Բարեկամ մը մէկ ամիսով Հալէպէն եկած էր Երեւան հարազատներու այցելութեան եւ պիտի վերադառնար, հակառակ Հալէպի շուրջ եւ մէջ տիրող պատերազմական ահաւոր վիճակին, որուն համար արաբ թէ օտար դէտեր եւ վերլուծաբաններ կըսեն, թէ «ճակատագրական» է. նոյնիսկ ենթադրողներ կան, որ Հալէպի անկումով,- Աստուած մի արասցէ,- կիյնայ ամբողջ Սուրիան:
Հակառակ տիրող այս կացութեան, ինք, որպէս հայկական վարժարանի մը դաստիարակ, ամիս մը ետք իր գործին գլուխը ըլլալուՙ ոչ միայն պաշտօնին հանդէպ իր պարտաւորութեան գիտակցութեամբ կը մղուէր, այլ իր առաքելութեանՙ հայկական վարժարանի մը դռները հարիւրաւոր աշակերտներու առջեւ շարունակել բաց պահելու վեհ նպատակին ի խնդիր:
Որքան որ իր ծննդավայր Հալէպին կապուած էր, նոյնքան ալ որպէս գիտակից հայ ու Հայրենի համալսարանէ շրջանաւարտ, սերտօրէն կապուած էր Հայաստանին, եւ բնաւ մին միւսը չէր խանգարեր, հակառակ որ շատեր երկու սէրերուն միջեւ խտրութիւն դնել կը փորձեն:
Կարեւորն այն էր, որ այս մարդը Երեւան ոտք դնելէն հազիւ տասը օր ետք նկատեց բաներ, որոնք խոցեցին իր հոգին, եւ գրեց այդ մասին: Գրեց, որ անմիջապէս նկատած է այն հսկայ խրամատը, որ գոյացած է հայրենի ժողովուրդին եւ իշխանութեան միջեւ: Խրամատ մը, որ ամէն օր քիչ մը աւելի կը խորանայ ու կընդլայնի:
Ժողովուրդը դժգոհ է տիրող վարչակարգէն եւ վարիչներէն: Փտածութիւնը (կոռուպցիա), կաշառակերութիւնը, տնտեսական տագնապին եւ քաղաքական ու ապահովական անփառունակ վիճակին հետ, երկիրը դէպի անծանօթ եւ վտանգաւոր հորիզոններ կուղղեն: Խօսքով ընդվզումը «Ձայն բարբառոյ յանապատի կըլլայ», իսկ ցուցարարական ընդվզումը բրտութեամբ կը դիմաւորուի:
Յուսահատ այս կացութեան մէջ խումբ մը զինեալներ ապստամբութեան դրօշ պարզեցին, որ տխուր վախճան ունեցաւ, մարդիկ զոհուեցան ու վիրաւորուեցան, բայց բան չփոխուեցաւ կացութենէն:
Բարեկամիս համար նորութիւններ չէին այս բոլորը, քանի հայրենի լուրերէն կտրուած մէկը չէր, սակայն գետնի վրայ այս բոլորը լսել, տեսնել ու շօշափել, զինք մղած էին մտահոգիչ հիասթափութեան:
Անկախացած Հայաստանի առաջին 25-ամեայ յոբելեանը այս վիճակո՞վ պիտի տօնենք… Անկախութենէն քառորդ դար ետք երկիրը անձրեւէն փախչելով կարկուտի տա՞կ պիտի յայտնուէր, փոխանակ հաստատակամ յառաջանալու եւ շատ մը թերութիւններ թօթափելով, կայուն, բարեկեցիկ, ինքնաբաւ երկրի մը վերածելու, ուր արդարութիւնը տիրական ըլլայ եւ ուր մարդիկ ապրին նոր օրերը օրհնելով, ոչ թէ անիծելով ու հին օրերը կարօտով յիշելով:
Բարեկամս թեւաթափ պիտի վերադառնայ Հալէպ, իր հետ տանելով տժգունած պատկերը այս խրամատին, եւ հնգամեայ պատերազմին Սուրիոյ պատճառած տառապանքը քիչ մը աւելի պիտի ծանրանայ իր հոգիին վրայ: