Ականատեսի վկայութիւն մը հալէպահայ ծանօթ բեմադրիչ եւ ուսուցիչ Մանուէլ Քէշիշեանի կողմէ պատճառ դարձաւ, որ Հալէպի վրայ շղթայազերծուած պատերազմի կարեւոր դրուագներէն մին հրապարակեմ, որպէսզի հայրենի ընթերցողն ալ իրազեկ դառնայ, որ հերոսներ կան նաեւ Հալէպի մէջ, որոնք այնքան լուռ ու համեստօրէն կը գործեն, որ իրենց սխրագործութիւնները արձագանգ չեն գտներ Հալէպէն դուրս:
Սուրիոյ պատերազմի հրդեհը Հալէպ հասնելու առաջին օրէն իսկ հայկական թաղերը, եկեղեցիները, դպրոցներն ու ակումբները անակնկալ յարձակումներու դէմ պաշտպանելու համար կազմակերպուեցան հայ երիտասարդներէ բաղկացած պահակախումբեր, որոնք զէնք ի ձեռին, գիշեր-ցերեկ հսկեցին ամենայն աչալրջութեամբ: Այդ նուիրեալ տղաքը ոչ միայն պահակութիւն ըրին, այլ որեւէ պարագայի շտապ օգնութեան փութալու գործին ալ լծուեցան:
Քէշիշեանի պատմածը երկու շաբաթ առաջ պատահած դէպքի մը մասին է, երբ մայիս ամսուան ընթացքին, ահաբեկչական խումբերու կողմէ անձրեւի փոխարէն կազի տակառիկներով բեռնաւոր հրասանդ-հրթիռներու տարափին տակ կայրէր ու քարուքանդ կըլլար քաղաքը:
Սիւլէյմանիէյի շրջանին մէջ այդպիսի հրթիռակոծումի մը ընթացքին երեք հրթիռներէն մին պայթելով, ահագին վնասներու կողքին, մարդկային զոհեր եւ վիրաւորներ կը պատճառէ, միւս երկուքը գետին կը խրուին ու չեն պայթիր: Շրջանի ահաբեկ բնակիչներու իրարանցումինՙ երբ ամէն մարդ սարսափահար կը վախնայ, որ կազի տակառիկները կրնան ուշացումով պայթիլ, ահազանգային այդ վայրկեաններուն բանակի մասնագէտները կուշանան, մինչ այդ հայ տղաքը կը հասնին, չպայթած հրթիռը զգուշութեամբ կը վերցնեն ու կերթան յանձնելու բանակի մասնագէտներուն:
Տղաքը հայկական վարժարանի մը երթուղային փոքրիկ փոխադրակառքը օժտած են շտապ-օգնութեան անհրաժեշտ միջոցներով եւ տեղական շտապ- օգնութեան մեքենաները չհասածՙ իրենք դէպքին վայրն են ու անմիջապէս վիրաւորները հիւանդանոց կը փոխադրեն, առանց խտրութիւն դնելու հայուն ու տեղացի արաբին միջեւ. անոնք կը հասնին բոլորին:
Համեստութիւնը չվիրաւորելու համար անունը չեմ տար այն փոխադրակառքի վարորդին, որ քանի-քանի անգամ դիպուկահարներու փամփուշտներէն եւ ստոյգ մահէ փրկուած է, սակայն կը շարունակէ իր սխրագործութիւնը, քանի կը հաւատայ իր ազնիւ առաքելութեան, քանի այդպէս դաստիարակուած է փոքր տարիքէն, դպրոցին եւ ակումբին մէջ:
Երբ այս մասին հիացումով եւ հպարտութեամբ կը զրուցէինք, գրչընկերուհի մը պատմեց, որ Հալէպի ամէնավտանգաւոր թաղամասը բնակող իր քրոջ ամուսինը ամէն օր երեկոյեան աշխատանքէ վերադառնալէն ետք, հազիւ կնոջ ու երեխաներուն հետ շտապ ընթրիք մը ըրած, տունէն կելլէ երթալու եւ ամբողջ գիշերը զինուած պահակութիւն ընելու համար հայկական եկեղեցւոյ շուրջը: Այդ անձնազոհ երիտասարդներուն մէջ կան նաեւ չափահաս, ընտանիքի տէր մարդիկ, որոնք իրենց մարդասիրական ներքին կանչին արձագանգելովՙ կին ու զաւակ ձգած կը վազեն իրենց մարդասիրական պարտականութիւնը կատարելու:
Պատերազմները թէ՛ տականքներ կը ծնին, թէ՛ հերոսներ. տականքները կերթան պատմութեան աղբանոցը, իսկ հերոսները կապրին մարդոց սրտերուն մէջ:
Ապրիք, հերոս տղաք, Աստուած ձեզի պահապան: