Հեղինակՙ ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ
Քիչ է ըսել Սուրիան մեծ տագնապի մէջ է. սիրելի Սուրիան կ՛այրի, սուրիահայ գաղութը իր գոյութիւնը պահպանելուՙ մնալ-չմնալու խնդիր կը դիմագրաւէ:
Այս մասին է վերջին մեծերէն մէկունՙ Թորոս Թորանեանի անկեղծ պատումներու սոյն մատեանըՙ «Խառնակ օրեր Հալէպի մէջ» գիրքը, որուն մեծ մասը նախապէս լոյս տեսած է հայ մամուլին մէջ, նաեւՙ հայրենի «Ազգ»ին:
Հալէպահայութեան դժնդակ օրերերէն քաղուած հարիւրէ աւելի պատումներ, որոնք հետաքրքրութեամբ կը կարդացուին, կը կարդացուին ցաւով, կը կարդացուին սիրով հանդէպ այս կործանուող երկիրը, հանդէպ հայերուն այնքա՜ն հարազատ Հալէպ քաղաքը…
Հալէ՜պ, Հալէ՜պ… Քու հանդէպ ունեցած իր պաշտամունքը կը ցոլացնէ Թորանեան սոյն հաւաքածուի իւրաքանչիւր պատումին ընդմէջէն, պաշտամունք զոր հեղինակին հետ կը բաժնեկցի ամէն մէկ հայՙ Հալէպի մէջ մնացած, սիրելի այս քաղաքէն հեռացած եւ… այս քաղաքին բոլորովին անծանօթ հայ: Եւ այս պաշտամունքը ակներեւ կերպով կը տեսնուի սոյն մատեանի բազմաթիւ էջերուն մէջ:
Այլ ակներեւ կէտ մըն ալ պէտք է արձանագրել. հեղինակը անընդհատ, առանց յոգնելու, առանց պայթիւններուն կարեւորութիւն տալու պտտած է Հալէպի անապահով փողոցները, այցելած է բոլորը, ականատես եղած է կատարուած ոճիրներուն, կիսած է ցաւը վիրաւորին, սգացած է մահը զոհերուն, հացը կիսած է իր հայրենակիցին հետ եւ այս ամէնը հարազատօրէն յանձնած է թուղթին, որպէս ժառանգ Հայկեան լեզուով գալիքի խօսողին ու Մեսրոպեան գիրերով ներկայի եւ ապագայի ընթերցողին:
220 էջերու մէջ մեր մեծ ողբերգութիւնը արձանագրած է Թորանեան, արձանագրած է միայն իր տեսածը, ինչպէս ինք կը հաւաստիացնէ, որովհետեւ լսածը կրնայ չափազանցուած ըլլալ, իսկ ինք կ՛ուզէ հարազատութեամբ միայն որակական պատկերը ցոլացնել կատարուածին: Արձանագրած է լիարժէք գեղարուեստականութեամբ եւ արխիւային փաստագրութեամբ, վաւերագրելով ամէնօրեայ պատահարները ողբերգական Հալէպին եւ տառապեալ հալէպցիին: Թորանեան գրած է խոր վիշտով, ափսոսանքով, նաեւ ընդվզումով, որ երբեմն պոռթկումի կը հասնի Սուրիան քանդողներուն դէմ, որոնք ալ ըլլան անոնք: Սակայն ամենաողբերգականին մէջն իսկ «անուղղայ լաւատես» Թորանեանը նկատած է լոյսի եւ յոյսի շող, «Խառնակ»ին մէջ փնտռելով «Երազային»ը, յաջողելով մեզ եւս վարակել եւ համոզել, որ որ կեանքը պիտի շարունակուի, բարին պիտի յաղթէ եւ Մայր գաղութը ոչ միայն պիտի գոյատեւէ, այլեւ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը վասն հայապահպանումի, նաեւ վասն համայն Սուրիոյ:
Թորանեան անդրադարձած է նաեւ մեր կազմակերպութիւններու կողմէ կատարուած հսկայական աշխատանքինՙ ինչ-որ չափով մեղմացնելու մեր գաղութին տանջանքները: Գաղութՙ որ տարտղնուեցաւ եւ կանգնեցաւ կործանման սեմին, սակայն որուն պահպանման համար ճիգեր կը գործադրէ համայն հայութիւնը:
Սուրիան կը շարունակէ մնալ պատերազմական վիճակի մէջ. սուրիահայութիւնը նոյն տագնապի մէջ կը շարունակէ տառապիլ ու պայքարիլ: Թորանեան պատկերած է Սուրիոյ մէջ մնացողներուս վիճակը: Կը տագնապի նաեւ Սուրիայէն հեռացած հայը, ի մասնաւորի Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ:
Թորանեան վերջակէտ մը դրած է այս պատումներուն: Վստահ եմ անհանգիստ հեղինակը ամբողջապէս պատկերելու համար համայն սուրիահայերու տագնապները, երկրորդ եւ երրորդ հատորներով մեզի պիտի ներկայացնէ մեր ցաւի այլ երեսները եւս, աւարտելով իր անաւարտ պատումները:
Թորանեան պարտաւոր է, եւ բարեբախտաբար ան գիտակից է իր պարտաւորութեանց:
ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ, Հալէպ, օգոստոս, 2013