Պատասխանատու գանատահայեր
Բագրատ Սրբազանի անհատականութեան երկու հակոտնեայ երեսները Կաթողիկոս Գարեգին Բ կը նշանակէ Նաթան արք. Յովհաննէսեանը տեղապահ Գանատահայոց թեմին
Մայիս 24-25 շաբաթավերջին Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ բացարձակ կանոնաւորութեամբ եւ օրինականութեամբ գումարուած Գանատահայոց թեմի 30-րդ տարեկան Պատգամաւորական ժողովին յաջորդեց համացանցային տգեղ ելոյթներու շարք մը, որ հետզհետէ սաստկացաւ, այս կենսունակ համայնքին մէջ պարզելով տխուր երեւոյթ մը, անպատշաճ ոճով, անհիմն ամբաստանութիւններով եւ անհատական ու հաւաքական պառակտիչ հետեւանքներով:
Համաձայն թեմի ծրագիր-կանոնագրին, Պատգամաւորական ժողովի պարտականութիւններէն մին եղած էր Բագրատ եպս. Գալստանեանի առաջնորդական պաշտօնավարութեան երկրորդ հնգամեակի աւարտին, եւ համաձայն ծրագիր-կանոնագրի, կատարել առաջնորդական ընտրութիւն, թեկնածուներու եռանուն ցանկէ մը, որ վաւերացուած էր Ամենայն հայոց Գարեգին Բ կաթողիկոսին կողմէ:
Քուէարկութիւնը ի վերջոյ գործնապէս կը կեդրոնանար Բագրատ Սրբազանի եւ Շիքակոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւՙ Արէն աբեղայ Ճէպէճեանի շուրջ: 47 ներկայ պատգամաւորներու քուէարկութիւնը կ՛աւարտէր 24 /23 արդիւնքով ի նպաստ Հ. Արէն Ճէպէճեանի:
Իբրեւ արդիւնք, առանց ուշացումի, զսպանակի նման, համացանցային տգեղ եւ քանդիչ յարձակումները ծայր տուին, դժբախտաբար նոյնինքն Բագրատ Սրբազանի քաջալերութեամբ: Անհիմն եւ ամօթալի այս ցեխարցակումները ուղղուած են նաեւ թեմի նուիրեալ հոգեւորականներուն եւ պատկառելի վաստակ ունեցող ազգայիններու դէմ:
Համայնքի այն անդամները, որոնք ճանչցած են Բագրատ Սրբազանը միայն ընկերային միջավայրի առերեւոյթ բարեհամբոյր իր բնաւորութեամբՙ հանդիսութիւններու, ճաշկերոյթներու, համերգներու, ուխտագնացութիւններու եւ նման այլ առիթներով, բնականաբար վրդովմունք յայտնած են թէ այս քուէարկութիւնը չի ցոլացներ համայնքի մեծամասնութեան զգացումները. կարծէք թէ սա համայնքին մէջ ժողովրդականութեան մրցանքի քուէարկութիւն է: Սակայն ընդհանուր ժողովուրդը շատ բնականօրէն չէր կրնար գիտնալ իսկական պատճառները, թէ ինչու՞ Բագրատ Սրբազան չվերընտրուեցաւ: Իսկ համացանցին վրայ երեւցող անունները յաճախ բոլորովին կեղծ են եւ կամ կուգան երկրագունտի հեռաւոր անկիւններէն, կարծէք թէ անոնք տեղեակ են գանատահայոց հարցերուն…
Պատշաճօրէն խուսափեցանք, ժամանակ մը, հրապարակաւ բացայայտելու ընտրութեան արդիւնքներուն առաջնորդող պատճառները, խնայելու համար հայ եկեղեցականին վարկը: Սակայն, ան չդադրեցաւ դրդելու բարեմիտները, ամէն միջոցներով ընտրութիւնը անվաւեր նկատելու պահանջներով, նոյնիսկ իր Հայաստան վերադարձէն ետքՙ Հայաստանի համացանցային ծիծաղելի ըլլալու աստիճան հղումներով, հակառակ որ Բագրատ Սրբազան պաշտօնական գրութեամբ մը առ երես կ՛ընդունէր ընտրութիւններու արդիւնքը եւ իբրեւ թէ ցանկութիւն կը յայտնէր համայնքի խաղաղութեան:
Ուրեմն պարտաւոր կը զգանք գոնէ մասամբ բացայայտելու անոր անհատականութեան հակոտնեայ երեսը, որ շատ լաւ ծանօթ է աշխարհական թէ կղերականՙ անոնց , որոնք սերտօրէն պէտք էր գործակցէին իր հետ, թեմի կառավարման, եկեղեցական ու ազգային լուրջ եւ հրատապ հարցերու հաւաքական հետապնդման համար: Բազմաթիւներու վկայութեամբ, իր վերաբերմունքը իր ստորադասներուն եւ կրօնական կամ աշխարհական գործակիցներուն նկատմամբ եղած է արհամարական, անտեսող, նոյնիսկ կոպիտ ըլլալու աստիճան անհանդուրժելի, մերժելով ամէն խորհրդակցութիւն կամ խրատականՙ փորձառու ու երէց ազգայիններէ, մանաւանդ նկատի ունենալով որ Գանատայի իր պաշտօնավարութիւնը սփիւռքի մէջ իր առաջին հովուական փորձառութիւնն էր իր շատ երիտասարդ տարիքին: Իր հետ որեւէ գործակցող պէտք է որ ըլլայ ի վերջոյ կա՛մ համաձայն իր հետ, կամ իր գրքին մէջ կ՛արձանագրուի որպէս թշնամի: Իր այս վարմունքին պատճառաւ համայնքային եւ թեմական տնօրինումներ շատ անգամ եղան սխալ, սուղ արժեցին եւ ունեցան աղիտալի վերջաւորութիւն:
Օրինակՙ քանի մը տարի առաջ, Բագրատ Սրբազան ծրագիր-կանոնագրին հակառակ շարժելով, եւ քանի մը անհատներու գործակցութեամբ, հակաօրինական գաղտնապահութեամբ փորձեց մեր ներկայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ փառաւոր շէնքը գրաւի դնել (mortgage), նպատակ ունենալով ֆինանսաւորել Լավալի եկեղեցւոյ շինութեան տարաբախտ ծրագիրը: Այդ ուղղութեամբ, մեր մօտ ունինք օրինակները փոխառութեան բոլոր փաստաթուղթերուն, որոնք պատրաստ էին ստորագրուելու, երբ շնորհիւ մի քանի ծխական ազգայիններու արթնութեան, ամբողջ ծուխի ընդվզումով, պահանջուեցաւ որ այդ ծրագիրը բերուէրՙ ըստ ծրագիր-կանոնագրին, Ծխական ընդհանուր անդամական արտահերթ ժողովի նկատառութեան: Բոլորին ծանօթ է թէ ժողովը գումարուեցաւ եւ բացարձակապէս մերժեց վաւերացնել փոխառութեան այդ ծրագիրը: Այլապէս, հաւանաբար այսօր մեր փառահեղ եկեղեցին ալ կորսնցուցած պիտի ըլլայինք, Լավալի խոշոր պարտքերուն իբրեւ զոհ:
Իսկ Լավալի եկեղեցւոյ շինութեան ծրագրի անհեռատես եւ շուտիկ որոշումները մսխեցին ժողովուրդին կողմէ հանգանակուած աւելի քան մէկ միլիոն դոլարը եւ նոր փոխառութիւններով այսօր այդ եկեղեցին դրած են մօտ մէկ միլիոն դոլար պարտքի տակ, մինչ շինութեան ծրագիրը երեք տարիէ ի վեր մտած է փակուղի. միայն հիմերը եւ քանի մը ոտք բարձրութեամբ պատերը դրուած են, մնացեալ շինութեան համար առ նուազն 4 միլիոն դոլար եւս կարիք ունենալով:
Մօտ տարի մը առաջ, երբ անմիջական դրամի պահանջը եղած էր Լավալի ծուխին մէջ, համաձայն ներկայ անձերու վկայութեան, Սրբազանը պարտադրած էր, որ իր կողմէ կարգադրուած մեծագումար փոխառութիւն մը կատարուի անհաւատալի 36% տոկոսով: Յետոյ դադրեցուած են տոկոսներու վճարումները, ընթացք տալով դատական հետապնդումներու:
Տակաւին շատ օրինակներ կան, որոնցմէ մի քանին միայն յիշեցինք, ուր Սրբազանը իր պնդումներով, իր շուրջիններուն պարտադրած է առնել անխորհուրդ քայլեր:
Ու այս բոլորըՙ երբ ինք, որպէս Առաջնորդ, երբեք պէտք չունէր ինքնագլուխ կերպով միջամուխ ըլլալու այսպիսի խոշոր ծրագրի մը մէջ, առանց զիջանելու ոչ մէկ խորհուրդի: Այս գործին պատասխանատու, ծանօթ եւ յարգուած մասնագէտներ, որոնք շինութեան յանձնախումբի մէջ եղած են, զզուածՙ հրաժարած են ու հեռացած:
Ահա թէ ի՞նչ իսկական պատճառներով է որ Բագրատ Սրբազան հասկնալիօրէն չվերընտրուեցաւ:
Իսկ գանատահայութեան այս օրերու անփառունակ ու պառակտեալ վիճակէն յուսախաբ, բացառիկ ազնիւ մտահոգութեամբ եւ բարձրոգի ժեսթով մը, թիւրացնելու համար գաղութին դէպի խաղաղութիւն վերադարձը, նորընտիր առաջնորդ Արէն աբեղայ Ճէպէճեան ներկայացուցած է իր հրաժարականը:
Այս կացութեան առջեւ գոհունակութեամբ տեղեկացանք, թէ Վեհափառ հայրապետը տեղապահ նշանակած է Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննէսեանը, որ կը ժամանէ Մոնթրէալ յառաջիկայ շաբաթներուն, խաղաղեցնելու համար գրգռուած ջիղերը եւ պատրաստելու որպէսզի տարի մը ետք կատարուին առաջնորդական բնականոն ընտրութիւնները յառաջիկայ Թեմական պատգամաւորական ժողովին ընթացքին: Որոշ է անշուշտ, թէ Բագրատ Սրբազան մեկնած է այս գաղութէն, ուր ան կը մնայ անվերադառնալի, իր կատարած վերոյիշեալ արարքներուն իսկ պատճառով:
Կ”ուզենք յուսալ ու մաղթել, որ մեր համայնքի անդամները պիտի ունենան հասունութիւնըՙ նորանշանակ տեղապահին հետ գործակցելու շինիչ կերպով, ի նպաստ մեր գաղթօջախի բարօրութեան, եւ դադրեցնելու վարկաբեկիչ վերագրումներով գոհացում տալու հին ու նոր ոխերու եւ հաշիւներ մաքրելու: