ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԵՇԻՇԵԱՆ
Երեկոյ է, կը մտնեմ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցի: Հաւատացեալներ չկան արդէն: Խորանին առջեւ կը նկատեմ երկու տղամարդ, որոնք ինչ որ ձողեր կը գամեն գետնին : Հետաքրքրական էՙ ի՞նչ կ՛ընեն արդեօք: Կը մօտենամ, կը բարեւեմ եւ կը հարցնեմ իրենց կատարածին մասին: Կը պարզուիՙ խորանն ու դասը ներառող 40 մեթր երկարող պրոնզեայ ճաղեր կը պատրաստեն: Ճաղերը իրար միացնող 80 սանթիմեթր բարձրութեամբ 13 մարմարեայ սիւներ պիտի տեղադրեն: Ճիշդ մէջտեղը պիտի ըլլայ խաչակիր աղօթասրահէն խորան տանող դուռը:Հսկայական եւ վիթխարի ծախս պահանջող գործ մըն իրագործուող ծրագիր-նախագիծը:Կը զրուցենքՙ Ճարտարապետ -շինարար Տիգրանն ու ես: Երբ Տիգրանը կ՛իմանայ հալէպցի ըլլալս, կ՛ըսէ.- Այս շինութեան ծախսերը հոգացողն ալ հալէպցի էՙ քուէյթաբնակ գործարար Կիրակոս Գույումճեանը իր տիկնոջՙ Սիլվայի հետ: Դէպի երգչախումբ տանող աստիճանավանդակի ճաղերուն ալ ծախսը ինք հոգացած է, ի յիշատակ հօրՙ Ներսէսի: Այս գեղեցիկ ճաղերը Հալէպի մէջ շինուած ու հոս փոխադրուած են ատենին:
Կիրակոս Գույումճեանի անունը չի զարմացներ զիս: Ան նախ եւ առաջ արաբերէն լեզուով հանդէս եկող սակաւաթիւ հայ հրապարակագիրներէն մէկն է. Անոր հայանպաստ յօդուածները լոյս կը տեսնեն Քուէյթի, Պէյրութի եւ Լոնտոնի յայտնիՙ «Ան Նահոր», «Ալ Հայաթ» եւ այլ թերթերու մէջՙ Հայկական հարցին զանազան ծալքերը ծանօթացնելով արաբ ընթերցողին, անոր ցոյց տալով նաեւ հայու անբասիր նկարագիրը, խնդիր մըՙ որ այնքա՜ն կարեւոր է Հայաստանի, առաւել եւս արաբական երկիրներու մէջ ապրող հայերուն համար, մանաւանդ այս օրերուն: Իրենց շահեկանութեան համար այդ յօդուածները յաճախ թարգմանուած եւ լոյս տեսած են նաեւ հայերէն զանազան թերթերու մէջ: Կիրակոս (Կարօ) Գույումճեանի յօդուածները ամփոփուած են երկու գիրքերու մէջ, որոնցմէ երկրորդը նուիրուած է Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Այս գիրքերէն առաջինը արժանացած է երկրորդ տպագրութեան: Երկու գիրքերն ալ թարգմանուած են հայերէնի: Գույումճեանը ստորագրած է նաեւ հայերէնով գրուած յօդուածներ:
Ըսիՙ յօդուածագիր Կիրակոս Գույումճեանի անունը չի զարմացներ զիս, անոր անունը չի զարմացներ նաեւ որպէս բարեգործ: Գիտէի, որ ան Արցախի մէջ դպրոց կառուցած է դարձեալ նուիրուած իր հօր յիշատակին: Գիտեմ նաեւ, որ ան որքա՜ն կ՛օգնէ հալէպահայ կառոյցներու եւ անհատներուՙ պաշտօնական մարմիններու միջոցով կամ ուղղակիօրէնՙ իր հարազատներուն եւ բարեկամներուն միջոցաւ:
Բարեգործութիւնը հարուստ հոգիի տէր մարդոց առանձնաշնորհումն է: Բարեգործ մարդը անդիմադրելի փափաք ունի իր ունեցածէն ուրիշին բաժին հանելու, ուրախացնելու կարիքի մէջ եղողները, անոնց ուրախութեան մէջ փնտռելով ու գտնելով իր ուրախութիւնը:
Որքա՜ն սորվելիք ունին մեր անհատ նուիրատուները Կիրակոս Գույումճեանէն, որ իր քսակը լայն կը բանայ համայն հայութեան համար, ուր որ կարիք զգացուիՙ Էջմիածին թէ Անթիլիաս, Երեւան, Արցախ թէ Հալէպ, այլուր:
Լուռ ու մունջ հայրենասէր այս մարդը իր մտաւոր ու նիւթական կարողութեամբ ամբողջական մասնակիցն է իր ժողովուրդի մղած պատերազմին, ան ընտրած է իր զէնքերըՙ գրիչն ու դրամըՙ զանոնք ի սպաս դնելով հայրենիքին ու ազգին:
Այս եկեղեցանուէր գործը տէր եւ տիկին Կիրակոս եւ Սիլվա Գույումճեանները կը նուիրեն Հայաստանի անկախութեան 25ամեակին, ի յիշատակ Կիրակոսի մօրՙ տիկին Մարի Չեմպերճեան-Գույումճեանի, կը լսեմ ճարտարապետ-շինարար Տիգրան Զապունեանի ձայնը:
Կը ժպտիմ, հայրենիքէն հեռու հայ մարդը բարեգործութեամբ կը մասնակցի Անկախութեան տօնակատարութեան: Կիրակոս Գույումճեան անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ Հայաստանը բոլոր հայերունն է եւ անոնք նոյնքան հպարտ են Հայաստանի ներկայ հանրապետութեամբ, ուրեմն նոյնքան պատասխանատու են անոր առջեւ եւ պէտք է նոյն իրաւունքները նուաճեն իրենց հայրենանուէր եւ ազգասէր գործունէութեամբ: Անձնուէր հայու տիպար է մեծ հոգու տէր յօդուածագիր եւ բարեգործ Կիրակոս Գույումճեանը:
Ժպտացող դէմքս խորանին ուղղութեամբՙ դուրս կ՛ելլեմ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն: Աստիճաններուն ներքեւ կը տեսնեմ մոմավաճառ կին մը. կը գնեմ մոմ մը, կը վերադառնամ եկեղեցի, ուր տակաւին կ՛աշխատին Տիգրանն ու վարպետ գործաւորները. չէ՞ որ պէտք է աւարտեն իրենց գործը մինչեւ Սեպտեմբեր 21ՙ Անկախութեան տօն:
Մոմը կը վառեմ Կիրակոսի մօր հոգւոյն հանգստութեան համար, ինքզինքիս հարց տալով, թէ իր ողջութեան քանի՞ հալէպահայու նիւթապէս օգնած է ազգին արժանի զաւակներու ծնունդ տուած այդ հայուհին:
Գիտեմՙ քիչ չէ թիւը անոնց:
Քիչ է նաեւ ըսելը.- Վարձքդ կատար:
Երեւան, 28 Օգոստոս 2016