անհատական նեղ ձգտումներէ անդինՙ համընդհանուր ազգի պատկանելութեան գիտակցութեամբ եւ անոր ի նպաստ գործելու եւ անով զօրաւոր զգալու կը մղէ մեզ, հարստացնելով ազգային մեր ինքնութիւնը:
Իր պատգամէն ետք, նախագահ Պերճ Սեդրակեան գնահատական յուշաքանդակներ յանձնեց Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամակցութեան շրջանը աւարտած անդամներ Գարոլ Ասլանեանին, Ժոզէֆ Պասրալեանին եւ Մայքըլ Անսուրին: Միութեան Սան Փաուլոյի մասնաճիւղի ատենապետՙ Հելիօ Պալուքեանին եւ «Քեմփ Նուպար»ի նուիրեալ գործիչներ Պերի եւ Անտրէա (հանգուցեալ) Հալաճեաններուն: Ինչպէս նաեւ միութեան նուիրեալ ծառայութիւն մատուցած պաշտօնեաներ Գէորգ Սանթուրեանի եւ Վահէ Քիլճեանի:
Ընդհանուր ժողովը աւարտեցաւ Վեհափառ հօր պատգամով եւ օրհնութեան խօսքով, զոր ընթերցեց Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան: Իր խօսքին մէջ Վեհափառը ուրախութիւն յայտնեց գնահատանքի խօսքով ՀԲԸՄ-ի ազգանուէր գործունէութիւնը կրկին անգամ դրուատելու առիթին համար: Ան նշեց, թէ Միութեան աւելի քան մէկ դարու գործունէութիւնը բարեզարդուած է ազգաշահ եւ եկեղեցանուէր արգասալի իրագործումներով: Ան ըսաւ, թէ Միութեան հիմնադիր Պօղոս Նուպար փաշայի եւ երախտարժան անդամներու նուիրումով ու ջանքերով զօրացած այս կազմակերպութիւնը իր բարեգործութիւնները սփռած է ընդհանուր հայ ազգի կեանքին մէջ եւ այսօր հաւատարիմ իր կոչումինՙ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, 110-ամեայ վաստակով: Ան աւելցուց, թէ Բարեգործականը միշտ եղած է ազգային կեանքի հրամայականներու կեդրոնը, ընդառաջած է ժամանակի պահանջներուն, աշխարհի տարածքին հաստատուած իր կառոյցներուն միջոցաւ սատար հանդիսանալով մեր ժողովուրդին, ծառայելով հայ ժողովուրդի համախմբան, նուիրուելով սերունդներու դաստիարակութեան եւ ծառայելով ազգային եւ եկեղեցական կեանքի շենացման: Ան ընդգծեց, թէ Բարեգործականը միշտ եղած է Մայր հայրենիքի կողքին, սատարած է եկեղեցւոյ միութեան վերահաստատման ուղղուած Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ջանքերուն եւ զօրավիգ եղած է ու նպաստած անոր առաքելութեան արգասաւորման: Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառը գնահատեց նախագահ Պերճ Սեդրակեանի ազգին մատուցած աստուածահաճոյ ծառայութիւնները եւ Ս. Էջմիածնի պայծառութեան բերած բացառիկ աւանդը, անոր եւ տիկին Վերա Սեդրակեանին նուիրելով «Ասպետ Ս. Աջմիածնի» տիտղոս եւ հայրապետական շքանշան:
Այս առթիւ Ընդհանուր ժողովին յղած իր շնորհաւորագրին մէջ, Սփիւռքի նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեան կը նշէրՙ «…Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան 22,000 անդամներունՙ որոնց ջանքերուն, անմնացորդ նուիրումին, անտրտում ու լուռ աշխատանքին, ինքնայրումին շնորհիւ կը գործեն, կը զարգանան եւ կը հզօրանան ՀԲԸՄ-ի հովանիին տակ գործող աշխարհասփիւռ կառոյցները … Այսօր ձեր լայնածաւալ ծրագիրները կեանքի կոչելով դուք կը վերահաստատէք ձեր հաւատարմութիւնը ՀԲԸՄ-ի առաքելութեան, նեցուկ ըլլալով հայուն ու Հայրենիքին … Իրապէս, դուք փայլուն կերպով կ՛իրագործէք ձեր կառոյցին առջեւ դրուած խնդիրներըՙ հայկական պետականութեան կերտման մարտահարաւէրներու եւ հայութեան միջազգային դիրքերու ամրապնդման ուղղութեամբ …Մեծարգո՛յ պարոն Սեդրակեան, դուք ՀԲԸՄ-ը դարձուցած էք ազգային արժէք, եւ վստահ եմ, որ դուք կը շարունակէք «յաւերժի ճամբորդ»ի անոր առաքելութիւնը:»
Ընդհանուր ժողովի յարակից ձեռնարկներ
Հինգշաբթի 27 հոկտեմբերին, Միութեան ընդհանուր ժողովի յարակից գործունէութիւններու շարքը սկսաւ միութեան Նիւ Եորքի կեդրոնէն ներս, ամբողջ օրուան ընթացքին տեղի ունեցած պատգամաւորներու հանդիպումներով: Կեդրոնական վարչութեան անդամներ եւ պաշտօնէութիւնը ծանօթութիւններ փոխանցեցին ներկաներուն, Միութեան տարբեր գործունէութիւններու բնոյթին եւ նպատակներուն մասին: Տեղի ունեցան յատուկ խորհրդակցական հանդիպումներ, ընդհանուր հաղորդակցութեան եւ լայն շրջանակները իրազեկ պահելու խնդիրներուն շուրջ, զօրացնելու համար միութեան աշխարհատարած կառոյցներու կապերը իրարու հետ: Օրուան աւարտին, Երիտասարդ արհեստավարժներու խումբերը նոյնպէս հանդիպեցան, սերտելու համար հետագայ գործունէութիւններու կարելիութիւններ, իրենց շրջանակները աշխուժացնելու ձգտումով:
Ուրբաթ 28 հոկտեմբերին, Նիւ Եորքի «Harold Pratt House»ի մէջ տեղի ունեցան աշխոյժ քննարկումներ, որոնք կեդրոնացան ՀԲԸՄ-ի գործունէութիւններու ծիրի ընդարձակման շուրջ: Համաշխարհայնական (global) հասկացողութեամբ գործելով Միութիւնը յառաջ մղելու նիւթին մասին խօսք առաւ Կեդրոնական վարչական Ժողովի անդամ Նուպար Աֆէեան: Համաշխարհայնական հասկացողութիւնը, որով ՀԲԸՄիութիւնը կը վերահաստատէ Ընդհանուր միութեան հիմնական տեսլականը եւ առաքելութեան բնոյթը, կը մեկնի այն իրականութենէն, որ այսօր իւրաքանչիւր հայ, իր կարելիութիւններով, ձեռք բերած յաջողութիւններով, իրագործումներով, իր անձին եւ հայկականութեան սահմաններէն անդին, ընդհանրական կշիռ կը ներկայացնէ: Միութիւնը կրնայ իբր հարթակ ծառայել, համադրելու եւ հունաւորելու համար այդ ուժականութիւնը: Անհրաժեշտ է, որ ազգային այս նոր ռազմավարութեան ծիրէն ներս, ՀԲԸՄ-ը որպէս միաւորող եւ համակարգող կազմակերպութիւն, գործակցական կապեր մշակէ այլ կազմակերպութիւններու եւ հիմնարկնրու հետ, զօրացնելով իր գործօն անդամներու ցանցը, ամրապնդելով իր մարդուժը եւ ընդլայնելով իր նիւթական կարելիութիւնները, ապահովելու համար հայ ազգի կայուն ապագան:
Առանձին խումբեր օրուան ընթացքին քննարկեցին միութեան հիմնական գործունէութիւնները, առաջադրելով գաղափարներ, որոնք օգտակար պիտի ըլլան մշակութային, ազգային ինքնութեան, կրթութեան եւ մարդասիրական ծառայութիւններու մարզերուն մէջ հետագայ ծրագիրներու մշակումին: Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ Արտա Յարութիւնեան ամփոփեց առանձին խումբերու հանդիպումներուն արդիւնքները: Սեդա Նազարեան շահեկան ելոյթ մը ունեցաւ միութեան նիւթական կարելիութիւններու ընդլայնումի կարեւորութեան եւ անոր սատարող միջոցառումնրուն մասին: Ան ներկաները ներշնչեց իր անձնական փորձառութենէն բխող օրինակներով եւ մատնանշեց բարերարութեան միջոցաւ կազմակերպութեան եւ անոր անդամակցութեան եւ համակիրներու լայն ցանցին առնչուելու հոգեկան բաւարարութիւնը:
Օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ կլոր սեղանի քննարկում մը, Հայաստանի մէջ մարդկային իրաւանց նիւթին շուրջ: Զրոյցը վարեց արհեստավարժ լրագրող Լարա Սեդրակեան, որ հիմնադիրն է News Deeply լրատուական ծրագրին: ձեռնարկը կազմակերպուած էր մարդկային իրաւանց հսկող Human Rights Watch կազմակերպութեան մասնակցութեամբ: Զեկուցաբերները խօսեցան Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող մարդկային իրաւանց խնդիրներու շուրջ, ծանրանալով տունէն ներս բրտութեան արարքներու, կանանց իրաւունքներու, առողջապահական տարրական ծառայութիւններու եւ ընկերային-տնտեսական արդարութեան ապահովումի նիւթերուն շուրջ: Զրոյցին մասնակցեցան Կիորկի Կոկիա, Մարդկային իրաւանց Հարաւային Կովկասի տնօրէն, Շիլա Փայլան, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Միջազգային ոճրադատ ատեանի պաշտօնատար, եւ համբաւաւոր երգիչ, յօրինող Սերժ Թանքեան:
«ՀՈԳԻՍ» գեղարուեստական ելոյթ
Ուրբաթ երեկոյեան, Նիւ Եորքի «Սիթի Սենթըր» սրահին մէջ, գեղարուեստական աննախընթաց եւ անդրանիկ համոյթով հանդէս եկան Նորքի Հայորդեաց տան եւ Թումո ստեղծագործ ճարտարարուեստներու կեդրոնի 70 պատանիներ, ներկայացնելով իրենց տաղանդը, երաժշտական, պարային, կրկէսային եւ ճարտարագիտական մարզերու մէջ: Համոյթը, որուն ղեկավարն էր Փաթրիք Մալաքեան, խորհրդանշական գեղեցիկ կատարումներով պատկերացուց հայ ժողովուրդի պատմութեան հոլովոյթը, դրսեւորելով հայրենիք-սփիւռք շաղկապումի ուժականութիւնը: ձեռնարկին ներկայ էին Նիւ Եորքի եւ շրջակայքի հայ համայնքէն հոծ բազմութիւն մը, աւելի քան 1200 հոգի:
Հ.Բ.Ը.Մ.ի 110-ամեակի Կալա շքահանդէս
Շաբաթ երեկոյի շքահանդէսը տեղի ունեցաւ «Ճէզ էթ Լինքոլն Սենթըր» սրահէն ներս, 500 հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ: Իրարայաջորդ պաստառներու շարունակական հոսքով եւ հանդիսավարներ Քիմ Պարտագեանի, Անի Մանուկեանի եւ Սարգիս Ճեպեճեանի կողմէ պարբերական ելոյթներով ներկաները ծանօթացան ու խանդավառուեցան Միութեան պատմութեամբ, անցեալի իրագործումներով եւ ապագային ուղղուած յուսալի փայլուն հեռանկարներով, յանձնառու գործարար երիտասարդութեան մասնակցութեամբ: Այս առթիւ մեծարուեցան եւ գնահատուեցան իրենց յաջողութիւններով հայութեան վարկը բարձրացնող եւ անոր ճանաչումին սատարող անձեր: Ամերիկեան Ճեզ երաժշտութեան յայտնի եւ մեծագոյն արտադրիչներէն Ճորճ Աւագեան, արուեստագէտ եւ արծաթեղէններու նախագծող Մայքըլ Արամ, գործարար Նիկոլ Գուլաճեան եւ ՄԱԿ-ի Միջազգային Ոճրադատ ատեանի պաշտօնատար, մարդկային իրաւանց իրաւապաշտպան Շիլա Փայլան:
Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի անձը, Միութեան հանդէպ իր ամբողջական նուիրումը, 40 տարիներ Կեդրոնական վարչական ժողովի իր ծառայութիւնը եւ 14 տարիներու անխոնջ նախագահութեան շրջանը բնորոշող հաճելի անակնկալ մըն էր տեսաերիզը, որ կը համադրէր իր հարազատներու եւ իրեն աշխատակից Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամներու մտերիմ վկայութիւնները: Տեսաերիզին առընթեր, վարչականներ բժ. Լեւոն Նազարեան եւ Երուանդ Տեմիրճեան, իրենց սրամիտ ակնարկութիւններով համեմեցին ելոյթը:
Այս առթիւ իր վկայութեան մէջ Արտա Նազարեան ընդգծեց, թէ Պերճ Սեդրական հաւանաբար հայ ազգը իր համընդհանուր էութեամբ, Հայրենիք, սփիւռք եւ Հայ եկեղեցի որպէս մէկ ամբողջութիւն ընկալելու գաղափարախօսութեան ամենաիրատես, արդիւնաւէտ եւ զօրաւոր ջատագովը կը հանդիսանայ: Իր նախագահութեան շրջանին ան յաջողեցաւ վերարծարծել ՀԲԸՄիութեան առաքելութեան հիմնական գաղափարաբանութիւնը, որ կը ձգտի հայութեան հզօրացումին, համաշխարհայնական տեսլականով:
Այս տեսլականը եւ անկէ բխող գաղափարախօսութիւնն էր, որ իբր խորքային միտք, ուղղութիւն տուաւ եւ դրսեւորուեցաւ Միութեան 89-րդ Ընդհանուր ժողովին եւ աշխատանքային հանդիպումներուն ու անոնց առընթեր 110-ամեակի տօնախմբութիւններու գեղարուեստական թէ ընկերային ձեռնարկներուն ընթացքին:
ՀԲԸՄ-ի Ընդհանուր ժողովին եւ 110-ամեակի ձեռնարկներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հաճեցէք այցելել Միութեան կայքէջըՙ www.agbu.org կամ http://agbu.org/110:
Հիմնուած 1906-ին, ՀԲԸՄ-ը (www.agbu.org), աշխարհի մեծագոյն ոչ-շահամէտ հայկական կազմակերպութիւնն է: Միութեան կեդրոնը կը գտնուի Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: ՀԲԸՄ-ը կը սատարէ հայեցի ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանումին եւ մշակումինՙ կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագիրներով: Միութեան գործունէութիւնները կ՛ընդգրկեն տարեկան աւելի քան 500,000 հայեր, աշխարհի ամբողջ տարածքին:
Նկար 1. Պերճ եւ Վերա Սեդրակեաններ, Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններու հետ, Հ.Բ.Ը.Մ.ի 110-ամեակի Կալայի երեկոյթին։