Նոր տարին սկսաւ, արդէն երրորդ շաբթուան մէջ ալ մտանք, սակայն ոչինչ կը յուշէ թէ մտած ենք Ցեղասպանութեան 100-ամեակը բնորոշող տարուանՙ 2015-ի մէջ:
Հայաստանեան մամուլը ամանորեայ արձակուրդի մէջ էր (այս ալ ուրիշ տարօրինակութիւն մը… Չեմ լսած, որ աշխարհի մէջ թերթ մը 15-20 օր արձակուրդ կ՛առնէ ու հրապարակէն կը հեռանայ, երբ աշխարհը ամէն վայրկեան յղի է տարատեսակ իրադարձութիւններով: Երանի չէ՞ր որ աղէտներն ալ արձակուրդ առնէին, հոգ չէ թէ միայն 15-20 օրով): Ուրեմն ոչինչ կը կարդանք նշածս հարցին մասին: Հեռատեսիլի կայանները դեռ պահեստանոց չեն փոխադրած իրենց պատրաստած տօնական ծրագիրները: Ահագին դրամ ծախսած են ու պէտք է կարելի եղածին չափ շահագործեն:
Ինծի համար Տարեմուտը հաշուեյարդարի օր ըլլալու է. մարդ պէտք է անցնող տարուան անցուդարձերը աչքէ անցընէ, վաճառականի հաշուետետրին նման, ու նայի թէ ինչ շահած է կամ ինչ վնասած, ինչ իրագործած է ու ինչ անկատար ձգած, որպէսզի նոր տարիի ծրագիրը կազմէ:
Անցնող տարուան մէջ ինչեր անցան-դարձան, ինչ տեղաշարժեր եղան, ինչ մտայնութիւններ փոխուեցան, ինչ կաղապարներ փշրուեցան, ինչ նոր գաղափարներ մէջտեղ եկան…
Իմ պարագայիս, անցնող քանի մը տարիները եկան փաստելու, որ սուտ են բոլոր հեքիաթները, եւ վերջաւորութեան բարին չի յաղթեր ու երկինքէն ալ խնձորներ չեն իյնար, այլՙ ռումբեր ու հրթիռներ, որովհետեւ չարն է զօրաւորն ու անպարտելին:
Հաստատապէս համոզուեցանք, որ Նոյի աղաւնին, ձիթենիի ճիւղը կտուցին, խաղաղութեան պատգամաբեր եւ խորհրդանիշ չէր կրնար ըլլալ, սուտ է, իր նման տկար թռչուն մը այսպիսի մեծ առաքելութեան յարմար չէ. կա՛մ արծիւ, կա՛մ բազէ:
Համոզուեցանք, որ կրօնները մարդուս անասնական կիրքերը զսպող ազդակներ չեն եւ ամէն Աստուծոյ անուն տուող հաւատացեալ չէ: Ընդհակառակը, կրօնները պատերազմներ հրահրելու բացառիկ միջոցներ են:
Չեմ գիտեր, եթէ շարունակեմ այսպէս թուարկել, ո՞ւր պիտի հասնիմ:
Աւելի լաւ է վազ անցնիլ հաշուեյարդար կատարելէ, թէ չէՙ ապրիլ շարունակելն իսկ անիմաստ կը դառնայ:
Ինչի՞ մասին կը խօսէինք, ու՞ր հասանք. Ցեղասպանութեան հարիւրամեակ:
Իմ կարծիքով, ցեղասպանը երբ չ՛ընդունիր իր կատարած ցեղասպանութիւնը, կը նշանակէ, թէ ցեղասպանութիւնը տակաւին կը շարունակուի: Հրանդ Տինքը երբ սպաննեցին, մէկ ու կէս միլիոնին վրայ մէկն ալ աւելցուցին, եղաւ 1,500,001: Հիմա Սուրիոյ պատերազմին զոհ գացածներն ալ պէտք չէ՞ աւելցնենք այս թիւին վրայ. Եագուպիէ, Քեսապ, Տէր Զօր, Հալէպ, Նոր Գիւղ, եկեղեցիներ, դպրոցներ, ազգային հաստատութիւններ… Ի՞նչ աւելցնենք մէկ ու կէս միլիոնին վրայ:
Եւ տակաւին կ՛ակնկալենք, որ Թուրքիա ներողութիւն խնդրէ ու հատուցանէ:
Հարիւր տարի անց տակաւին հաշուեյարդար կատարել կարելի չէ: