Կիներուն դերը Հայոց պատմութեան մէջ, անառարկելիօրէն կենսական եղած է. արքունիքէն մինչեւ տաճարները, մինչեւ ժողովրդական խաւերը, պետական կառոյցներէն, մինչեւ հասարակական կազմակերպութիւններն ու ընտանիքներուն մէջ, անոնք ներկայ եղած են իրենց ղեկավարելու ունակութեամբ, իրենց ստեղծագործական միտքով, տնտեսելու իրենց ուշիմութեամբ, եւ ազգը կանգուն մնացած է անոնց անսակարկելի զոհողութիւններուն շնոտհիւ:
Այսօր ալ նոյնն է պարագան: Տղամարդիկը թող չ՛այլայլին, ոչ ալ վերեւի աւագանին թող քմծիծաղ տայ, պարզ այն պատճառով, որ այսօր եթէ յանկարծ,- Աստուած մի արասցէ,- կիները չքանան, կամ գործադուլ յայտարարեն, ամբողջ երկիրը կը սառի, կը քարանայ, կ՛ամլանայ, կ՛ամայանայ…
Հայաստանի մէջ, անջատ Ազգային Ժողովէն եւ Նախարարաց խորհուրդէն (որոնց մենատիրութիւնը տղամարդոց ձեռքն է), բոլոր պետական հաստատութիւններուն ու հանրային ծառայութեանց հիմնարկներուն պաշտօնէութեանց չախչախիչ մեծամասնութիւնը կիները կը կազմեն. նոյնն են բոլոր դպրոցները, գործարանները, վաճառատուներն ու խանութները:
Երկրին բազկերակը առողջ կը տրոփէ, քանի կիները կը հսկեն անոր վրայ: Երկրին ընկերա-տնտեսական վիճակը անկումէ փրկողները դարձեալ իրենք են: Ես Հայաստանի կիներուն չափ աշխատասէր կանանց չեմ հանդիպած ուրիշ երկիրներու մէջ: Մէյ մը այցելեցէք բակերը ու պիտի տեսնէք թէ ինչպէս կանայք գորգ ու կարպետ կը լուան, կամ անկողին-վերմակներու բուրդերը դուրս բերած, կը լուան, կը չորցնեն, կը գզեն, մինչ անդին, ծածկի մը տակ հաւաքուած տղամարդիկ նարտի, տամա ու ճատրակ կը խաղան եւ մէկ-մէկ ալ հրահանգներ կ՛արձակեն իրենց կիներուն, սա կամ նա պահանջելով:
Խեղճ կիներ… Երեւի այսպէս կը պատահի, երբ կանանց թիւը մեծապէս կը գերազանցէ տղամարդոց թիւին, երբ տղամարդիկ երկրէն հեռացած, աշխատանք գտնելու համար երկրորդ անհայրենիք Հայաստան մը ստեղծած են Ռուսիոյ մէջ: Երկու միլիոն ռուսահայը արհամարհելի թիւ չէ, սակայն քանի անոնք իրենք զիրենք Սփիւռք չեն նկատեր,- ինչպէս կը հաստատեն շատեր,- ապա ուրեմն այդ համայնքի ապագան շատ ալ յուսալի չէ ու կամաց-կամաց անոնց ռուսանալն ալ հեռու չէ:
Անոնցմէ շատեր այստեղ կին ու զաւակներ ձգած, գացած են հոն նոր ընտանիքներ կազմած են… Գիտէ՞ք որքան անամուսին կիներ կան այսօր Հայաստանի մէջ: Գիտէ՞ք որքան ամուսնանալու թեկնածու աղջիկներ կան Հայաստանի մէջ, որոնք ձեռքերնին խնդրող մը կը սպասեն:
Կը դիտեմ շարան-շարան անցնող երթուղայիններուն ու փոխադրակառքերուն մէջ թխմուած աղջիկներն ու կիները, բոլորն ալ վայելչակազմ, գեղանի, արդուզարդով, հագ ու կապով… աշխատանքի կը փութան, տուն պիտի պահեն, երկրին արիւնատար երակները աշխատունակ պիտի պահեն… երկի՛ր պիտի պահեն:
Հայրենական մեծ պատերազմին Հայաստանը պատուհասուեցաւ, երբ քառորդ միլիոնէ աւելի երիտասարդ զոհ տուինք, ակամայ կիները բռնեցին անոնց տեղը ու երկիրը վերականգնեցին: Այսօր ա՛յլ պատուհաս մը կը լափէ մեր երիտասարդութիւնը եւ դարձեալ կիներն են, որ երկիրը ոտքի կը կանգնեցնեն: Բայց… Որքանո՞վ կ՛արժեւորուին անոնք, երբ անոնց ճակատագիրը կախուած է մնացեալ տղամարդոցմէ. անո՛նք է որ կը ծրագրեն, անոնք է որ կը հրահանգեն, անոնք է որ կը փառաւորուին եւ տարուայ ընթացքին աջ ու ցախ շռայլուած մետալներն ալ, չնչին բացառութեամբ, իրենց կուրծքերէն կը կախուին:
Ո՞վ արդարութիւն պիտի ընէ մեր կանանց: