Դամասկոսի համալսարանի ուսանող էի, երբ առաջին անգամ ըլլալով լսեցի, որ Երեւանը 2750 տարեկան է: Դամասկոսի ազգային դէմքերէն մին, որ հրաւիրուած էր Հայաստան, մասնակցելու այս պատմական տօնակատարութեան, վերադարձէն ետք օրերով կը պատմէր ու կը պատմէր, իսկ մենք բերանաբաց մտիկ կ՛ընէինք ու երեւակայութեամբ կը փոխադրուէինք Երեւան, հրապարակ, ու մեր ուշքն ու միտքը գրաւած 2750 ցայտաղբիւրները:
Արդէն 46 տարիներ անցած են այդ օրէն ու հիմա, որպէս Հայաստանի նորագիր քաղաքացի, կ՛ապրիմ այդ տօնակատարութիւնը, այս անգամ 2796-րդը: Կ՛ուրախանամ, կը յուզուիմ, կը հիանամ մայրաքաղաքի գեղեցկութեամբ, կը ցաւիմ ժխտական երեւոյթներուն համար: Մէկ խօսքովՙ կ՛ապրիմ իմ մայրաքաղաքիս մէջ, որպէս լիիրաւ տէրը անոր, հոգ չէ թէ այս իմ հաւատքս անտեղի ու վաղաժամ նկատեն ոմանք:
Ու այս հոգեվիճակիս մէջ, յանկարծ սուր ցաւ մը կու գայ տակնուվրայ ընել ամբողջ տրամադրութիւնս. Հալէպը կու գայ խառնուիլ Երեւանին ու կը զգամ, որ մէջս երկու բնութիւն կայ, երկու սէր, երկու կարօտ… Երկփեղկուած եմ ինչպէս Թէքէեանը» «Ու մերթ լացաւ, ու մերթ խնդաց իմ հոգին»…
Խնդա՛ց Երեւանիս համար,
Լացա՛ւ Հալէպիս համար:
Հալէպը ծննդեան վկայագիր չունի: Ինչպէ՞ս ունենայ, երբ պատմութեան անտակ ծալքերուն մէջ է թաղուած անոր ծնունդը, որն ըստ առասպելի, կ՛երթայ մինչեւ Հայր Աբրահամ եւ ըստ շոշափելի փաստերու՛ մինչեւ Հիթիթներ… Չէ՞ որ UNESCO-ն զայն ճանչցած է որպէս աշխարհի ամենահին քաղաքը, որ դեռ կ՛ապրի: Կ՛ապրի՞…
Ծնունդդ շնորհաւոր, Երեւան: Թող չար աչքերէ հեռու մնաս, ապրիս եւ ուռճանաս:
Իսկ դո՛ւն, Հալէպ, աղօթքս է որ թօթափես վէրքերդ, ոտքի կանգնիս եւ շուտով գայ այն օրը, ուր ունենաս վերածնունդի վկայագիր: