Դոկտ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Յունուար 2015: Քուէյթէն կանցնիմ Տուպայ: Նկատի ունենալով, որ Քուէյթ կեցութեան կարգավիճակ ունիմ, մտահոգուած չեմ Տուպայի մուտքի արտօնագիրով: Կրնամ ստանալ տեղւոյն վրայ` օդակայանէն; Բայց այս անգամ կացութիւնը քիչ մը տարբեր էր: Պաշտօնեան գանձեց արտօնագիրին արժէքը եւ անցագիրը առնելով, տարաւ զայն օդակայանի ապահովական գրասենեակ` յաւելեալ ստուգումի համար: Քիչ անց ցոյց տալով քովընտի սենեակը` խնդրեց ինձմէ սպասել այնտեղ:
Մխիթարական էր, որ միեւնոյն սենեակին մէջ կային նաեւ մեծ թիւով անձեր, իսկ արաբերէնով եղած խօսակցութիւններէն դժուար չեղաւ կռահել, թէ բոլորս լիբանանցի կամ սուրիացի էինք:
Նստած էի սենեակին մէջ, բայց մտքով ու հոգիով հոն չէի, գացած էի բաւական հեռուները` մտածելով, թէ ասպարէզիս բերումով աւելի քան 25 տարիներու ընթացքին կատարած բազմաթիւ ճամբորդութիւններուս ընթացքին ասիկա քանիերո՛րդ անգամ էր, որ անցագիրս կ”առնուէր ինձմէ` յաւելեալ ստուգումի համար: Պէյրութ ծնած եմ եւ սիրած եմ զայն ու տակաւին մինչեւ այսօր, եւ… շա՛տ: Լիբանանն ինծի տուաւ բազմաթիւ արժէքներ, որոնք իմս են, նաեւ հաւաքականօրէն` մեր մայրիներու այս երկրին: Բայց ինչո՞ւ մեր երկիրը պիտի դառնար տարածաշրջանի ընկերային-քաղաքական «քաշքշուքներու» խաղաքարտ: Անիկա այնքան «քաշքշուեցաւ» ու` տակաւին, որ թուլցաւ եւ կորսուեցաւ իր/մեր «ունեցածը» այն աստիճան, որ իր(Լիբանանի) ինքնութիւնը ու մեր (իմ) անցագիրները պիտի ուղարկուէին ապահովական գրասենեակ` մեր «(չ)ունեցա՞ծը» ստուգելու համար…:
Մտային «ուղեւորութենէս» իրականութեան վերադառնալով` սկսած էի մտիկ ընել սենեակին մէջի խօսակցութիւնները: Երեւի բոլորին համար նոր փորձառութիւն էր կատարուածը: «Բայց չէ՞ որ բոլորս ալ արաբներ ենք, ինչո՞ւ այս միջոցառումները»: Չափահաս մըն էր խօսողը: «Շատ վարկաբեկիչ է…», ուրիշ երիտասարդ մըն էր արտայայտուողը:
Բայց ինծի համար այս բոլորը «հին» փորձառութիւններ էին, զորս շատ անգամ ապրած էի: Բայց նախապէս աւելի դիւրին կ՛ընկալէի այս բոլորը, հիմա արդէն կը դժուարանամ: Հաւանաբար տարի՞քն է ու անոր հետ ձեռք բերուած փորձառութիւննե՞րս:
Մէջս կայ ոտնակոխուած արժանապատուութիւն, բայց նաեւ` զսպուած բարկութիւն, որ ծնունդ կու տայ հարցադրումի մը: «Որպէս լիբանանցի` ինչո՞ւ մեր արժէքը, մեր ունեցածը ամուր չկրցանք պահել»: Եւ երեւի մինչեւ այսօր շարունակուող իրականութիւն է ասիկա:
Մէկ ժամ ետք ապահովական գրասենեակի պաշտօնեան` ձեռքին մեծաթիւ անցագիրներ, դուրս եկաւ եւ սկսաւ անունները կանչել: Անցագիրին տեսակէն կրցայ տեսնել, թէ իմինիս կը նայէր եւ հայկական անուն ըլլալով` կը փորձէր անունս գէթ հնչել: Կանխեցի զինք եւ վերցնելով անցագիրս մօտեցայ միւս պաշտօնեային, որպէսզի կնքէր մուտքի արտօնագիրը: Պաշտօնեան նայեցաւ անցագիրի տարբեր էջերուն, թէ քանի՛ անգամ Տուպայ մտած եմ եւ զարմանքով հարց տուաւ. «Ինչո՞ւ անցագիրդ ներս տարին, երբ այսքան յաճախ եկած ես մեր երկիրը»:
Բաւականացայ միայն երիտասարդ տղուն աչքերուն նայելով, տրամադրութիւն չունէի խօսակցութեան սկսելու: «Չեմ գիտեր», եղաւ արագ ու կարճ պատասխանս: Բայց իրականութեան մէջ գիտէի: Մեր ունեցածն է, որ ամուր չենք կրցած բռնել:
Յունուար 29, Երեւան, Ծիծեռնակաբերդ: Նախագահ Սերժ Սարգիսեանի կողմէ կարդացուած Ցեղասպանութեան հռչակագիրը իր պետական եւ քաղաքական ռազմավարութեամբ ու համահայկական միացեալ դիրքորոշումով եկաւ ոգեւորելու զիս յունուարէն առաջ ունեցած Տուպայի փորձառութենէս ետք: Այս հռչակագիրին մէջ եւ անոր ընդմէջէն վերապրեցայ իմ «ունեցածս», բայց մանաւանդ ապրեցայ դարձեալ «ունեցածս ամուր պահելու» գիտակցութիւնը: Մէկ կողմէ հայրենի պետականութիւնը եւ անոր հետ սփիւռքեան ու համահայկական մէկ ու միացեալ դիրքորոշումը, ուր հայը ներկայացաւ որպէս ապրող ինքնութիւն եւ նկարագիր, միւս կողմէ` այն իրականութիւնը, թէ հայը ինչպէ՛ս բացայայտ դարձուց իր արժէքը համահայկական ամբողջական գիտակցութեամբ` հաստատելով, որ «պիտի յիշենք», բայց նաեւ` «պահանջենք»: Ա՛յս է հայուն արժէքը, որ պէտք է ամուր պահենք:
Յունուար 2015` Տուպայէն մինչեւ Երեւան: Երկու տարբեր փորձառութիւններ, բայց մէկ հասարակ յայտարար եւ մարտահրաւէր` «Ունեցածդ ամուր պահէ»:
Ծիծեռնակաբերդէն հնչած հռչակագիրը փաստեց, որ հայը «ունեցածը ամուր պահած է» եւ պիտի շարունակէ այդպէս, որովհետեւ մեր ունեցածը ամուր բռնելով` պիտի հպարտանանք եւ զօրանանք:
Իսկ հայուն հպարտութիւնը եւ զօրութիւնը ազգային ուժ է, որ մեր ունեցածն է, եւ մեր ունեցածը ամուր պահելով է, որ պիտի շարունակենք ապրիլ:
Ապրիլը` «յիշելով», «պահանջելով», բայց նաեւ… «ապրեցնելով»: