ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ, Նիւ Ճըրզի (ԱՄՆ)
«Ազգ»ի սեպտեմբեր 24-ի թիւին մէջ կարդացինք Մ.Խ. ստորագրութեամբ «Տարբեր երկրների հայկական ծագմամբ նախագահներ» գրութիւնը, որուն նիւթը, կ՚ըսէ հեղինակը, «քաղել ենք սոցիալական ցանցերից»: Յօդուածին հեղինակը (կ՚ենթադրենքՙ թերթի վաստակաւոր լրագրողներէն Մարիետա Խաչատրեանը) ներկայացուցած է Լիբանանի երկու, Սուրիոյ մէկ, եւ Արժանթինի մէկ նախագահ, որոնց հայկական ծագում վերագրուած է: Ան կը յայտնէ, թէ այդ նոյն աղբիւրներուն յիշած ու Լիբանանի երբեմնի նախագահ Քամիլ Շամունին վերագրուած հայկական ծագումը շինծու է:
Մենք չենք գիտեր, թէ ո՞ր մէկ «սոցիալական ցանց»ը աղբիւր եղած է այս գրութեան, սակայն մեր կարծիքով, բուն սկզբնաղբիւրը Time to Analyze ռուսատառ կայքագիրն (բլոգ) է, որ Յունուար 14, 2012ին հինգ նախագահներուն (Քամիլ Շամունը ներառեալ) հայկական ծագումը պնդող հրապարակում մը ըրած էրՙ «Армяне, ставшие президентами за пределами Родины» վերնագրով: Արժանթինի նախկին նախագահ Գարլոս Մենեմի բաժինը կու տանք ստորեւ.
«Карлос Менем – президент Аргентины в период 1989 по 1999. Родился в армяно-алавитской семье иммигрантов из Сирии. В Аргентине приняли христианство, Карлос Менем был крещен в Армянской Католической Церкви. При правлении Менема армянская община Аргентина стала одной из главных движущих сил мирового армянского лобби. Карлос Менем и по сей день является одним из главных действующих лиц армянского лобби в Аргентине» (http://timetoanalyze.wordpress.com/page/2/).
Ընթերցողը կրնայ թարգմանութիւնը բառացիօրէն գտնել «Ազգ»ի հրապարակումին մէջ: Այս պարբերութիւնը, ըստ Google-ի սեպտեմբեր 24-ի մեր որոնումին, 18 ռուսերէն կայքէջերու կամ Դիմագիրքի (Facebook) էջերու մէջ արտատպուած է այնուհետեւ:
Ի պէտս զարգացելոց, որոնց շարքինՙ «Արմենպրես»ին, որ ոչ-խրախուսելի «զուգադիպութեամբ» այդ նոյն տեղեկութիւնները կրկնած է… սեպտեմբեր 24ի թողարկումով, հարկ է ճշդել, որ բացի հանրագիտարանային այն փաստէն, որ Մենեմ 1989-1999 թուականներուն Արժանթինի նախագահ եղած է, մնացեալը, մեղմ ասած, սոսկ պատմաշինարարութիւն է կամ, ինչպէս Հ. Վարդան Հացունի գրած է առիթով մը, «աներեւոյթի մէջ թափառում»:
Տողերս գրողը նոյեմբեր 2012-ին Against Stupidity («Ընդդէմ յիմարութեան») վերնագրուած գրառում մը զետեղած էր (անգլերէն ու սպաներէն տարբերակներով) armeniaca-haygagank.blogspot.com կայքագրին մէջՙ ուշադրութիւն դարձնելով այդ տեղեկութիւններուն անհիմն բնոյթին, բայց պարզ է, որ այդ անդրադարձը ռուսագիր կամ հայագիր հեղինակներու աչքէն վրիպած էՙ համացանցային ծովուն մէջ, թերեւս նաեւ լեզուական պատճառներով:
Արդ, փորձենք կարելի ընդլայնումով ներկայացնել մեր առարկութիւնները:
Այսպէս.
Մենեմ ծնած է ալաուիական, ո՛չ թէ «հայ-ալավիական ընտանիքում». հօրը անունը Սաուլ Մենեհեմ էր, մօրը անունըՙ Մոհիպէ Աքըլ: Եթէ այս անուններէն մէկուն ետին հայկական կապ մը կայ, Մենեմի, որ ընդհանրապէս խուսափած է իր արմատներուն մանրամասն անդրադառնալէ, կեանքը մանրակրկիտ կերպով հետազօտած արժանթինցի բազմաթիւ լրագրողներ չեն յաջողած ո՛չ զայն բացայայտել եւ ո՛չ ալ, թէկուզ բամբասանքի կարգով, ակնարկել:
Ըստառաջին կնոջ (1966-1991)ՙ Զուլեմա Եոմայի հետ 2002-ին կատարուած հարցազրոյցի մը, Մենեմ ծնունդով մահմետական եղած է ու կաթողիկէ մկրտուածՙ1966-ին: Եթէ ան մկրտուած ըլլար Արժանթինի «Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ» մէջ, իրաւականօրէն չէր կրնար նախագահ ընտրուած ըլլալ 1989-ին, որովհետեւ մինչեւ 1994-ի բարեփոխումը, Արժանթինի Սահմանադրութիւնը կը պահանջէր, որ երկրի նախագահն ու փոխնախագահը Արժանթին ծնած ըլլային ու պատկանէին «Կաթողիկէ Հռոմէական եկեղեցւոյ»: Աւելցնենք, որ Մենեմի նախագահութեան տասնամեակին, նման տարաձայնութիւն բացարձակապէս գոյութիւն ունեցած չէ արժանթինահայ համայնքին մէջ: Ի դէպ, ընդամէնը մէկ հայ կաթողիկէ եկեղեցի կայ Արժանթինի մէջ. նման պնդում հալած իւղի տեղ ընդունողները կրնան Նարեկ Ս. Տիրամօր եկեղեցւոյ տոմարները ստուգել:
1990-ական թուականներուն արժանթինահայ համայնքը «համաշխարհային հայկական լոպպի»ին շարժիչ ուժերէն մէկը չէր: Մենեմ 1995ին ամբողջական վեթոյի ենթարկած է արժանթինեան խորհրդարանի զոյգ պալատներուն կողմէ վաւերացուած թիւ 24559/95 օրէնքը, որ Ապրիլ 24ը կը հռչակէր «Մերժումի եւ պայքարի օրՙ ընդդէմ մարդու դէմ մարդու խտրականութեան»ՙ մեկնելով հայկական ցեղասպանութեան փաստէն:«Համաշխարհային հայկական լոպպի»ի իբրեւ թէ շարժիչ ուժ արժանթինահայ համայնքը այնքան ուժ չունէ՞ր, որ իր «հայազգի բարեկամ»ը համոզէրՙ վեթոյի գաղափարէն հրաժարելու: Ամբողջական վեթոն կ՚ենթադրէր, որ օրէնքը այլեւս կարելի չէր վերատեսութեան ենթարկել խորհրդարանին մէջ: Այդ օրէնքը, տարբեր բանաձեւումով, վերստին վաւերացուած է խորհրդարանի զոյգ պալատներուն կողմէ նոյեմբեր-դեկտեմբեր 2006-ին ու երկրի հանգուցեալ նախագահ Նեստոր Քիրչնէրի կողմէ հրապարակուածՙ յունուար 2007-ին, այսինքնՙ Մենեմի վեթոյէն տասներկու տարի ետք:
Եթէ Մենեմ 2005-էն ի վերՙ Արժանթինի Ծերակոյտի (սենատ) անդամ — վերջին տասնամեակին շարունակած է «արժանթինահայ լոբբիի սերտ բարեկամներից մնալ», ատիկա որեւէ փաստական դրսեւորում ունեցած չէ: Անոր անունը ընդհանրապէս անհետացած է արժանթինահայ մամուլի էջերէն: Այս ժամանակաշրջանին, Մենեմ աւելի մտահոգ էր փտածութեան (կոռուպցիա) մեղադրանքներով, որոնց հետեւանքով, ի դէպ, յունիս 2013-ին եօթը տարուան բանտարկութեան (տարիքի հետեւանքովՙ տնային կալանք) դատապարտուած է:
Եթէ այս բոլոր փաստարկները համոզիչ չնկատուին, կ՚արժէ որ բանիմաց ընթերցողը խորհրդածէ հետեւեալ առեղծուածներուն մասին.-
Ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել, որ 1989-1999-ին, այսինքնՙ տասնամեայ նախագահութեան ամբողջ տեւողութեան, արժանթինահայ մամուլը կամ համայնքը որեւէ ակնարկութիւն ըրած չըլլան Մենեմի հայկական ծագումին:
Ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել, որ 1992-ին, երբ Մենեմ պաշտօնապէս Թուրքիա այցելած է, թրքական կառավարութենէն պատուոյ անձնագիր ստացած է, որուն հակազդած է հետեւեալ արտայայտութեամբ. «Քանի որ ինծի թուրքօ կ՚ըսեն, Թուրքիոյ անձնագիրը պիտի ընդունիմ»: Յիշենք, որ Օսմանեան կայսրութեան նախկին հպատակ բոլոր ժողովուրդները մինչեւ օրս «թուրքօ» (թուրք) մակդիրով յաճախ կը կոչուինՙ յատկապէս արաբները: Ի դէպ, հայերը տասնամեակներ շարունակ պայքարած են, որպէսզի տեղացիները հասկնան այդ մակդիրին անարգական բնոյթը, մինչեւ որ յաջողած են պատմութիւնը սորվեցնել հանրութեան:
Ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել, որ յունիս 1998-ին, երբ Մենեմ պաշտօնապէս Հայաստան այցելած է, ո՛չ մէկ յայտարարութիւն կատարած ըլլայ, թէկուզ եւ կիսաբերան, իր «նախնեաց» երկրին կամ հայկական ծագումին մասին:
Հետաքրքրական է, որ վերոյիշեալ Time to Analyze կայքագիրը (վերջին թարմացումը ապրիլ 2012-ին եղած է) պնդած է, որ «Мы используем лишь самые авторитетные источники на различных иностранных языках» («Մենք միայն կը գործածենք ամենէն հեղինակաւոր սկզբնաղբիւրները տարբեր լեզուներով»): Մենեմի նուիրուած տասնեակ սպաներէն հատորներու անյայտ մնացած այդ «սկզբնաղբիւրը», ըստ երեւոյթին, «գաղտնի ճամբայ» մը ունի, որուն ընդմէջէն վարակի նման սփռուած է այլուր եւ թիւրիմացաբարՙ«Ազգ»ի էջերը թափանցած:
Մեր կարծիքով, վերոյիշեալ տեղեկութիւնները կը պատկանին ծագումնաբանական հէքիաթներու այն տեսակին, որ արդէն երկհարիւրամեայ վաղեմութիւն ունի եւ որ մինչեւ օրս կը «հարստացնէ»հայ իրականութիւնըՙ այս կամ այն միջազգային դէմքը հայ ծագումով պճնազարդելու եւ, Պարոյր Սեւակի խօսքով, ազգային սնապարծութիւն արծարծելու աւելորդ փոյթով:
Գարլոս Մենեմ հայ չէ: Փաստերու լեզուն ուրիշ բան չի յուշեր: