Ռազմիկ Դաւոյեանի մուտքը մեր քերթողական անդաստանէն ներս եղաւ անաղմուկ: Վտիտ քերթողատետր մը` «Իմ աշխարհը», Պարոյր Սեւակի խմբագրութեամբ: Յետոյ, «Ստուերների միջով»ը` դարձեալ վտիտ ու անշուք կազմով: Բայց այսքանն ալ բաւական եղաւ, որ նոր շունչով, նոր նայուածքով եւ նոր տեսլականով օժտուած բանաստեղծը պարտադրէ ինքզինք եւ գրաւէ իր արժանի տեղը հայրենի բանաստեղծներու աւագ-նորերու հոյլի կողքին: Ճիշդ է, հոյլին ամենակրտսերն էր, բայց արդէն կը զանազանուէր անկէ: Նոր հոյլի մը նախակորիզը կը դառնար, որպէս խուզարկուն նոր հորիզոններու: Փայլուն խոստում մըն էր: Եւ սպասցնել չտուաւ այդ խոստումը: Ահաւասիկ հասունութեան իր փաստը` «Ռեքվիէմ» իր երկարաշունչ պոէմը:
Առաջին հեղ ծաղկաքաղի մը տպաւորութիւնը կը թողու «Ռէքվիէմ»ը, մեր դարաւոր քերթողութեան ոսկեայ ծաղկաքաղին: Հոն արձագանգներ կան վահագնաշունչ մեր հեթանոսութենէն, կայ ճենճերումը Նարեկացիին, տրտունջը Դուրեանին, գեղուղէշ հասակը Վարուժանին, ցասումը Սիամանթոյին, կայ տակաւին եւ մանաւանդ թախիծը Տէրեանին, նայիրեան մորմոքը Չարենցին եւ նոր օրերու հպարտութիւնը Պարոյր Սեւակին: Բայց բնա՛ւ հաւաքածոյ մը չէ այդ ծաղկաքաղը, այլ պարզապէս իւրացումը, զտումը, բիւրեղացումը անոնց ազնուագոյնին եւ լուսաւորումը անոնց` իր նոր ու սեփական լոյսի ճանաչումով:
Ռազմիկ Դաւոյեան, այսպէ՛ս, արմատները խրած հայ բանաստեղծութեան պարարտ հողի ընդերքներուն, լիացած, հարստացած անոր ոսկի աւանդով, ճամբայ ելած է սակայն իբրեւ նոր ուղիներու խուզարկու, նոր տագնապներու, մտահոգութիւններու եւ զգայնութիւններու սուզակ, նոր դարու մարդն է ան: նոր խօսք ունի ըսելիք: Հին մտածելաձեւերուն եւ արտայայտչականութեան մէջ նեղուածք կը զգայ: Կը ջանայ չկաղապարուիլ շրջանային նեղ ու ժլատ մտածողութեան մէջ: Այլ որպէս արդի մարդ, իր արմատները կը փնտռէ շատ հեռուն, նախնադարեան քարայրներէն իսկ անդին, եւ իր յիշողութիւնները կու գան տիեզերքի ձեւաւորման օրերէն, երբ` «չեմ յիշում ո՞վ, աստղերը անգոյն, փոքրիկ, մեծ-մե՛ծ, սեղմեց իրար, զարկեց իրարու…», «երբ դու փղոսկրէ անօթ էիր` լցուած դատարկութեա՛մբ, ես ծուխ էի` լուծուած փղոսկրով…», «երբ ժամանակը արեւագալի ձեռքերով ոսկէ, բացեց կապտամութ գիշերուայ առաջ մեր աչքերը փակ»:
Ա՛լ իր տարերքը մարդն է, քարանձաւի դարերէն մինչեւ տիեզերական թռիչքներուն հասնող մարդը, մարդը եւ անոր բախտը, մարդը եւ անոր ճամբան, մարդն ու մահը, մարդն ու երջանկութեան որոնումը, մարդն ու իր ստրկացումը, ինչպէս նաեւ անոր մաքառումները, թախիծը, առանձնութիւնն ու ազատութեան տենչը: «Ռեքվիէմ»ը պարզապէս մարդերգութեան պոէման է, անոր բոլոր յոյզերուն, բոլոր երազներուն եւ թռիչքներուն, նաեւ` բոլոր անկումներուն եւ եղծանումներուն հերարձակ երգը վսեմ: Կամ բանաձեւումով` պատկերազարդ պատմութիւնը անցեալին, եռքն ու բաբախումը ներկայի սրտին եւ լուսատենչ թռիչքը դէպի գալիք օրերը պայծառ: Բարեբախտաբար, ընդհանրական մարդը բանաստեղծին նայուածքէն չէ պահած, չէ ծածկած մարդու առանձնայատուկ այն տեսակը, որ հա՛յ մարդ կը կոչուի: Դաւոյեանին համար մարդկութեան արիւնոտ ճանապարհին վրայ, առանձնայատուկ հանգրուան մըն է հայ մարդուն խաչելութիւնն ու յարութիւնը: Ան երգած է Հայ Գողգոթան որպէս մարդկային մեծագոյն աղէտներէն ամէնէն եպերելին: Երգած է «եղեռնի օրեր` անապատի աւազներուն վրայ լլկուած» որպէս նախատինք, «մեր բախտի բոլոր անդունդները», ինչպէս նաեւ մեր յարութեան «յոյսն ու հաւատքը:»
Իր ընդհանրութեան մէջ այս է նոր խօսքը Դաւոյեանին, հոգեհանգի՛ստ մարդկութեան երկար ճանապարհին ինկած նահատակներուն եւ հաւա՛տք նաեւ` մարդուն բարութեան եւ վերընձիւղումին հանդէպ: Բայց ինչպէս ամէն ընդհանրացում, այս մէկն ալ կը մնայ տժգոյն եւ մասամբ անզօր` Դաւոյեանի գրքին գահավիժող զգացականութեան, խառանող խոհերուն եւ մրրկաշունչ թաւալքին դէմ յանդիման: Եւ այս բոլորը մատուցուած` ցնցող կամ քնքոյշ, բայց անպայման կլանիչ պատկերներով, երեւակայութեան հզօր թափով, հրաշէկ կիրքով, խանձող մորմոքով, ինչպէս նաեւ գլգլացող մեղմութեամբ, հեռացող բայց խօսուն լռութեամբ եւ ամբողջութեամբ` շունչդ բռնող գեղեցկութեամբ:
Գեղեցկութիւն ժայթքեցնելու մոգականութիւն ունի Դաւոյեան: Գեղեցկութիւն շաղ տալու, ամէն մէկ քայլափոխիդ քեզ անոնցմով ողողելու հմայիչ կարողութիւնը ունի ան: Լսենք զինք.
«Տուէք ինձ իմ ձեռքերը,
Եւ ձեզ համար գոյն-գոյն լոյսեր կը քաղեմ ես,
Կը հաւաքեմ ծաղիկների շշուկները մէկ-մէկ…»:
Գեղեցկութիւնը գլխաւորաբար իր նայուածքին մէջ է, որ գիտէ սեւեռուիլ ամենահասարակ իրի, տարրի կամ երեւոյթի վրայ եւ անոր սովորական վարշամակին տակէն դուրս հանել ընտրանի գեղեցկութիւնը: Ահա՛ նմոյշ մը եւս.
«Տա՛պ է
Անասելի, անծա՛յր մի տապ,
Հեռու քարանձաւից
Խեղդուող օրուայ խռխռոցն է գալիս…»:
Սա սովորական բառերու շարայարում մըն է: Բառերը առանձին-առանձին առած` ո՛չ բանաստեղծական են եւ ոչ ալ թելադրական, բայց բանաստեղծին գրչին տակ մէկտեղուելով, շարահիւսուելով կը ստեղծեն պահի մը ֆիզիքական զգացողութեան այնպիսի թելադրականութիւն մը, որուն ազդեցութեան տակ ոչ միայն բուռն թափով կ՛ապրինք պահը, այլ եւ մանաւանդ թափ կու տանք մեր երեւակայութեան` երթալ հասնելու համար մինչեւ նախամարդուն քարանձաւները: Իսկ երբ ան կ՛ըսէ.
«Մեր բերանը – ճեղքուած ու վիրաւոր մի սիրտ`
Ատամների վայրագութեամբ բռնաբարուած»,
մեր սովորական, այնքան պիտանի ակռայ-ատամներուն կը վիճակուի վայրագութեամբ բռնաբարողի այսպիսի սոսկալի դեր մը, որ ֆիզիքական իրականութենէն անդին կը մատնէ դասակարգ մը մարդոց գիշատիչ ախորժակները այնքան դիպուկ ձեւով:
Այսպիսով Դաւոյեան կը դառնայ բառերու, պատկերներու ալշիմիստ մը: Ան չի վարանիր բառերու օրինաւոր շարահիւսութիւնն իսկ խառնշտկելէ եւ անոնց իմաստն ու պաշտօնը շրջելէ, բռնելու համար ճիշդ այն պատկերը, որմէ լաւագոյն հանդերձանքով պիտի ցայտէ միտումն ու մտածումը:
Այսպէս`
«Աղաղակով թռչող լճեր կային`
Մեռած կարապների վրայ»,
կ՛ըսէ բանաստեղծը պատկերելու համար անմեղութեան, յոյսին խողխողումին ողբերգութիւնը, կարապին յատկանիշները լիճին փոխանցելով:
Պատկերաւոր մտածողութիւնը Դաւոյեանի նախընտրած ձեւն է: Պատկերներու կը հանդիպինք գրեթէ ամէն անկիւնադարձի, իւրաքանչիւր տողի մէջ, պատկերներ` որոնք կը խածնեն, կը մտրակեն մեր երեւակայութիւնը, անոր ընձեռնելով ուժականութիւն մը, որ կը գերազանցէ իրականութիւնը: Տակաւին, անոնք կրնան նրբօրէն շոյել մեր զգացումները, նոր գեղեցկութիւններ կը հիւսեն ներաշխարհիդ մէջ, միշտ յայտնուելով չսպասուած անկիւնէն, անակնկալի բերելով քեզ, արթուն ու զգաստ պահելով ուշադրութիւնդ: Եւ բնաւ չեն յոգնեցներ այդ պատկերները, որովհետեւ թարմ եմ, ճկուն, ճշգրիտ եւ վայելչագեղ անպայմա՛ն, եւ ունին իրենց անհրաժեշտ դերն ու պաշտօնը, այսպէ՛ս`
«Առուներում լոյսը կարկաչում է ահա,
Քարերը ծաղկում են,
Գոյն-գոյն ծիծաղները
Թռչկոտում են ծաղկած քարերի մէջ»:
Դեռ կարելի է բերել բուռ-բուռ այլ պատկերներ ալ, «ծովէն հանուած» մարգարիտի պէս մաքուր, բիւրեղ ու վճիտ: Ատոր համար հարկ պիտի ըլլայ մէջբերել ամբողջ գիրքը:
Դաւոյեանի լեզուն հարուստ է եւ ճկուն միանգամայն: Գրաբարէն ասած է յորձք եւ վեհութիւն, արեւմտահայերէնէն` զգացական նրբութիւն եւ գունագեղութիւն իսկ արեւելահայերէնը պարգեւած է իրեն հիւթեղ պարզութիւն եւ քնարականութիւն: Երեքին համադրութեամբ ստեղծած է բազմերանգ, նրբագեղ լեզու մը, որ ըստ պահանջի յորձանուտ է, կամ մեղմ ու հանդարտ, մերթ շաչող ու խառանող, մերթ ալ վեհ ու միսթիք: Ամէն հոգեվիճակի հարազատութիւն, ամէն մտածումի պայծառութիւն եւ զգացումի խռովք պարգեւող լեզու: Երբ իր աւարտին կը փակենք գիրքը եւ կը փորձենք կշիռի զարնել զայն, կ՛ունենանք վարանման պահ մը. ո՞ր ծանրութեան չափով կշռել զայն, ինչպիսի չափանիշով արժեւորել կամ ի՞նչ տարազի տակ բերել «Ռեքվիէմը»ը: Բոլոր մեր ունեցած չափանիշները, այս պարագային, անյարմար կը թուին, ժամանցուա՛ծ: Որովհետեւ Դաւոյեան, հակառակ իր հին ու խոր արմատներուն, նոր է ամբողջութեամբ: Նոր` համամարդկային իր հորիզոնով, նոր` տիեզերականին իր ձգտումով եւ շունչով, նոր` մտածելակերպով, զգայնութեամբ, նայուածքով, արտայայտչականութեամբ եւ մանաւանդ ներշնչումով: Ինքնին, ինք արդէն նոր չափանիշ մըն է. մեր նոր բանաստեղծութեան նոր չափանիշը: