Ոչ միայն հացիՒ…
Շատ գրուեցաւ սուրիահայերու երեւանեան գոյութեան, անոնց խնդիրներուն եւ լուծելի թէ անլուծելի հարցերուն մասին. յաճախ տարակարծութիւններ ստեղծուած են, «մենք այսպէս, դուք այնպէս» ըսած են իրարու, «ապերախտ» եւ «անզգամ» յորջորջած զիրար: Եւ այս բոլորէն յետոյ մնացեր է մոխրահամ մը բոլորին էութեան մէջ:
Բոլոր սուրիահայերս ու մանաւանդ հալէպահայերս շնորհակալ ենք մեզի հանդէպ ցուցաբերուած ուշադրութենէն թէեւ երբեմն շեղած -, եւ մեզի տրուած օգնութիւններէնՙ նպաստ թէ նիւթական:
Ասոնք սակայն միայն մարմինը պահող միջոցներ են, իսկ մարդը կ՛ապրի նաեւ «բանիւ», ինչպէս մեզի սորվեցուցին մեր նուիրեալ ուսուցիչ-ուսուցչուհիները:
Բայց ի՞նչ է այս «բանիւ»ը, որուն մասին կը խօսիմ:
Անշուշտ մշակոյթը, ուսումը, զարգացումը:
Որքան ալ մեր ֆիզիքական գոյութիւնը պահենք, եթէ անոր կողքին չունենանք այս երրորդութիւնը, ոչինչ կրնանք պահել, մանաւանդ մեզ «հայ» դարձնող էական տարրը:
Հալէպահայ երախաներ անցնող երկու տարիներուն երեւանեան դպրոցներ յաճախեցին, երիտասարդներ համալսարանական տարբեր ճիւղեր ընդունուեցան, եւ կեանքը, թէկուզ կաղալով, շարունակեց իր թաւալքը:
Հիմա արդէն ուսումնական երրորդ տարուան մը սեմին ենք: Բայց … (Ինչո՞ւ միշտ ալ պիտի ըլլայ այս «բայց»ը միշտ եւ ամէն տեղ, կրկին ու կրկին հաստատելով «կեանքի մէջ կատարեալ բան չկայ»ն):
Հալէպահայ աշակերտուհիներ, որոնք համալսարանաւարտՙ արդէն մագիստրատուրայի առաջին տարին փայլուն յաջողութեամբ աւարտեր էին եւ մեծ եռանդով լծուած երկրորդ եւ վերջին տարուան դասերուն, կ՛իմանան, որ իրենք չկան կրթաթոշակներէ օգտուող խմբաւորումներու մէջ, ո՛չ որպէս Հայաստանի քաղաքացի եւ գերազանցիկ, ոչ ալ որպէս հալէպահայեր:
Ինչո՞ւ չկան:
Որովհետեւ որոշում առնուեր է գլխաւոր երեք կողմերէնՙ Սփիւռքի նախարարութենէն, ՀԲԸՄենէն եւ Կիւլպենկեան հաստատութենէն այս տարի կրթաթոշակներ չյատկացնել մագիստրատուրայի ուսանողներուն:
Ասիկա պարզապէս զարմանալի է, քանի մը պատճառներով.
Ա. Նախՙ օրէնք մը յետադարձ ազդեցութիւն պէտք չէ ունենայ, այսինքն ա՛յս տարուան դիմորդները կրնան մերժուիլ, բայց անցեալ տարուան ուսանողները պէ՛տք է միջոց ունենան իրենց ուսումը ամբողջացնելու, թէ ոչ, – եւ ասիկա մեզ կը տանի երկրորդ պատճառինՙ
Բ. Անցեալ տարուան տրուած թէ՛ թոշակները, թէ՛ աշակերտներուն տրամադրած ժամանակը ապարդիւն պիտի ըլլան:
Գ. Պատճառներէն մէկն ալ այս որոշումինՙ նիւթականն է: Կրնա՞յ ըլլալ, որ նիւթականը հաշուի առնուի, երբ նպատակը բարձրագոյն ուսումն է, մանաւանդ որ այս ուսանողները Երեւանի Պետական համալսարանի եւ ճարտարագիտական համալսարանի ուսանողներ են, այսինքն իրենց բարձրագոյն ուսումը հայերէն լեզուով է, որ կը կատարեն: Իսկ լեզուն այսօր մեր ազգային գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկն է նաեւ:
Ինչպէ՞ս հաւատալ, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մեծագոյն հաստատութիւն- միութիւններէն երեքը ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ չկարենան կրթաթոշակ յատկացնել այն քանի մը ուսանողներուն, որոնց բարձրագոյն ուսումը աւարտի հասնելու համար տարի մը մնացեր է միայն:
Կը կարծեմ, որ կարելի է նուազ պարէն յատկացնել, բայց ուսանողներուն կրթաթոշակները ամէ՛ն գնով ապահովել:
Այս քանի մը տողերը կը գրուին այն հաստատ համոզումով, որ այս յոյժ կարեւոր հարցը տեղ կը հասնի եւ իր արդար լուծումը կը գտնէ: