1911-ին Օսմանեան Ռազմական նախարարութեան տպարանէն քարտէսագիրք մը լոյս տեսաւ, որուն մէջ նախաքրիստոնէական շրջանէն սկսեալ Թուրքիոյ եւ հարեւան շրջաններու քարտէսները կան, որոնց մէջ յաճախ յստակօրէն նշուած է «Էրմէնիստան»ը, մինչ կարգ մը շրջաններու վրայ գրուած է «Քիւրտլէր» եւ ոչ թէ «Քիւրտիստան»:
Ուրեմն պարզ եւ յստակ է, որ Օսմանեան Թուրքիան ընդունած է պատմական Հայաստանի գոյութիւնը որպէս ինքնուրոյն պետականութիւն, մինչ Քիւրտերը քանի պետութիւն չեն դարձած բնաւ, յիշուած է անոնց զանգուածային բնակութեանց վայրերը միայն:
Այստեղ հարց կը ծագի. ինչո՞ւ համար քիւրտերը դարերէ ի վեր անկախ պետականութիւն չեն ունեցած, հակառակ իրենց թուային եւ մարտական կարգ մը առաւելութիւններուն, բան մը, որ կը շարունակուի անփոփոխ մնալ ցայսօր:
Ես քրտագէտ չեմ, ոչ ալ ուսումնասիրած եմ քրտական հարցը, սակայն որպէս սոսկ հետաքրքիր մարդ, կ՛ուզեմ իմանալ պատճառները:
Եթէ քիւրտերուն այսօրուան վիճակը կրնայ բան մը յուշել անոնց նկարագրին մասին, ապա կրնանք ըսել, որ այս ժողովուրդը անմիաբան է, օտարին ծառայող է, մասնաւոր ակնառու մշակոյթ մը չունի, այլ ռազմիկ է, ասպատակող եւ թալանող. անշուշտ ելլելով մեր հայկական պատմական անցեալէն եւ քիւրտերու հետ մեր ունեցած փորձառութիւններէն: Իսկ ներկայիս ալ, դատելով տիրող ընդհանուր վիճակէն, երբ անոնք գլխաւորաբար տարածուած Թուրքիոյ, Իրաքի եւ Սուրիոյ իրենց շրջաններուն մէջ, քանի մը կուսակցութիւններու բաժնուած են, որոնք չկրցան միաբանիլ մէկ գլուխի տակ ու կը շարունակեն հակամարտիլ եւ իւրաքանչիւրը օտար պետութեան մը, կամ պետութիւններու ծիրին մէջ դառնալ:
Ներկայ իրաքեան եւ սուրիական պատերազմներուն մէջ իրենց մասնակցութիւնը, ի պաշտպանութիւն իրենց ժողովուրդին ու տարածքներուն, իրենց զինեալ տղամարդոց եւ յատկապէս կանանց ու աղջիկներու քաջութիւններուն ու տարած յաղթանակներուն մասին կը լսենք, իսկապէս կը նախանձինք, սակայն երբ ատենը անգամ մը կողմերն ու թիրախները կը փոխուին, կը հասկնաս, որ ոտնագնդակի պէս մէյ մը ասոր դաշտին մէջն են, մէյ մը միւսին. մէյ մը ասկէ հարուած կը ստանան, մէյ մը միւսէն: Զիրենք զինողներն ու զէնքերը յաճախ կը փոխուին, եւ այս իրարանցումին մէջ ազգային շահն ալ բնաւ իր թիրախին չի մօտենար:
Այս մարդիկը, որ զէնքի ուժով կը պաշտպանեն իրենց բնակավայրերն ու ժողովուրդը, ի վերջոյ պիտի կարենա՞ն անկախ պետութիւն ստեղծել: Իրաքի հիւսիսը ինքնավար Քիւրտիստանը օր մը լիիրաւ անկախ պետութիւն պիտի դառնա՞յ, ՄԱԿ-ի մէջ իր տեղը պիտի ունենա՞յ, պաշտօնապէս պիտի ճանպցուի՞ աշխարհի պետութիւններուն կողմէ: Իրենք ի՞նչ նախատեսութիւններ ունին այդ առնչութեամբ. կը ձգտին, բայց պիտի հասնի՞ն:
Քանիցս իրենց մի քանի ղեկավարներուն կամ սովորական մարդոց բերնէն լսեցինք իրենց զղջումի խօսքերը, որ թուրքերուն հետ մասնակցած են հայերու կոտորածին: Ցեղասպանութենէն հարիւր տարի ետք ի՞նչ արժէք ունին այդ խօսքերը: Օր մը, եթէ անկախ պետութիւն դառնան, մեր Վանին ու Տիարպեքիր-Տիգրանակերտին վրայ նստելով, աչք պիտի չտնկե՞ն մեր ափ մը Հայաստանի կարգ մը շրջաններուն վրայ, որոնք, ըստ իրենց, երեւակայական Քիւրտիստանի մը մաս կը կազմեն: