ԹՂԹԱԿԻՑ
Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափի մէջ միակ համայնքը Նիւ Եորքը եղաւ, որ տօնախմբեց մեր հայրենիքի անկախութեան 23րդ տարեդարձը, սեպտեմբեր 21, 2014, կէսօրէ ետք, Նիւ Եորքի առաջնորդանիստ Ս. Վարդան տաճարի «Հայկ եւ Ալիս Գավուքճեան» հանդիսասրահին մէջ, որ լեցուած էր հայրենակարօտ հայրենակիցներով: Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր Նոյեան Տապան ընկերակցութեան կողմէ, մասնակցութեամբ` Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան, Վարդանանց Ասպետներու եղբայրակցութեան, Ամերիկայի Հայկական համագումարին (Արմինիըն Էսեմբլի) եւ Թէքէեան մշակութային միութեան:
Առաւօտեան Մայր տաճարի մէջ յընթացս Սուրբ պատարագի գոհաբանուեցաւ Հայաստանի անկախութիւնը Մեծն Բրիտանիոյ նախկին առաջնորդ Եղիշէ արք. Գիզիրեանի նախագահութեամբ: Օրուան պատարագիչն էր լուսարարապետ Մամիկոն վրդ. Գիլեճեանը:
Յաւարտ Սուրբ պատարագի տեղի ունեցաւ Հայաստանի 3-րդ Հանրապետութեան 23րդ տարեդարձը, ներկայութեամբ ՄԱԿ-ի մօտ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Զօհրապ Մնացականեանի: Թեմի առաջնորդը` Խաժակ արք. Պարսամեան, կը բացակայէր այդ օր, ներկայ գտնուելով Ս. Էջմիածնի մէջ Հոգեւոր խորհուրդի եւ եկեղեցական այլ ժողովներու:
Հայրենակիցներ` ընդհանրապէս նախկին Խ. Միութեան հանրապետութիւններէն գաղթած Մեծագոյն Նիւ Եորքի ու մասնաւորապէս` Բրուքլին համախմբուած հայեր ներկայ գտնուեցան այս տօնակատարութեան, որուն բացումը կատարուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգներով` կատարողութեամբ Վաղարշակ Օհանեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ դոկտ. Լոյտ Արիոլայի: Թէքէեան մշակութային միութեան Մեծն. Նիւ Եորքի ատենապետ Յակոբ Վարդիվառեան յոտնկայս բաժակ առաջարկեց խմել մեր հայրենիքի անվտանգութեան եւ յաւերժութեան:
Օրուան հանդիսավարն էր Տիգրան Սահակեան, որ ամենայն բծախնդրութեամբ ընթացք տուաւ յայտագրին:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր յարգելի դեսպանը` պրն Զ. Մնացականեան: Ան վերջերս նշանակուեցաւ այս կարեւոր դեսպանական պաշտօնին: Ան յիշեց այն օրը, երբ ՄԱԿի կեդրոնատեղիին առջեւ բարձրացաւ հայոց եռագոյնը, հպարտութեան ալիք մը սփռելով համայն հայութեան համար: Ան բարձր գնահատեց մեր ազգային բանակի դերը: Հայրենիք-սփիւռք կապերու սերտացման մասին արատայայտուեցաւ: Ան ըսաւ, թէ արդէն մեր անկախութիւնը դարձած է պատմութիւն նոր սերունդին համար: Եւ հայութիւնը ապահով կը քալէ դէպի առաջ, դէպի նոր նուաճումներ: Շնորհաւորեց ազգային մեր տարեդարձըՙ մաղթելով ամէն բարիք մեր հայրենիքին եւ ժողովուրդին:
Երկրորդ բանախօսն էր Հարաւային Նիւ Հէյվընի Գընեթիքըթ համալսարանի նախագահ դոկտ. Մէյրի Փափազեանը, որ խօսք առաւ յանուն Վարդանանց Ասպետներու: Ինքՙ երրորդ սերունդի ամերիկահայ, ծնողքը սսեցի, արտայայտուեցաւ իր հարազատներուն հոգեկան մշտական կապերուն Հայաստանի հետ: Հայաստանը այդ սերունդին համար յանապազօրեայ աղօթք է եղած: Երազ ու մնայուն գուրգուրանք:
Երրորդ բանախօսն էր ՌԱԿ-ի ղեկավարներէն եւ ԹՄՄի Մեծն. Նիւ Եորքի ատենապետ Յակոբ Վարդիվառեան, որ շնորհաւորեց ՀՀ տարեդարձը եւ անդրադարձաւ այսօրուան քաղաքական իրադարձութիւններուն. «Զգուշաւոր լաւատեսութեամբ կը դիմաւորենք գալիք օրերը: Տագնապած աշխարհ մը կայ այսօր մեր հայրենիքին շուրջ: Նոր օրերու ցուրտ պատերազմի մը նախօրէին կը գտնուին բոլոր մեծ ու փոքր պետութիւնները: Պէտք չէ կրկնել, բացարձակապէս, անցեալի այն սխալները, որ գործեցին մեզմէ ոմանք, դժբախտաբար: Պէտք չէ զոհը դառնանք այս կամ այն վարդապետութեան կամ քաղաքական արկածախնդրութեան: Կարիքը ունինք համախմբումի, մեր ժողովուրդի քաղաքական բոլոր հոսանքներուն համերաշխ գործակցութեամբ, որպէսզի մեր անկախութիւնը չվտանգուի»:
Ան վստահութիւն յայտնեց հայրենի կառավարութեան ու ազգային բանակին: Վարդիվառեան ըսաւ. «Մեր թիկունքը ամուր է ազատագրուած Արցախով եւ մեր բարեկամութիւնը վերանորոգուած է մեր մնայուն մեծ բարեկամով` Ռուսաստանով»:
Յանուն Ամերիկայի Հայկական համագումարին խօսք ասաւ տնօրէն Բրայըն Արտունի, որ յատկապէս եկած էր մայրաքաղաք Ուաշինգթընէն:
Դասական երաժշտութեան բարձրորակ ելոյթ ունեցաւ Մարիա Սահակեան: «Անդրանիկ» պարախումբը գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Գագիկ Կարապետեանի ներկայացուց հայկական երկու պար: Հուսկ շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Արտեոմ Սարգսեան` յանուն Նոյեան Տապան ընկերակցութեան:
Փակման խօսքը կատարեց Եղիշէ արք. Գիզիրեան, որ վեր առաւ հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան վեհ նպատակները: Աղօթեց մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին ապահովութեան եւ Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան համար: