Ալ Շուջահիյա: Այս անունը տակաւին երկար ժամանակ շրջանառութեան մէջ պիտի մնայ: Ներկայ դրութեամբ Գազայի արեւելեան հատուածին մէջ գտնուող այս շրջանին մէջ Իսրայէլ կիրակի արեւծագին հրթիռարձակումներ կատարելով սպաննած է 86 պաղեստինցիներ (այս թիւը նախնական է եւ կրնայ բարձրանալ): Զոհերուն մէջ կան մեծ թիւով երախաներ ու կիներ եւ բացայայտ է, որ զոհերը ոչ մէկ կապ ունին «Համաս»ի զինուորական թեւին ՙ«Ալ Քասսամ»ի հետ: Իսրայէլի այս արարքը պատասխան է նոյն «Ալ Քասսամ» փաղանգի մէկ միաւորին ինքնասպանական գործողութեան, ուր պաղեստինցի կոմանտոսներէն մէկը Ալ Շուճահիյաի արեւելեան հատուածին մէջ իսրայէլեան հրասայլի մը առջեւ ինքզինք պայթեցնելով պատճառ եղած էր եօթը Իսրայէլացի զինուորներու սպաննութեան: Այս թիւը աւելի ուշ կը բարձրանար 14 -ի եւ տեղեկութիւններ կը տրուէին Գոլանի էլիտ ջոկատի գլխաւոր հրամանատարին ծանրօրէն վիրաւորման մասին:
Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն, որ բանակը լիազօրած էր ցամաքային գործողութիւն մը սկսելու Գազայի մէջ, պաշտպանութեան նախարարութենէն պահանջած է յաւելեալ 16 հազար զինուոր առաքել նախօրօք շրջան հասած 40 հազարանոց բանակի կողքին կռուելու համար:
Այս բոլորը կը կատարուին 14 օրէ ի վեր Գազայի վրայ ընթացող օդային ծանր գրոհներուն համընթաց: Մինչեւ այս յօդուածին գրուիլ, Գազայի զոհերուն թիւը բարձրացած է 730-ի, իսկ վիրաւորներունըՙ 3030-ի:
Առաջին անգամը չէ, որ Գազան իսրայէլական կրակները «կը ճաշակէ»: Սակայն այս պատերազմը կը թուի բաւական աւելի ծանր ըլլալ, քան իր նախորդները: Այս մասին կը վկայէ Գազա ապրող լրագրող Ասմա Ալ Ղուլ, որուն կարծիքով առաջին անգամն է, որ Գազայի ժողովուրդը այսքան լքուած ու անտէր կը զգայ ինքզինք: Ասմա նաեւ կը հաւաստէ, որ Գազան միայն «Իխուան»ն («Իսլամ եղբայրներ») ու «Համաս»ը չէ եւ կամ ահաբեկչական միաւորներու բոյն մը չէ: Ասմայի դիտարկումին մէջ ճշմարտացի պատկեր մըն ալ կայՙ Գազայի զոհերուն մեծամասնութիւնը անզէն քաղաքացիներ են:
Իսրայէլ վճռած է գետնափոր անցուղիներուն դէմ պատերազմ բանալ, բայց իրականութեան մէջ 31 գետնափոր թունելներէն ընդամենը 9 հատը քանդած է ցարդ: Փոխարէնը Գազան արեան բաղնիքի վերածուած է:
Իսրայէլեան կողմին մասին խօսելով այստեղ պէտք է արձանագրել յատկապէս «Ետիհոթ Ահրոնոթ» օրաթերթի զինուորական վերլուծաբան Աոն Բեն Եաշայի խօսքը, ուր ան բառացիօրէն կը հաստատէ, թէ «Շաբաթ գիշեր «Ալ Քասամ»ի եւ իսրաէլեան բանակի միաւորներուն միջեւ արձանագրուած բախումները «Համաս»ին համար կարեւոր յաջողութիւն եղան ու այդ բախումներուն ընթացքին աւելի քան 120 իսրայէլացի զինուորներ ծանրօրէն վիրաւորուեցան»:
Այսպիսի տեղեկագիրներ «դուրս տալէ» ետք պարզ է, որ իսրայէլեան կողմը լուրջ տագնապի մը առջեւ է: Ու Գազայի պատերազմը չէ հասած իր «նպատակին»: Ատոր համար է նաեւ, որ Իսրայէլի ղեկավարութիւնը իր համբերութիւնը կորսնցնելով վայրագօրէն թիրախ կը դարձնէ տեղի խաղաղ բնակչութիւնը:
Պատերազմական գետնի վրայ այս ձախողութիւնը վստահաբար պիտի ազդէ քաղաքական օրակարգին վրայ ու Նաթանիահու յառաջիկային տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն պիտի քաղէ իր «հերոսութեան» պտուղները:
Իսրայէլի ցամաքային զինուորական գործողութիւններու ձախողութիւնը միայն տեսական մօտեցում մը չէ: Այս իմաստով «Ալ Քուտս» կայքէջը մանրամասնօրէն նկարագրած է իսրայէլեան զինուորական շարասիւնի մը ոչնչացման գործողութիւնը, որը տեղի ունեցած է Գազայի Ալ Շուջահիյա շրջանին մէջ եղող «Ալ Ուաֆա» հիւանդանոցէն 500 մետր հեռաւորութեան վրայ: Ըստ հրապարակուած տեղեկութեան, իսրայէլեան հրասայլեր հատելով սահմանային գիծը հանդիպած են «Քասամ»ի լարած թակարդներուն ու պաղեստինցի զինեալները պայթեցնելէ ետք պայթուցիկով լեցուն տակառները յարձակած են շարասիւինին վրայ եւ սպաննած աւելի քան 14 իսրայէլացի զինուոր: Այս գործողութենէն յետոյ իսրայէլեան թնդանօթները կրակ թափած են Շուջահիյա հատուածին վրայ եւ սպաննած աւելի քան 86 անզէն պաղեստինցիներ:
Վերադառնալով խնդրի քաղաքական երեսին, Արաբական յատուկ ճիգ մը կայ, որ նաեւ կը մղուի Եգիպտոսի իշխանութիւններուն կողմէ «Համաս»ը ամէն գնով խաղէն դուրս ձգելու: Եւ ինչպէս Նաթանիահու յայտարարած էր, որ եգիպտական հրադադարի նախաձեռնութեան գլխաւոր միտք բանին մօտիկ ապագային տեղի ունենալիք «Համաս»ի զինաթափումն է:
Ակներեւ է նաեւ, որ այս պայմաններուն տակ ամէնէն շատ իր դիրքերը ամրացնողը «Համաս»ն է, պարզ անոր համար, որ անոր զինեալները աւելի կարեւոր կէտեր կը նշանակեն եւ հակառակ իսրայէլեական «Պողպատեայ գմբէթ»ին, յաջողեցան կրակի տակ պահել Թէլ Աւիւը, Դիմոնան, Աշքելոնը եւ Աշդոդը:
Ճիշդ է, որ իսրայէլացի քաղաքացիները այդքան ալ վախի մէջ չեն եւ «Ալ Ջազիրա»ի հայազգի լրագրող Փոլ Չատըրճեանին կողմէ տրամադրուած կարճ տեսանիւթէ մը պարզ կը դառնայ, որ իսրայէլացիներ երջանիկ պահեր կ՛անցընեն ու նոյնիսկ «Սելֆի»ներ կ՛ընեն ապաստարաններուն մէջ:
Միւս կողմէ, պաղեստինցին կորսնցնելիք բան չունի: Արեան մէջ եւ հակաիսրայէլեան զգացումներով հասակ առած պաղեստինցի ներկայ սերունդը լուրջ խնդիր պիտի դառնայ Իսրայէլի այսօրուան ու վաղուան ղեկավարութեան համար, որ իբրեւ թէ իր քաղաքացիներուն ապահովութեան համար պատրաստ է ամէն ինչ ընելու: Նաթանիահու պատրաստ է պատերազմական ամէնէն արիւնոտ ոճիրները գործելու: Սպանդ, մորթուած երախաներ եւ արիւն: Այս բոլորը երեւելի են: Սակայն նոյն ղեկավարը կը մոռնայ, որ այս բոլորը անկարող են խաղաղութիւն պարգեւելու իր երկրին:
Պէտք է նաեւ ըսել, որ Գազայի այս պատերազմին արաբական ընդհանուր կեցուածքին մասին կարելի է խօսիլ միայն պատերազմի աւարտէն ետք: Հիմա մեծագոյն պարտուողը խաղաղութեան քարտն է: Ու այս պարտութիւնը ամէնէն աւելի Մ. Նահանգներուն այսօրուան ղեկավարութեան ուսերուն պիտի բեռցուի:
Արիւնը, զոհողութիւնը, հողին համար նահատակուիլը պաղեստինցի ժողովուրդին սուրբգրային օրէնքներն են: Ու տեղին է, որ այս նկարագրային գծերը ականջի օղ ըլլան բոլոր անոնց, որոնք իբրեւ թէ կը տառապին Միջին Արեւելքի մէջ կտոր մը խաղաղութիւն կերտելու համար: