ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ, Նիւ Ջերսի
Շաբաթ, նոյեմբերի 9-ին, առաւօտեան ժամը 9-ին ՌԱԿ-ի Մեծագոյն Նիւ Եորքի Արմենական-Յովսէփեան ակումբին հրաւէրով նախաճաշ-հանդիպում մը կազմակերպուեցաւ թուրք լրագրող ու Մեծ եղեռնի պատասխանատուներէն Ջեմալ փաշայի թոռան` Հասան Ջեմալի հետ: Բացի ընկերներէ, ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայկական Համագումարի (Արմինիըն Էսեմբլի), Վարդանանց Ասպետներու համախմբումի, ԹՄՄ-ի պատասխանատու ազգայիններ: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ԹՄՄ-ի Նիւ Ջըրզիի կեդրոնին մէջ:
Օրուան բացումը կատարեց բժիշկ Վաղինակ Դարբինեանը, որ յանուն ՌԱԿ-ին բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ վարեց օրուան յայտագիրը: Քաղաքս այցելաբար ժամանած լաթաքիահայ գրող եւ կուսակցութեան բարեկամ Յակոբ Ադամեան ընթերցեց Հասան Ջեմալի գրքին իր կողմէ թարգմանուած նախաբանը, որ ինքնին արեւմտահայ գեղեցիկ թարգմանութիւն մըն էր: Սոյն գիրքին հրատարակութիւնը շուտով պիտի իրականանայ ԹՄՄ-ի կողմէ: Այնուհետեւ խօսք առաւ Վարդանանց ասպետներու ծանօթ սպարապետներէն եւ սիրուած ազգային Հրանդ Կիւլեան, որ հակիրճ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան հիւրը, որ յատկապէս եկած էր ներկայ գտնուելու այս եւ նախորդ երեկոյեան Սրբոց Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ժողովրդական հանդիպման, որուն ներկայ գտնուած էին 250 ազգայիններ:
Յաւուր պատշաճի իր խօսքը փոխանցեց ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացչութեան դիւանագէտներէն Սահակ Սարգսեան, որ շեշտեց նման հանդիպումներու կարեւորութիւնը հանրային կարծիք կազմելու համար Ցեղասպանութեան շուրջ, մանաւանդ` Մեծ եղեռնի դարադարձի նախօրէին:
Պրն Ջեմալ անգլերէն լեզուով կարդաց իր խօսքը Ցեղասպանութեան նուիրուած իր համանուն գիրքին հրատարակութեան դրդապատճառներուն մասինՙ տալով լուսաբանութիւններ: Ան իր գրաւոր խօսքը յանձնեց ՌԱԿ-ի պատասխանատուներուն, որպէսզի հրատարակուի ՌԱԿ պաշտօնաթերթ` «Արմինիըն Միրըր-Սփեքթէյթըր» շաբաթաթերթին մէջ:
Առիթ տրուեցաւ ներկաներուն սրտբացօրէն արտայայտուելու եւ հարցադրումներ կատարելու: Ներկաները կրցան իրենց երբեմն զգացական, երբեմն քաղաքական սուր հարցերը տալ հիւրին: Հասան Ջեմալ այդ հարցերուն պատասխանեց ամենայն պատասխանատուութեամբ: