Լիբանանի արդի պատմութեան մէջ զօրավար Միշէլ Աունՙ զօրավարներ Ֆուատ Շեհապէն, Էմիլ Լահուտէն եւ Միշէլ Սուլայմանէն ետք չորրորդ նախագահն է, որ կը նստի երկրի գլխաւոր աթոռին:
Նորընտիր նախագահ Աունի կենսագրութեան ծանօթ որեւէ վերլուծող քաջ գիտէ, որ Լիբանանէն 1990-ին աքսորուած եւ ապա որպէս «յաղթող» 2005-ին Պէյրութ վերադարձած «Նարնջագոյն զօրավար»ը իր քաղաքական կենսագրութեան օրակարգի գլխաւոր կէտը դարձուցած էր հասնիլ Պաապտայի նախագահական պալատ:
Իր արեւելումներուն մէջ անսպասելի փոփոխամտութեամբ հռչակուած եւ ատենին Սուրիոյ նախագահ Հաֆէզ Ասատին դէմ «սուր ճօճած» գործիչը Լիբանանի պատմութեան այս հանգրուանին կը ներկայանայ բոլորովին նորՙ «Աուն բոլորին հայրը» լոզունգով:
Լիբանանի 13 -րդ նախագահը լաւ ըմբռնելէ ետք շրջանին մէջ կատարուող փոփոխութիւնները եւ շեշտակի թեքում հանդես բերելով դէպի Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնՙ այսօր «յաղթական դիրք»ի մը տարաւ «8 Մարտ»ի քաղաքական ուժերն ու յատկապէս «Հըզպոլլահ» կուսակցութիւնը:
Փաստօրէն Միշել Աուն նախագահական աթոռը ստացավ իրանեան նեցուկով, այսօր սակայն ան կանգնած է կարեւոր փորձաքարի մը դիմաց:
Այս առումով պէտք է շեշտադրել, որ Աունի նախագահ դառնալու պայքարին մէջ Ուաշինկթըն ոչ միայն դրական դեր մը չունեցաւ, այլեւ իրեն մօտիկ կողմերուն «թելադրեց» հեռու մնալ Աունին նեցուկ կանգնելէ:
Ճիշդ է, որ ընտրական գործընթացին առընթեր ամերիկեան վեթօ չկար, բայց յստակ էր նաեւ, որ երկրի քաղաքական օրակարգին վրայ ազդեցութիւն ունեցող եւ Մ. Նահանգներուն մօտիկ համարուող թեւը եւ Սէուտական Արաբիան ոչ միայն չանսացին ամերիկեան յորդորներուն, այլեւ սիւննի գլխաւոր առաջնորդ Սաատ Հարիրիի օգնութեամբ Աունը հասցուցին նախագահական աթոռ:
Ինչպէս վերը նշուեցաւ, այժմ Աուն որպէս քրիստոնեայ առաջնորդ ու նաեւ բոլոր լիբանանցիներու նախագահ կանգնած է կարեւոր հանգրուանի դիմաց:
Արդեօք ան պիտի շարունակէ՞ մնալ իրանեան քաղաքականութեան կրողը կամ կարեւոր ցատք մը ընելով դառնայ բոլոր լիբանանցիներուն «հայր- նախագահ»ը:
Յառաջիկայ օրերը ցոյց պիտի տան, թէ նախագահ Միշել Աուն ինչքանով պատրաստ է վերատեսութեան ենթարկելու իր տարածաշրջանային քաղաքական պատկերացումները, տրուած ըլլալով, որ Միջին Արեւելքի արիւնալի այս հանգրուանին յստակ է, որ անոր «քննութեան» ենթարկուելու պահը պիտի չուշանայ:
Ներքին թղթածրարները շատ կարեւոր են լիբանանցիներուն համար, բայց եւ այնպէս շրջանային «խաղացողներուն» համար հիմնականը Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքն էՙ շրջանին մէջ կատարուող փոփոխութիւններուն եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող կարեւոր ու ճակատագրական փոփոխութիւններուն նկատմամբ:
Այստեղ պէտք է անպայման հաշուի առնել, որ Աուն իր արտաքին յենարանները ամրացնելու համար նայուածքը յառած է Մոսկուայինՙ Լիբանանի «հեռաւոր այդ բարեկամի»ն մէջ գտնելով Միջին Արեւելքի փոքրամասնութիւններուն, բայց մանաւանդ քրիստոնեաներու «փրկիչ»ի հին- նոր դերակատարութեամբ: