Ամէն անգամ երբ հեռատեսիլէն կը դիտեմ ռոպոթներու ցուցադրութիւնը, որպէս գիտական նուաճում, մարդամեքենաներու, շնամեքենաներու, նոյնիսկ սարդամեքենաներու տողանցքը, որոնք կը փորձեն կապկել մարդուն, նոյնիսկ անասունին եւ միջատին շարժումները, բացարձակապէս չեմ խանդավառուիր, ոչ ալ մտքովս կ՛անցնի զայն նկատել գիտական մեծաքայլ յառաջդիմութիւն:
Չեմ հասկնար, գիտնականները ինչո՞ւ այսքան ճիգ ու դրամ կը թափեն գոյութիւն ունեցող, կատարեալ բանի մը արհեստական կրկնօրինակը ստեղծելու. վասն ինչի՞:
Մարդը կ՛ուզեն մեքենայո՞վ փոխարինել: Հասկցանք որ տիեզերքի, կամ այլ տեսակի գիտական ուսումնասիրութեանց համար համակարգչային հրահանգներու ենթարկուող սարքերը լաւ գործ կը տեսնեն, սակայն չեմ հասկնար, թէ ինչո՞ւ գործարաններու մէջի բանուորները ռոպոթներով կը փոխարինեն: Երբեմն տասնեակ բանուորներու փոխարէն մէկ արհեստական «մարդ» գործի կը լծեն. այդ պարագաներուն «աւելորդ» նկատուած բանուորները ո՞ւր կ՛երթան:
Անգործութիւնը համաշխարհային աղէտ դառնալու վրայ է. անգործութեան հիմնական պատճառը մարդամեքենաները չե՞ն. ուրեմն ինչու կը զարմանան ու իրար կ՛անցնին. չէ՞ որ բանուորները «ուշիմ» սարքերով փոխարինողները իրենք եղան:
Ասկէ անջատ, երբ մարդամեքենային վստահին ամէն ինչ, ապրող, զգացող, մտածող, սիրող, խօսող մարդուն արժէքը ո՞ւր պիտի իյնայ:
Ամէն ինչ մեքենայի վերածենք, օդանաւի տոմս պիտի ապահովես, պէտք չունիս ճամբորդական գրասենեակ երթալով պաշտօնեայէն խնդրելու, տանդ մէջ հանգիստ նստած մէկ երկու կոճակ սեղմելով կրնաս այդ ընել, պանդոկի սենեակ ապահովելու համարՙ նոյնը. զանազան վճարումներ պիտի ընես, գործիքը կ՛ընէ, ան ալ փողոցին մէջ, տուեալ հիմնարկը երթալով կարգի սպասելով ժամավաճառ ըլլալու պէտք չունիս: Եւ ասոնց պէս ահագին գործեր: Հոյակապ: Այս բոլորը մարդուն գործը դիւրացնելու կը ծառայեն, սակայն, այդ գործիքներուն գործը կատարող նախկին պաշտօնեաները ո՞ւր գացին, ի՞նչ կ՛ընեն, անոնց մասին մտածող կա՞յ:
Գիւտ մը կ՛ընես, անոր բարիքները յոխորտալով թուարկելու ատեն անոր չարիքներուն մասին չե՞ս մտածեր: Ալֆրէտ Նոպէլ ուժանակի (դինամիտ) գիւտը ըրաւ օգտակար նպատակով, բայց երբ անոր վնասները նկատեց, իր «մեղքը» քաւելու համար «Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակը» հաստատեց: Մարդոց պաշտօնէ ու գործէ հանողները իրենց մեղքը քաւելու մասին չե՞ն մտածեր:
Տարիներ առաջ հայրենի անուանի աստղաֆիզիկոս Գրիգոր Գուրզադեան, երբ ՀԲԸՄ-ի հրաւէրով Հալէպ կը գտնուէր, իր դասախօսութիւններէն մէկուն ընթացքին ըսաւ. «Հեռու չէ այն օրը, ուր աշխարհի մարդուժի միայն 10% աշխատի եւ մնացեալ 90% անգործ մնայ եւ այդ 10%-ին աշխատանքի արդիւնքովը ապրի…»: Բայց ինչպէ՞ս ապրի, ո՞ր իշխանութիւնը, կամ հասարակարգը այդ գործող փոքրաթիւ տոկոսին շահածը ձրիաբար կու տայ մեծագոյն տոկոսին: Ասիկա utopia չէ՞…
Եթէ այս գիւտերու արշաւը շարունակուի, վախնամ վաղը ռոպոթ քահանայ ալ կը ստեղծեն, որ տնօրհնէք ընէ եւ պսակներ կատարէ, թերեւս ռոպոթ ամուսին ու կին ալ սարքեն, ռոպոթ գրող ու խմբագիր, գուցէ ռոպոթ նախարար ու նախագահ, եւ անշուշտՙ ռոպոթ ընդդիմադիր…
Աստուած օգնէ: (Պայմանաւ որ ինք ալ ռոպոթ չըլլայ):