Տոքթ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ
Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքութիւնը լուրջ ճգնաժամի մէջ է պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի անբուժելի հիւանդութեան պատճառաւ: Տարիներ շարունակ թրքահայ համայնքի ներկայացուցիչները ստիպողաբար կը հանդուրժեն ամէն տեսակ նեղութիւններ, դժուարութիւններ եւ ճնշումներ պետութեան կողմէ հաստատուած կանոնադրութիիւններու դէմ դուրս չգալու համար: Երբ որ Մեսրոպ պատրիարք Մութաֆեան անկարողացաւ իր պաշտօնն ու պարտականութիւնները շարունակել, համայնքի զարգացումը սկսաւ կաղալ, եւ երկրի իշխանութեան առիթ տուաւ, որպէսզի իր քաղաքականութիւնը աւելի դիւրին յառաջ տանի Թուրքիոյ հայ համայնքին նկատմամբ:
Թուրքիոյ հայ համայնքին գործերը պատմականօրէն կը կարգաւորուէին 1873-ին օսմանեան Սուլթանին կողմէ վաւերացուցած Ազգային Սահմանադրութեան դրոյթներով, բայց այսօր այդ սահմանադրութիւնը չի գործեր: Այսօր Թուրքիոյ հայ համայնքի որեւէ լուրջ նախաձեռնութեան կամ հարցի լուծումը, օրինակՙ նոր պատրիարքի ընտրութիւնը, կախեալ է Թուրքիոյ իշխանութեան գործադիր մարմիններու թոյլտւութենէն:
Մութաֆեան պատրիարքի պարագան անշուշտ առաւել բարդ իրավիճակ ստեղծեց, առիթ տալով համայնքի մէջ պառակտումներու եւ հակադիր խմբաւորումներու կազմութեան, նաեւՙ համայնքի զանազան շրջանակներու միջեւ վնասակար հակասութիւններու եւ ցրտութիւններու ծնունդին:
Այսօր գործնական առումով պատրիարքական աթոռը թափուր է: Պատրիարքը անունով ու մարմինով կայ, սակայն գործունակ չէ: (*)
Պատրիարքի ընտրութեան կազմակերպման համար նախաձեռնարկ մարմինը եւ գոյութիւն ունեցող Հոգեւոր խորհուրդը իրարմէ տարբերուող եւ իրարու հակասող երկու հակադիր դիմումնագրեր կատարած են Թուրքիոյ կառավարութեան: Համայնքին պառակտեալ այս վիճակը շատ հրաշալի առիթ մը տուած է թրքական իշխանութիւններունՙ մէկ խումբը միւսին, այսինքնՙ եղբայրը եղբօր դէմ հանելու համար: Այս իրավիճակին մէջ նշանակուեցաւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ մը: Նշանակում մը, որ ըստ սովորութեան միայն գործող պատրիարք մը իրաւունք ունի կատարելու:
Արամ արք. Աթեշեան, գործածելով ոչ ժողովրդական միջոցներ, հարկադրեց Կրօնական ժողովի անդամներըՙ զինքը փոխանորդ ընտրելու համար: Կրօնական ժողովի անդամները իրենց ապրուստը վաստակելու իմաստով պարտաւորուեցան զինք պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ ընտրել:
Այնպէս կը թուի ըլլալ, թէ Արամ Սրբազան թուրքական իշխանութիւններուն համար ամենալաւ ու նախընտրելի թեկնածուն է: Ան պատրաստ է ընդառաջել անոնց բոլոր ցանկութիւններուն ու քմահաճոյքներուն: Աթեշեան Սրբազան, որպէս պատրիարքի պաշտօնակատար եւ կամ ընդհանուր փոխանորդ, անտես կառնէ թրքահայ համայնքին «իր կրօնապետը ընտրել ուզելու» իրաւունքն ու ցանկութիւնը, ըսելով թէՙ Մութաֆեան պատրիարքը ողջ է: Ան կը մերժէ նաեւ հարցի լուծման ուղղեալ այլընտրանքի առաջարկները եւ կը քաշքշէ ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Թուրքիոյ հայ համայնքը իրարանցումի մէջՙ շատ անհանգիստ ու շփոթած կացութեան մատնուած է: Համայնքի ողջամիտ անձեր միասնականութեան ու հանդարտութեան կոչեր կընեն, որպէսզի մէկ ձայնով խօսուի:
Հայ ժողովուրդի կողմէ ոչ ընտրեալ պատրիարքական փոխանորդըՙ Արամ արք. Աթեշեան, 2 յունիս 2016 թուականին Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ առնուած «1915-1916 թուականներուն Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայոց եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիններուն ապրած դէպքերը որպէս Ցեղասպանութիւն անուանելու որոշում»ի առնչութեամբ նամակ մը ուղարկած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահին: Արք. Աթեշեան իր նամակին մէջ կը յայտնէ, թէ իբր թրքահայութիւնը կը բաժնէ Գերմանիոյ խորհրդարանի բանաձեւին ընդունմամբ Թուրքիոյ ժողովուրդին պատճառած ցաւը: Արք. Աթեշեան թուրքահայութիւնը չի կրնար ներկայացնել եւ յանուն այս համայնքին չի կրնար յայտարարութիւններ ընել ու խօսիլ, քանի որ ժողովուրդին կողմէ չէ ընտրուած, այլ նշանակուած է մի քանի եկեղեցականներու կողմէ: Ան միայն պաշտօնակատարի հանգամանք մը ունի:
Արք. Աթեշեան իր նամակին մէջ կը մատնանշէ, թէ պատրիարքութիւնը եւ Թուրքիոյ հայ ժողովուրդը միշտ կը պահեն պետութեան նկատմամբ հաւատարմութիւն ու հնազանդ կեցուածք մը, եւ նամակը շարունակելով հետեւալ նախադասութիւնը կը գրէ. «Մենք, 1915-ի ողբերգութիւնէն տուժածներու թոռներն ենք, հիմա ցաւ կը զգանք, որ այսպիսի ցաւոտ խնդիր մը միջազգային քաղաքական հասարակութեան մէջ կը գործածուի որպէս քաղաքական նախանիւթ»:
Երբ որ յանցանքի մը գործակից եւ կամ մեղսակից մը իր յանցանքը կը խոստովանի եւ կապաշխարէ, ասիկա ժողովրդավար հասկացողութեան հիմնական պարտականոթիւն մըն է, նաեւՙ ողջամտութեան ու մարդկային իրաւունքներու հանդէպ յարգանք: Զայն կարելի չէ «քաղաքական նախանիւթ» անուանել: Այս եղելութիւնը «քաղաքական նախանիւթ» անուանելը կը նշանակէ նախ «ցաւոտ խնդիր»ի ցաւերը աւելի սաստկացնել:
Անձ մը, որ իր ժողովուրդին ձայնը լսել չուզեր, անոր ցանկութիւնն ու պահանջները անտես կառնէ, ժողովուրդին անցեալն ու զգացումները չի յարգեր, չի կրնար այդ ժողովուրդը ներկայացնել, առաւել եւսՙ ղեկավարել: Չի կրնար անոր կրօնապետին փոխանորդը ըլլալ: Հետեւաբար Արամ արք. Աթեշեան Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնէն շուտով հեռանալու է:
Ա.- Համայնքն իր բողոքի ձայնը պէտք է բարձրացնէՙ պահանջելով Արամ Սրբազանի Ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնէն հրաժարիլը:
Բ.- Համայնքը յամառօրէն պնդելու է պատրիարք ընտրելու իր իրաւունքին վճռակամութիւնը:
Գ.- Համայնքի բոլոր մարմիններըՙ մտաւորականները, ներառեալ մամուլը, միութիւններն ու համայնքային հաստատութիւնները, միասնականութեան մէջ շարժելով մեկուսացնելու են Արամ Սրբազանը, որպէսզի պարտաւորուի իր պաշտօնէն հրաժարիլ: Օրինակՙ քարոզներուն ներկայ չըլլալ, անոր հետ չլուսանկարուիլ, մկրտութիւն, պսակի օրհնութիւն, յուղարկաւորութիւն եւ այլ նման արարողութիւններուն զինք չհրաւիրել:
Դ.- Մամուլը, գրողներն ու համայնքի առաջնորդները յօդուածներով, հրատարակութիւններով եւ գործնական այլ միջոցներով համայնքի այս բողոքի շարժումին ուժ տալու են:
Անշուշտ կան Արամ Սրբազանը իր պաշտօնէն հրաժարելու պարտադրանքին տակ դնող այլ միջոցներ: Թերեւս ալ այդ միջոցներու կարիքը պիտի չըլլայ, եթէ Արամ Աթեշեան սրբազան, որպէս Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականներէն մէկը, հրաժարելով պիտի բանայ Թուրքիոյ Հայոց նոր պատրիարքի ընտրութեան ճամբան եւ նուազագոյնը գոնէ այդ ձեւով պիտի շահի համայն հայութեան սիրտին ողջոյնը:
Գերմանիա