Գիտէ՞ք ինչն է ամէնէն վիրաւորական բանը. երբ դեռ կը գտնուին մարդիկ, որոնք կը քննադատեն Սփիւռքը, թէ համարեա ոչինչ ըրած է եւ կ՛ընէ Հայաստանի համար: Այս վիրաւորանքը կը կրկնապատկուի, երբ այսպէս ըսողը Հայաստան ներգաղթած նախկին սփիւռքահայ է, որ ինքզինք լիիրաւ հայաստանցի նկատելով, սփիւռքահայը կը քննադատէ, -ինչպէս կ՛ըսեն,- «Պապէն աւելի պապական» ըլլալով:
Կը քննադատեն սփիւռքահայը, որ կը տատանի երկուութեան մը մէջ, Ծննդավայր եւ Հայրենիք երկբեւեռ իրավիճակէն դուրս գալ չկարենալով եւ վերջնականապէս պորտը կտրելով ծննդավայրին հետ, կապուելու Մայր հայրենիքին:
Ամենաանհամ հարցումը, որ կը տրուի սփիւռքահայուն հետեւեալն էՙ «Հայաստա՞նն է հայրենիքդ, թէ՞ Սուրիան…»: Ասիկա կը նմանի այն անհեթեթ եւ ապուշ հարցումին, զոր կու տան երեխաներունՙ «Հայրի՞կդ աւելի կը սիրես, թէ՞ մայրիկդ», պարզապէս գոհացում զգալու համար դիմացինին շփոթ վիճակէն.:
Նախ եկէք փորձենք «Հայրենիք» բառը տարբաղադրել: Բառարանները կ՛ըսեն, թէ հայրենիք կը նշանակէ «Բնաշխարհ, բնագաւառ, ծննդավայր… Այն վայրը, ուր նախահայրերը ապրած են…» եւայլն: Շատ բարի, այս պարագային ոչ իմ ծննդավայրն է Հայաստանը, ոչ ալ իմ նախահայրերուս, քանի ես շառաւիղն եմ Ցեղասպանութենէն վերապրած մարդոց, որոնց ծննդավայրն ու հայրենիքը Կիլիկիան էր: Ուրե՞մն…
Ուրեմն, քանի որ հայոց պատմութեան գիրքերէն սորված ենք, որ բոլոր հայերս միացնող եւ մէկ մեկնակէտի տանող, պատմութեան խորը թաղուած այրեր ունինք, որոնք բոլոր հայերուս նախահայրերն են, ինչպէս Հայկ նահապետը, Մեծն Տիգրանը, Մեսրոպ Մաշտոցը, եւայլն, ուրեմն այս մարդոց ապրած երկրամասն ալ (կամ ինչ որ մնացեր է անկէ) մեր հայրենիքն է:
Այս հնագոյն հայրենիքէն զատ ունեցանք նաեւ ուրիշ հայրենիք մըն ալ, ինչպէս Կիլիկեան Հայաստանը, որ իսկապէս բազմաթիւ սփիւռքահայերու հայրենիքը կը նկատուի, քանի դարերով հոն ծնած, ապրած, ստեղծագործած, կռուած ու մահացած են մեր նախնիները: Իսկ մեր ծննդավայրերն ալ աշխարհի զանազան քաղաքներն են ու իմ պարագայիսՙ Սուրիան, ուր ուսանած եմ, աշխատած եմ, ընտանիք կազմած եմ ու եօթանասուն տարի խաղաղ ապրած եմ: Հետեւաբար եթէ ես անոր կապուած մնամ հայրենադա՞ւ կ՛ըլլամ:
Կը քննադատեն, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին սփիւռքահայերը շատ աւելի կրնային տալ, քանի,-ըստ իրենց ըսածին,- 1992-2002, այսինքն 10 տարուան ընթացքին ընդամէնը 61 միլիոն տոլար հանգանակած են, մինչ 1965-ին Պաղեստինի Ազատագրութեան կազմակերպութիւնը 366 միլիոն տոլար պիւտճէ գոյացուցած է իրենց հայրենիքին համար: Կը մոռնան, որ առաջինի պարագային հայ անհատներ նուիրած են, մինչդեռ երկրորդի պարագային արաբական պետութիւնները գոյացուցին այդ գումարը… Բայց ինչո՞ւ կը մոռնան Քըրք Քրքորեանը, ՀԲԸՄ-ը, Շառլ Ազնաւուրը, Վահագն Յովնանեանը, Էտուարտօ Էռնեքեանը եւ շատ ուրիշներու ներդրումները, որոնք հարիւրաւոր միլիոններու կը հասնին:
Հայաստանի մէջ տակաւին կը շարունակեն գրաւոր եւ բանաւոր խօսքով եւ ցոյցերով պախարակել երկիրը թալանող պետական այրերը: Ի հեճուկս այս բոլոր լսուած ու տեսնուածին, երբ սփիւռքահայը կը շարունակէ իր լուման նետել Հայաստանի գանձանակին մէջ, գնահատելու փոխարէն կը քննադատե՞ն:
Մասնագիտութեամբ քիմիագէտ ամերիկահայ գրողի մը հարցուցած են, թէ ինչպէ՞ս կրնայ նուիրուած ըլլալ այս երկուքինՙ գիտութեան եւ գրականութեան հաւասարապէս, պատասխանած է ըսելով, որ «Մէկը իմ կինս է, միւսըՙ սիրուհիս, երկուքն ալ հաւասար կը սիրեմ»: Մեզի ալ ուղղուած «Սուրիա՞ն, թէ՞ Հայաստանը» փորձանուտ հարցումին եթէ նոյն ձեւով պատասխանենք, ըսելով, թէ «Մէկը մայրս է, իսկ միւսըՙ հայրս»… քմահաճ հարցադրողները կը գոհանա՞ն: