Կը կարծեմ, որ Հայերս թշնամի շահելու մէջ աւելի վարպետ ենք, քան բարեկամ շահելու: Մեր ամբողջ պատմութիւնը, հինէն մինչեւ մեր օրերը, լեցուն է թշնամիներով: Կը մտածեմ` մեզի չափ թշնամի ունեցող ժողովուրդ կամ երկիր կա՞յ աշխարհի վրա: Անընդհատ թշնամի ունենալը եւ անոնց դէմ մեր աններող կեցուածքը ցուցադրելուն մէջ փորձած ենք գտնել մեր ուժն ու դիմադրողականութիւնը, եւ ասիկա սուղ արժած է մեզի: Քաղաքագիտութեամբ բարեկամանալու ճամբաներ որոնել, շողոքորթել, միջնորդներու դիմել հաշտեցման համար, մեղկանալու, կամ ստորնանալու նման բաներ եղած են մեզի համար, սակայն նախընտրած ենք տառապիլ, քան թէ թշնամիին ձեռքը սեղմել. սխա՞լ է, շիտա՞կ է, ինչ որ է, մեր ազգային նկարագիրն է երեւի:
Արաբական աշխարհի մէջ ապրած ըլլալով, որքան ծայրայեղ թշնամական կեցուածքներու ականատես եղած ենք երկու երկիրներու միջեւ, որոնք իրար բզկտած են ամենածանր որակումներով եւ շրջան մը ետք իրար գրկած ողջագուրուած ենՙ մոռցած իրենց ըրածները:
Միայն արաբական երկիրները չէ, աշխարհի մէջ շատ մը թշնամացած պետութիւններ ձեւը գտան հաշտուելու եւ իրենց յարաբերութիւնները բնականոն դարձնելու: Ամենաթարմ օրինակը ԱՄՆ-ի եւ Քուպայի հաշտութիւնն է:
Սակայն, մեր մօտ այս հարցին առնչութեամբ մեր համոզումն ու կեցուածքը տարբեր է: Թշնամի է, վե՛րջ. չենք խօսիր, չենք հանդիպիր, չենք ներեր:
Շատ բարի: Ի՞նչ կը շահինք այսպէս վարուելէն. ոչի՛նչ, բացի ատելութենէ: Մեզ չսիրողները աւելի են, քան մեզ սիրողները: Ճկուն քաղաքականութիւն չունինք, հպարտ ենք, ճկունութիւնը թուլութիւն եւ տկարութիւն կը համարենք:
Երկխօսութեամբ շատ հարցեր կը լուծուին: Մեր ազգային կեանքին մէջ ալ ասանկ ենք, ամէն մէկը իր պատեանին մէջ քաշուածՙ չուզեր միւսին մօտենալ, «իրենք թող ոտքերնուս գան» կըսեն: Յետո՞յ… Յետոյ այն, որ գժտուած կը մնանք տարիներով, գժտուած ու պառակտուած:
Գրութեանս նպատակը այս ըլլալէ աւելիՙ մտահոգութիւնս յայտնել էր, որ շրջապատուած ըլլալով թշնամիներէ, կղզիացած ենք ու անդադար կը տուժենք: Թուրքը թշնամի, Ատրպէյճանը թշնամի, վրացիները իբր թէ թշնամի չեն, բայց բարեկամ ալ չեն, հիմա հերթը հասած է Ռուսին, միակը, որուն վրայ յոյս դրած ենք պատմութեան ընթացքին, որ մեզ պաշտպանէ, բայց անոր հետ ալ թշնամանալ կ՛ուզենք:
Ո՞վ մնաց, հարաւի փոքր սահմանով մեզի բարեկամ Իրա՞նը: Պարզ է, որ թշնամիիս թշնամին բարեկամս կ՛ըլլայ, քանի որ Ատրպատականի հարցով Իրան եւ Ատրպէյճան վառօդի տակառի վրայ նստած են, որ որեւէ ատեն կրնայ պայթիլ:
Ուրե՞մն, այս բոլորին մէջ մեր գլուխը ողջ պահելու ձեւը ի՞նչ է. փոքր երկիրները յենակէտի մը պէտք ունին գոյատեւելու համար. անկարելի է առանց հովանաւորուած ըլլալու մեծ պետութեան մը կողմէՙ ազատ ու անկախ մնաս. չե՛ն ձգեր:
Դպրոցական երախաներն իսկ, երբ իրենք տկար են, անպայման յաղթանդամ դասընկերոջ մը թեւին տակ կը մտնեն, ու թող մէկը համարձակի մօտենալ: Դպրոցական աշակերտի չա՞փ ալ խելք չունինք, ելեր ենք առտու-իրիկուն Ռուսին կը հայհոյենք. կարծես այնքան զօրաւոր ենք, որ ասպարէզ կը կարդանք բոլորին: Քիչ մը շատ «Քաջ նազարութիւն» չէ՞ ըրածնիս: Պատմութենէն եւ մեր մեծ մտաւորականներուն ըսածներէն դասեր պէտք է քաղենք:
Ահա, մէջտեղն է վերջին դէպքերու փաստը. արտաքին ուժերնիս հայելին է մեր ներքին ուժին, բան մը, որ այնքան ալ նախանձելի չէ: Յոխորտալէն բան չելլեր, քիչ մը իրատես ըլլանք: Զգացական ժողովուրդ ըլլալնիս եւ իրատեսութենէ հեռու մնալնիս յաճախ վնասած է մեզի ու դեռ նոյն ձեւով ալ կը շարունակենք. Ե՞րբ պիտի զգաստանանք:
Շատ լսած ենք մեր մեծերէն, Խրիմեանէն, Անդրանիկէն, շատերէ, որ օտարներու վրայ յոյս դնելու չէ, մենք մեր վրայ պիտի վստահինք: Շատ բարի, սակայն ատոր համար իսկակա՛ն ղեկավարութիւն պէտք է ունենաք, հայրենասէր, նուիրեալ, անանձնական, երկրին շահը իր սեփականին գերադասող… Գտնենք այդ ղեկավարութիւնը, յետոյ միայն ասպարէզ կարդանք. Պոռոտախօսութենէն բան չելլեր: