Իմ Հայաստան հաստատուելուս 10 տարի եղաւ, Սուրիոյ պատերազմին պատճառով ուրիշ հեռացողներու պարագային՝ աւելի, կամ նուազ: Շատեր մնացին, շատեր գաղթեցին ուրիշ երկիրներ, իսկ Սուրիա վերադարձող՝ շատ չնչին:
Բազմաչարչար Մայր գաղութը նօսրացաւ, նախկին բնակչութեան հազիւ մէկ քառորդը մնացած է, բայց դեռ կենսունակ է, զարմացնելով բոլորին՝ միութիւնները կը գործեն, ակումբները բաց են, թէեւ նախկին եռուզերը չկայ, բայց նաեւ թափուր չեն եւ հնարաւոր պայմաններով սկաուտական, մարզական խումբեր կը պահեն, երաժշտական, թատերական, պարային եւ մշակութային այլ միջոցառումներով հանդէս կու գան, ազգային, ընկերային ձեռնարկներն անպակաս են: Դպրոցները թէեւ կոտորակուած ու սեղմուած, սակայն կանոնաւոր կերպով կը գործեն եւ կրթական ծրագիրները լի ու լի կատարելով՝ պետական քննութեանց մեծ յաջողութիւններ կ՛արձանագրեն:
Աւանդոյթ դարձած հայկական օրացոյցներ կը տպուին ու կը բաժնուին, կը տպուին նաեւ հայերէն գիրքեր, պարբերաթերթեր, մահազդներ, բացիկներ: Իսկ ամենակարեւորը՝ «Գանձասար» շաբաթաթերթը ահա՛ արդէն 30 տարիէ ի վեր կը շարունակէ կանոնաւոր լոյս տեսնել ամէն շաբաթ: Բաց են հայապատկան վաճառատուները, հայկական ճաշարանները, բարեսիրական-նպաստամատոյց կեդրոնները:
Հայաստան հաստատուողները արդէն կէս մը տեղացի դարձած են, կ՛աշխատին, կ՛ապրին, շատերը՝ լաւ, որոշները՝ շատ լաւ, իսկ բաւական թիւ մըն ալ՝ դժուար, սակայն կը պայքարին սղաճին դէմ: Արտադրական, ստեղծագործական, բժշկական, տնտեսական, շինարարական, ճարտարագիտական, արհեստներու եւ այլ ասպարէզներու մէջ բաւական յառաջացան, միակ մարզը, ուր տեղ չունին սուրիահայերը, պետական-կառավարական հաստատութիւններն են, որոնք մենաշնորհն են տեղացիներու որոշ նեղ հատուածի մը, իմա՝ իշխող խաւին:
Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնը պահպանելու երազը փայփայեցինք, նկատի առնելով այստեղ պետական միջոցառումները, սակայն այդպէս չեղաւ: Կը կարծեմ որ ընդհակառակը՝ արեւմտահայերէնը կամաց-կամաց պիտի մաշի, այնքան ատեն, որ նոր սերունդը պիտի հասակ առնէ եւ նախընտրաբար արեւելահայերէն պիտի խօսի ու գրէ, որպէս հետեւանք իրենց ուսումնառութեան հայաստանեան դպրոցներու մէջ: Պետական ոչ մէկ հետաքրքրութիւն այդ ուղղութեամբ: Երեւան հրատարակուող բոլոր թերթերուն մէջ շաբաթական մէկ սիւնակ լոյս կը տեսնէ արեմտահայերէնով, իսկ «Գրական Թերթն» ալ տարին անգամ մը, կամ երկու արեւմեահայերէնով պատմուածք մը կը տպէ, եթէ գրող ըլլայ: Հեռատեսիլէն ոչ մէկ հաղորդում արեւմտահայերէնով, ռատիոյէն օրական տասը վայրկեան (րոպէ) լուրերու հաղորդում, մէյ մըն ալ շաբաթը անգամ մը արեւմտահայերէն 15 րոպէանոց հաղորդում: Հալէպահայ քանի մը գրողներ կը շարունակեն գրել եւ հրատարակել իրենց գործերը, որպէս գիրք, որուն պատիւն ու շնորհը գլխաւորաբար կ՛երթայ դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանին:
Մեծ եւ ազդեցիկ բացակայութիւն մըն է Սփիւռքի նախարարութիւնը, որ պատմութեան անցաւ եւ որուն կարիքը չզգաց նոր իշխանութիւնը, իսկ ներկայի գործակատարը երբեք ալ նախկինը չէ: Դպրոցներուն մէջ արեւմտահայերէն չի դասաւանդուիր, բացի մէկ, կամ երկու սեփական վարժարաններէ:
Իսկ ի՞նչ վիճակի մէջ են Սուրիայէն Հայաստան, ապա Հայաստանէն Արեւմուտք գաղթածները: Ասիկա դժուար հարց մըն է, որովհետեւ այնքան տարտղնուած են ու տարբեր հազարումէկ պայմաններու մէջ կ՛ապրին, որ յստակ պատկեր մը տալու կը դժուարանամ: Թէեւ գրեթէ բոլորն ալ կ՛ըսեն, թէ գոհ եւ ուրախ են, սակայն մէկ բան պարզ է՝ գացողը ուզէ-չուզէ պիտի ենթարկուի նոր պայմաններու, նոր օրէնքներու, նոր միջավայրի ու մշակոյթի, եւ որ ամենակարեւորն է՝ ընտանիք պահելու ջանք պիտի թափէ: Ուրեմն նախընտրութեան հարց չկայ: Ինչ գործ որ գտնէ, պիտի աշխատի: Մեծամասնութիւնը գործարաններու մէջ աշխատաւոր կը դառնայ, նոյնիսկ Հալէպի մէջ գործատէր եղողը օտար երկիրներու մէջ գործաւոր կը դառնայ ակամայ: Կը վազէ, կը յոգնի, հին օրերը կը յիշէ, կը կարօտնայ իր ծննդավայրը, սակայն վերադարձ չկայ: Ու այսպէս աշխարհագրականօրէն կը ծածկենք աշխարհն ու այնքան երազուած հայահաւաքը Հայաստանի մէջ, կը շարունակէ երազ մնալ: Արեւելքէն փչող պատերազմի հովերը կը մտահոգեն եկուոր սուրիահայերը, որոնք ակամայ հարց կու տան՝ «Ասկէ ետք ո՞ւր..»: Սուրիա, Լիբանան, Հայաստան, յետո՞յ…:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ