Հայրս, երկար տարիներ Հալէպի շոգեկառքերու կայարանը որպէս վարպետ շոգեշարժավար աշխատելէ ետք երբ հանգստեան տարիքը հասաւ, ստիպուած եղանք կայարանի մեր դրախտային տունը լքել եւ փոխադրուիլ Հալէպի յայտնի թաղամաս Նոր գիւղ: Մեր ետին ձգած էինք ընդարձակ տուն մը իր դալարագեղ պարտէզով, իր վարդենիներով, պտղատու ծառերով եւ բանջարանոցով: Մեր այս նոր տան բակը կէս սենեակի մը տարածքը ունէր, մեր կայարանի պարտէզին մէկ ածուին չափ: Հայրս, որ ծառ ու ծաղիկ կը սիրէր իր զաւակներուն չափ, պիտի մնար առանց պարտէզի, այգեստանէն անապատ փոխադրուելու պէս բան մը: Սակայն ի յիշատակ մեր պարտէզին՝ հետը բերած էր որթատունկի արմատէն շիւ մը, որուն համար անմիջապէս բակին մէկ անկիւնը փոս փորեց ու շիւը մէջը թաղեց: Որթատունկի շիւը աճեցաւ, բարձրացաւ ու քանի մը տարի ետք ծածկեց բակը: Ես երախայ էի ու չհասկցայ, թէ ինչո՞ւ հայրս բոլոր բոյսերէն միայն որթատունկը նախընտրած էր: Մենք կերանք անոր խաղողը, խաղողէն առաջ քամեցինք ազոխն ու ստացանք թթու հիւթը, իսկ ամրան օրերուն վայելեցինք անոր ստուերոտ հովանին:
Կ՛ըսեն՝ Նոյը երբ Արարատ լեռէն իջաւ, առաջին գործը եղաւ որթատունկ մը տնկել, որպէս օրհնեալ, ամենաօգտակար բոյսը, որուն հիւթեղ, համեղ խաղողը Աստուածային պտուղ մըն է, որ կը յագեցնէ, որուն խաղողէն պատրաստուած գինին անմահական է, որուն չիրը չամիչ կ՛ըլլայ, որուն տերեւներուն մէջ միս ու բրինձ փաթթելով ճաշատեսակներ կը պատրաստուին: Իսկապէս Աստուածային հրաշալի պտղատեսակ մը, որով հարուստ է Հայաստանը եւ որ հայկական զարդանախշերուն մէջ կ՛օգտագործուի անոր նկարը, որպէս ազգային միրգ:
Այս մասին կը մտածէի, երբ յիշեցի քանիցս դիտած ամերիկեան շարժանկար մը, ուր անծայրածիր խաղողի այգի մը հրդեհի զոհ կը դառնայ եւ այգեպանին ու անոր ընտանիքին կեանքին ահաւոր հարուած մը կ՛ըլլայ, իրենց երկարամեայ աշխատանքին արդիւնքը այդպէս ժամուան մը ընթացքին մոխիրի կը վերածուի: Սակայն այրած բազմահազար տունկերուն մէջ կը գտնուի մէկ հատիկ տունկ մը, որուն արմատին չէ հասած կրակը եւ որուն մէջ տակաւի կեանք կայ:
Այգեպանին ուրախութեան չափ ու սահման չի մնար, Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնէ, որ պահպանուեցաւ ու փրկուեցաւ կենսատու որթատունկի այդ տեսակը, որ եզակի էր: Այդ մէկ հատիկ արմատէն հնարաւոր պիտի ըլլայ խաղողի նոր այգի մը աճեցնել:
Ես ակամայ նմանութիւն մը գտայ որթատունկին եւ հայ ազգին միջեւ: Մենք ալ որթատունկի նման բազմաշնորհ չե՞նք, մենք ալ մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին քանի-քանի անգամներ այրած ու աւերուած ենք, սակայն արմատը մնացեր է առողջ եւ այդ արմատէն նոր ծիլեր արձակուեր են, որոնք որթատունկի վերածուեր են եւ ողկոյզներով խաղող տուած: Այնքան ատեն որ արմատը առողջ է, ան կը վերականգնի, կը գոյատեւէ ու կը բաշխէ իր բարիքները:
Երբ Հայաստանը անջատուեցաւ Խորհրդային Միութենէն, երկրաշարժի պատճառած ահաւոր կացութեան դէմ, բազմահազար անտուն, անպատսպառ ժողովուրդ, առաւել Սումկայիթի ու Պաքուի կոտորածներէն Հայաստան հասած բազմահազար փախստականներ, քաղաքական անկայուն վիճակ, Արցախեան պատերազմ, լինել-չլինելու մահուան եզրին կանգնած, ամէն օր հասնող սահմռկեցուցիչ լուրերուն ականջալուր, մարդիկ սկսան յուսահատիլ, որ ահա՛ մեր երկրին վերջը մօտեցաւ… Սխալ եզրակացութիւն. Հայաստան դիմակայեց դժուարութիւնները, վերապրեցաւ, վերականգնեցաւ ու դարձաւ կայուն ու զարգացող երկիր, քանի որ արմատը ողջ էր:
Երբեմն մենք մեզի եւ մեր երկրին բարձրագոյն գնահատանքներ կու տանք: Շատ պարզ է, աշխարհի որեւէ երկրացի, որքան ալ համեստ ըլլայ իր հայրենիքը, նոյնը պիտի ընէր, պորտալարի կապուածութիւն է: Սակայն մեր պարագային, մեզմէ ոչ պակաս մեր երկիրն ու ժողովուրդը գոված են օտարները, մասնաւորաբար յայտնի անձնաւորութիւններ:
Աստուած շնորհներով ողողած է մեզ մեր բարոյական արժանիքներուն կողքին գիրն ու գրականութիւնը, գեղարուեստն ու երաժշտութիւնը, օփերան ու թատրոնը, մեր ստեղծագործական, գիտական միտքը… Շնորհալի ենք, սակայն երբեմն անգիտանալով, կամ աչքաթող ընելով մեր առաւելութիւնները, մենք մեր ձեռքերով խախտած ենք անոնց հիմքերը, մեր տգեղ արարքներով մուր քսած ենք անոր ձիւնասպիտակ ճակատին: Զգօն եւ զգաստ ըլլալու է, վերադառնանք մեր առողջ արմատներուն, հոն պահուած է մեր յաւերժութիւնը:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ