Քաղաքապետարանի աւագանիի ընտրութիւնները մօտեցան, մօտեցաւ նաեւ «փչան Թոդորոս»-ներու ժամանակը: Հաւանաբար շատեր գիտեն, թէ ով է «փչան Տոթորոս»-ը. չգիտցողներուն համար ըսեմ, որ յոյն գրող Պսաֆասի «Պահանջւում է ստախօս» կատակերգութեան հերոսն է. երբ երեսփոխան մը ընտրուելէ ետք, ընտրարշաւի օրերուն իր տուած խոստումները կատարել չկարենալուն համար արհեստավարժ ստախօս մը կը վարձէ, որպէսզի ան ընդունի իր գրասենեակը ափ առնող քաղաքացիները եւ իր ստաբանական վարպետութեամբ զանոնք ճամբու դնէ:
Այսօր ալ նոյնը կը կատարուի: Քաղաքապետարանը մեղրի կարաս է կարծես, որ 13-14 կուսակցութիւն ճանճի պէս վրան թառած են, որոնք ինչ-ինչ խոստումներ կու տան, որպէսզի քուէներ շահին: Խոստում տալէն աւելի դիւրին բան չկայ, դժուարը՝ խոստումը յարգելն ու կատարելն է: Օրինակ՝ ի՞նչ ըսել է «Ասե՛ք, կանենք», որո՞ւ ուղղուած է այդ խօսքը, ժողովուրդի՞ն, այսինքն անոնք ինչ ըսեն՝ դուք պատրաստ էք գործադրելու: Բաւական լուրջ խնդիր է, ես վստահ եմ, որ հարիւրաւոր առաջարկներ պիտի ըլլան, ո՞վ պիտի իրականացնէ զանոնք, թէ՞ հերթի պիտի դրուին առաջարկները, եթէ անշուշտ դիմումները կարդացող ըլլայ:
Անցեալ շրջանին շատ մը գործեր կատարուեցան, եւ ամենագլխաւորը՝ ջանասիրութեամբ հին աւտոբուսները նորերով փոխարինուեցան: Շատ լաւ, սակայն կարգ մը ուրիշ անկատար մնացած բաներ կան, որոնք լուրջ հետապնդումի կարօտ են: Թուեմ մի քանին, գուցէ օգտակար դառնամ ապագայ քաղաքապետերուն:
Վտանգաւոր վիճակի մէջ գտնուող վերելակներու վերանորոգումը չէ ամբողջացած եւ ատենը անգամ մը կեանքեր կը խլեն, դեռ անցեալները տարիքոտ կին մը Երեւանի Կլենտէյլ Հիլզի մէջ ութերորդ յարկէն ինկած էր վերելակի փոսին մէջ ու մահացած: Անպայման ամբողջացնելու է հին վերելակները նորերով փոխարինելու աշխատանքը: Թէեւ կը խօսինք վերելակներու մասին, սակայն շէնքեր կան բաւական ողորմելի վիճակի մէջ, որոնք անհրաժեշտ նորոգութեանց կարիք ունին:
Երկրորդը մեր քաղաքին տգեղ երեսն են՝ թաքսիները… Մեր թաքսիներուն վիճակը չի տարբերիր գիւղի մը թաքսիներէն: Դէպի կատարելագործում ընթացող մեր երկրին մէջ ամօթ է այսպիսի թաքսի-ծառայութիւն ունենալը: Նախ՝ բոլոր թաքսիները պետական գրանցում ունենալու են. պէտք է բոլորը միագոյն ըլլան, պէտք է բոլորը հաշուիչ ունենան, ապակիները թափանցիկ, ղեկին մօտ պիտակ մը թաքսիի տիրոջ եւ վարորդի անուններով եւ մեքենային համարանիշով, որպէսզի յաճախորդը ապահով զգայ: Վարորդը յատուկ կարգավիճակ ունենալու է, նախընտրաբար յատուկ դասընթացքի հետեւած, մաքուր նկարագրի տէր, ուղեւորներուն հետ լաւագոյն ձեւով վարուելու պատրաստ, կոկիկ հագուածքով, մեքենային մէջ չծխող: Թաքսիները քաղաքի մը դէմքը կը ներկայացնեն եւ ուղեւորին վրայ տպաւորութիւն կը գործեն:
Երրորդ՝ անհրաժեշտ է զբօսայգիներուն յատուկ ուշադրութիւն դարձնել, մասնաւորաբար Անգլիական այգին, ամենասիրուած այգին ամենաթափթփած վիճակի մէջ է, ուր ո՛չ կանոնաւոր սալայատակուած անցուղիներ կան, ո՛չ ներկայանալի լուացարան-զուգարան:
Փողոցներու եզրի փոշոտած լուսասիւներուն լամբերը ատենը անգամ մը լուացուելու են:
Նոր աւտոբուսերուն մէջ յաճախ 100 դրամանոց չունեցողը վարորդի՛ն կը յանձնէ գումարը, այդ դրամները ո՞ւր կ՛երթան, ստուգուա՞ծ է: Կարելի չէ՞ մեթրոյին նման ժեթոններ օգտագործել:
Շատ կարեւոր է, որ որմազդերու հիմնական լեզուն հայերէն ըլլայ, օտարալեզու որմազդ փակցնողները տուգանուելու են:
Նկատողութիւններ եւ առաջարկներ, յանուն մեր մայրաքաղաքի բարօրութեան, շատ են, երբ ատենը գայ, կը յայտնենք: Կ՛ասենք ու դուք կ՛անէք, բայց աւելի ճիշդ պիտի ըլլար, որ դուք ընտրուելէ ետք ելլէք ձեր պատեանէն ու շրջագայիք քաղաքին մէջ ու իմ բոլոր մատնանշածներս տեսնէք, զգաք ձեր մաշկին վրայ ու կարիք չունենաք ուրիշներու յիշեցումին:
Յ.Գ.- Բոլոր թեկնածուները աթոռ չգրաւած՝ մէյ մը թող բառարաններուն դիմեն ու հասկնան, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «Աւագանի», ու իրենք իրենց հարց տան, «իրենք իրաւունք ունի՞ն Աւագանի կոչուելու»:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ