Առաջին անգամ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք՝ հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ Հասաքէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ պատմական հիմնադրական խորհրդաժողով
21 Յուլիս 2024-ը անկիւնադարձային պիտի ըլլայ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած կրօնափոխ քրիստոնեայ հայերուն համար, որոնք 1915-էն ի վեր կ՛ապրին ու կը գոյատեւեն հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ: «Հայ սոցիալական խորհուրդ»ի հիմնադրութեան խորհրդաժողովն է, որ տեղի ունեցաւ Հասաքէ քաղաքի «Մարպելա» դահիլիճին մէջ: Արդէն ամիսներ առաջ, խորհուրդի ղեկավարներ Արեւ Թասլաքեանը եւ Մկրտիչ Քեսթեճեանը, հիւսիս-արեւելեան ինքնավար մարզի քիւրտ ղեկավարութեան ներկայացուցչուհի Փերվենի հետ այցելած էին Լիբանան, ուր կազմակերպած էին անոնց հանդիպումները լիբանանահայ թէ քիւրտ պատասխանատուներու հետ, մինչ ՀԲԸՄ-ի «Ահրամճեան» կեդրոնին մէջ տնօրէն Համբիկ Մարտիրոսեանը հիւրասիրութիւն ալ կազմակերպած էր այդ նուիրեալներուն համար:
Վերադառնալով Հասաքէ՝ 21 Յուլիսի առաւօտեան խորհրդաժողովի դահլիճը ծայրէ ծայր լեցուած էր կրօնափոխ եւ քրիստոնեայ, ցեղասպանութենէ փրկուած հայ, ասորի, արաբ, քիւրտ կազմակերպութիւններու ղեկավար անդամներու եւ պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներով: Առանձնապէս ուրախալի էր, Դեմոկրատական միութեան-PYD համանագահ, հայասէր քիւրտ նշանաւոր դէմք Սալիհ Մուսալեմի մասնակցութիւնը եւ ուղերձը ներկաներուն ու հայ ժողովուրդին` միասնական ջանքերով դիմակայելու թուրք ոճրագործ պետութեան եւ անոր վարձկաններու խժդժութիւնները եւ պայքարելու անոնց դէմ:
Խորհրդաժողովի գլխաւոր կազմակերպիչներ՝ Արեւ Թասլաքեանը, Մկրտիչ Քեսթեճեանը, ասորի («հայերու փեսայ») Հաննա Սովմին եւ ուրիշներ առիթ ընծայեցին քանի մը լեզուներով ելոյթներ ունենալու, այլեւ ընթերցելու արտասահմանէն, Մայր հայրենիքէն, Լիբանանէն, Իրաքէն, ԱՄՆ-էն, Ֆրանսայէն, Թուրքիայէն զօրակցող ուժերու եւ մտաւորականներու խրախուսական խօսքերը:
Շուտով հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ Հայկական Սոցիալական խորհուրդի պատուիրակութիւնը պիտի մեկնի Մայր հայրենիք՝ հանդիպումներ ունենալու պետական անձնաւորութիւններու հետ եւ շարունակելու իրենց շնորհակալ ու դժուարին առաքելութիւնը, մանաւանդ կրօնափոխ 25.000 հայերու, արաբ, քիւրտ, ասորի ղեկավարներու մօտ…:
Յաջողութիւն եւ բարի երթ կը մաղթենք իրենց:
ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ
Պէյրութ – Հասաքէ
(Հեռախօսով եւ համացանցով)