ՄԱԳՆԻՍ համացանցային հաղորդաշարի հիւրերն էին երկու սփիւռքահայեր, որոնք տարիներ առաջ Հայաստան հաստատուած, մեծ գործեր ձեռնարկած են եւ մեծ յաջողութիւններու հասած:
Յստակ էր, որ հաղորդավարին նպատակը մատնանշել էր, որ սփիւռքահայեր նաեւ կը յաջողին պիզնես ստեղծելով Հայաստանի մէջ, ձեւով մը փարատելու համար յաճախ կրկնուող գանգատը, թէ Հայաստանի մէջ գործառութեամբ զբաղիլն անհնար է, կամ շատ դժուար եւ ենթակայ ձախողելու:
Երկու հիւրերէն մէկը գինեգործութեամբ կը զբաղի եւ իր ծանօթ մակնիշով գինիները արդէն շուկայի վրայ մեծ վարկ կը վայելեն, մինչ երկրորդը համակարգչային ծրագրաւորման հաստատութիւն մը հիմնած է, որուն գործերը միջազգային պահանջարկ ունեցած են եւ անոր բաժնետոմսերը համաշխարհային շուկայի վրայ յարաճուն բարձրացում արձանագրած են:
Երկուքն ալ խօսեցան Հայաստանի մէջ գործի ձեռնարկելու թէ՛ կարելիութիւններուն եւ թէ դժուարութեանց մասին, եւ անշուշտ ներկայացուցին իրենց պատկերացումն ու առաջարկները Հայաստանի տնտեսութիւնը աւելի արդիւնաւէտ եւ յաջող ընթացքի մէջ դնելու:
Երբ երկրին օրէնքները հաւասարապէս կը կիրառուին թէ՛ տեղացիին եւ թէ՛ սփիւռքահայուն վրայ, ապա կողմնակալութեամբ պէտք չէ ամբաստանել իշխանութիւնը, ըսելով թէ դիտմամբ կը դժուարացնեն սփիւռքահայերուն գործերը: Դրուածքը այսպէս է, քեզի կը մնայ ընդունիլ, կամ ոչ: Սակայն եւ այնպէս ի շահ տնտեսութեան զարգացման անհրաժեշտ է, որ պետութիւնը յատուկ ծրագիր մշակէ դժուարութիւնները հարթելու, հարկային հարցերը վերատեսութեան ենթարկելու եւ գործարք մը ձեռնարկողին արտօնութեան հարցերը դիւրացնելու:
Այս առթիւ օգտակար է կարգ մը նկատողութիւններ ընել, օգտուելով ժողովուրդին գանգատներէն: Ազատ շուկային վնասող, որոշ ապրանքներու ներածման մենաշնորհեալներուն ներկայութիւնն է, որ պատճառ կը հանդիսանայ գիներու ահաւոր թանկացման, քանի որ ներածողներու միջեւ մրցակցութիւն չի մնար: Դրամատիրական համակարգի առաւելութիւններէն ամենակարեւորները բոլորին համար անխտիր առիթներն են եւ մրցակցութիւնը, որուն պատճառով ապրանքներուն շուկայական գիները կը նուազին յօգուտ սպառողին: Պէտք է քաջալերել տեղական արտադրութիւնները, թալանուած ու քանդուած գործարանները վերանորոգելով ու արդիւնաբերութեան մղելով, բան մը, որ աշխատանքի նոր առիթներ կը ստեղծէ:
Հայաստանը հարուստ երկիր չէ, բնական կարեւոր հարստութիւններ չունի, մասնաւոր մեծաքանակ արտադրութիւն չունի, տարածարջանին մէջ պիզնեսի կեդրոն դառնալու տուեալներ չունի, կարեւոր զբօսաշրջային երկիր մը չէ Յունաստանի, Եգիպտոսի, Թուրքիոյ կամ Սուրիոյ նման, ունեցածը միայն եկեղեցիներ ու վանքեր են եւ քանի մը հատ ալ աւերակ, աննշան բերդեր, որոնք հազիւ թէ օտար զբօսաշրջիկներ գրաւեն: Լիբանանի պէս Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միաձուլում չէ, անոր նման բնութիւն չունի, ուր նոյն օրուան մէջ կրնաս Միջերկրականի գաղջ ջուրերուն մէջ լողալ եւ կէս ժամ ետք ձիւնածածկ լեռ բարձրանալ եւ չմշկել: Սակայն ունի գիտութիւն եւ արուեստ եւ բաւական նախանձելի մակարդակով. ուստի պիտի կեդրոնանալ այս երկու հարստութիւններուն վրայ եւ մտածել ինչպէս շահագործել զանոնք:
Հայաստանը համակարգչային ծրագրաւորման աշխարհի մէջ առաջին կարգի վրայ կու գայ. այս առումով մեր մասնագէտները կրնան մրցիլ որեւէ երկրի մասնագէտներուն հետ. հարկ է բազմապատկել միջազգային պահանջարկները:
Այս մէկ, երկրորդՙ Հայաստանի նման արուեստագէտներով, անոնց որակով եւ քանակով հարուստ քիչ երկիր կայ աշխարհի մէջ. ինչո՞ւ չշահագործել նաեւ այս մարզը: «Ոսկի Ծիրան»ի կամ «Ռի Անիմանիա»ի փառատօններուն նման կազմակերպել, օրինակ, Ազգային-ազգագրական պարերու ամէնամեայ փառատօն, ազգային-ազգագրական երաժշտական փառատօն, եւ այսպէս.. Թող մասնագէտները մտածեն ինչի վրայ կեդրոնանալ եւ այդ նպատակը նուաճելու համար , օրինակ, հնգամեայ ծրագիր մը մշակել եւ քայլ առ քայլ զայն նուաճել: Այսպիսի միջոցառումներն են, որ զբօսաշրջիկ ու օտար դրամանիշ կը կը բերեն: Այո՛, Հայաստանը պէտք է Մագնիսի վերածել:
Հայաստանը պէտք է հարստանայ: Անկարելի չէ, եթէ իսկապէս աշխատանք տարուի այդ ուղղութեամբ: