Վարդան Օսկանեան
Վարդան Օսկանեանը մարաշցի ծնողներու զաւակ, բարեհամբոյր, խելացի ու աշխատասէր աշակերտ մըն էր Հալէպի ՀԲԸՄիութեան Լ. Նաճարեան-Գ. Կիւլպենկեան վարժարանին մէջ ու… մէկ օրէն միւսը, յանկարծ, չհասաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի բարձր պաշտօնին: Աշակերտական գրասեղաններէն մինչեւ նախարարական աթոռ, երկար ճանապարհ է, սալայատակուած հաւատքով, նուիրումով, ջանասիրութեամբ ու գիտական պաշարով:
Ահա այս երկար ճանապարհի մասին է, որ կը պատմէ Վ. Օսկանեանը վերջերս հրատարակած իր «Անկախութեան ճանապարհով» գիրքի 284 էջերուն մէջ, որոնք առնուած են խնամքով պահած իր օրագրութիւններէն:
Գիրքի ներածական հատուածին մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ իր կենսագրութեան կարեւոր հանգրուանները, պարզապէս որպէսզի ընթերցողը կարենայ ըմբռնել իր տեղաշարժերուն եւ հետաքրքրութեանց ու մասնագիտութեանց փոփոխութեան պատճառները:
«Ինչ վերաբերում է գրքում տեղ գտած իմ կենսագրությանը, այդ գլուխը որոշեցի ներառել երկար մտորելուց հետո: Հաշվի առնելով, որ Հայաստանում չեմ ծնվել եւ մեծացել, անհրաժեշտ համարեցի, որ ընթերցողը իմանայ երկրի համակարգում ընդհանուր տասնյոթ տարի եւ արտաքին գործերի նախարարի պաշտոնում տասը տարի աշխատած մարդու արմատների, կյանքի եւ կրթության մասին…»:
Հալէպէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, Հայաստանի մէջ կը շարունակէ իր համալսարանական ուսումը, յաճախելով Պոլիտեխնիկ (Բազմարուեստից) հիմնարկը եւ կ՛աւարտէ ու կը վկայուի որպէս շինարար-ճարտարապետ: Սակայն չի բաւարարուիր այդ մասնագիտութեամբ, Հայաստանին օգտակար դառնալու համար աւելի ազդեցիկ ու գործնական մասնագիտութեան մը մասին կը խորհի ու Միացեալ Նահանգներու մէջ կը սկսի հետեւիլ դիւանագիտութեան հետ առնչուող դասընթացքներու:
«Դիվանագիտությունը ոչ միայն իմ կրթությունն էր, աշխատանքը, այլեւ կիրքն ու նվիրումը: Ես հասկանում էի, որ մեծ մարտահրավերների դիմագրաւող Հայաստանի նման փոքր երկրի համար դիվանագիտությունը ոչ միայն պաշտպանության առաջին ճակատն է, այլեւ հարձակման առաջին գիծը»:
Հարկ կա՞յ ըսելու, որ այս որոշման միակ դրդապատճառն ու մղիչ ուժը եղած է անոր անսակարկ հայրենասիրութիւնը:
Գիրքը կը կարդացուի մեծ հետաքրքրութեամբ, որովհետեւ հեղինակին դիւանագիտական կեանքը լեցուն եղած է բազմաբնոյթ ժողովներով, հանդիպումներով, համագումարներով ու անհատնում ճամբորդութիւններով: Նոյնիսկ պատահած է անգամ մը, որ 24 ժամուան ընթացքին եղած է 4 տարբեր երկիրներու մէջ: Հասկնալի է, նորանկախ Հայաստանին անհրաժեշտ էր դիւանագիտական կապերու ամրապնդումը միջազգային ընտանիքին մէջ, յատկապէս որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով անհրաժեշտ էր կողմնակիցներ գտնել եւ դէմ դնել Թուրքիոյ յենած Ատրպէյճանի նկրտումներուն, ինչպէս նաեւ երկրաշարժէն ու շրջափակումէն տակաւին չապաքինած երկրի տնտեսական եւ ընկերային հարցերու ծանրութիւնը կարելի սահմաններու մէջ նուազագոյնի հասցնել:
Այս անհատնում հանդիպումնեը զանազան երկիրներու ղեկավարներու եւ մասնաւորապէս արտաքին գործոց նախարարներու հետ, յաճախ եղած են ճակատագրական, փորձանուտ, ուր ճատրակի խաղի նման, դիմացինին իւրաքանչիւր քայլին դէմ, իր առնելիք քայլը նախապատրաստելու համար անհրաժեշտ եղած է լուրջ աշխատանք տանիլ, ուսումնասիրել դիմացինին ռազմավարութիւնը ու պատրաստել սեփական ռազմավարութիւն թէ՛ պաշտպանելու համար Հայաստանի եւ Լ. Ղարաբաղի շահերը եւ թէ՛ ՀՀ արտգործնախարարի վարկը յաչս օտարներուն, եւ ընդհանրապէս յաջողելով շահած է դիմացիններուն յարգանքը:
Օսկանեան կ՛ըսէ, որ իր տասնամեայ պաշտօնավարութեան շրջանին բազմաթիւ նախարարներու հետ հանդիպած է եւ որ ամենակարեւորն է, գործակցած կարգ մը երկիրներու իրերայաջորդ երեք արտաքին գործոց նախարարներու հետ, երբ անոնք յաճախ փոխուած են, իսկ ինք շարունակած է մնալ իր պաշտօնին վրայ. բան մը, որ իր հմտութեան եւ կարողութեան խօսուն փաստն է:
Վարդան Օսկանեանի կենաց ճամբան, պատանեկութենէն մինչեւ նախարարութիւն, հետաքրքրական եւ միեւնոյն ժամանակ ուսանելի շատ երեսներ ունի: Ան հայելին է ինքնակերտ անհատականութեան մը, որուն համար Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը վեր է ամէն ինչէ եւ որոնց համար ջանացած է տալ իր ունեցածին գերագոյնը:
«Իմ նվիրվածությունը Հայաստանին ու նրա ապագային չէր սկսվել իմ արտաքին գործերի նախարար դառնալով: Այն չէր վերջանալու, երբ այլեւս նախարար չէի լինելու»: