Ռոմէն Կոզմոյեանի մահուան տարելիցին առիթով
Տարի մը առաջ, 12 Ապրիլ 2022-ին, մահացաւ հայ ժողովուրդի մեծարժէք զաւակներէն մէկը՝ Ռոմէն Կոզմոյեանը, որ իր ամբողջ գիտակցական կեանքին ընթացքին նուիրումով, լրջախոհութեամբ, իմաստութեամբ, նպատակասլաց ու անխոնջ աշխատանքով ծառայեց իր հայրենիքին ու ժողովուրդին, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ:
Ռոմէնի եւ իմ բարեկամութիւնը աւելի քան յիսուն տարուան պատմութիւն ունի: Առաջին անգամ այս խորիմաց ու հայրենասէր մտաւորականին հանդիպեցայ, երբ հանգուցեալը Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի նախագահի տեղակալ նշանակուած էր. կարեւոր պաշտօն մը՝ զոր ձեռնհասութեամբ վարեց, իրեն յատուկ բծախնդրութեամբ եւ նուիրումով, Վարդգէս Համազասպեանի եւ ապա Կառլէն Դալլաքեանի նախագահութեան տարիներուն: Մեր ծանօթութիւնը շուտով փոխուեցաւ մտերիմ բարեկամութեան:
Կրնամ անվարան հաստատել, որ Ռոմէն Կոզմոյեանը ոսկետառով ՄԱՐԴ էր եւ մեծատառով՝ ՀԱՅ: Անոր համար լաւ հայ կոչումին արժանանալու նախապայմանը՝ լաւ մարդ ըլլալն էր:
Որպէս մարդ՝ Կոզմոյեանը կարելի է բնութագրել Աւետարանի հետեւեալ բառերով. «Այր՝ յորում ոչ գոյ նենգութիւն» (մարդ՝ որուն մէջ նենգութիւն չկայ): Արդարեւ, ան անբիծ նկարագիրով, մարդկային ազնիւ ու բարոյական բարձր սկզբունքներով հարուստ անձ մըն էր, միշտ պատրաստ՝ իր բազմակողմանի գիտելիքներով եւ լայն կապերով օգտակար հանդիսանալ բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիք ունէին: Ամէն Հայսատան այցելութեանս, երբ այցելէի իրեն, Ռոմէնի առաջին խօսքը կ՛ըլլար.
«Աստուր ջան, քեզ ինչո՞վ կարող եմ օգտակար լինել…»:
Ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ սփիւռքի մէջ Ռոմէն Կոզմոյեան սիրուած ու յարգուած անձ մըն էր, նոյնիսկ իր գաղափարական հակառակորդներէն: Արտասահմանի մէջ իր վարած պաշտօններուն բերումով ան քաջատեղեակ էր սփիւռքահայութիւնը դիմագրաւող բոլոր խնդիրներուն եւ պատրաստ՝ օգնելու, յատկապէս կրթական եւ մշակութային ծրագիրներ իրագործելու առնչութեամբ:
Կոզմոյեանը համոզուած էր, որ սփիւռքահյայութեան եւ Հայաստանի կենսունակութեան համար անհրաժեշտ էր սփիւռք-հայրենիք կամուրջը պահել միշտ ամուր: Ան իր անձնական ճիգերով, ինչպէս նաեւ պաշտօնին բերումով, բացառիկ աշխատանք կատարեց այդ կամուրջը անսասան պահելու համար:
Ռոմէն Կոզմոյեանի բառարանին մէջ գռեհիկ խօսքեր, վարկաբեկիչ ածականներ, կեղծիքի, անպարկեշտութեան եւ ցուցամոլութեան հետ առնչուած բառեր գոյութիւն չունէին: Ան համոզուած էր, որ ազգային ղեկավարը պէտք է ըլլայ ազնիւ նկարագիրի տէր, համեստ, քաղաքավար, փափկանկատ, պարկեշտ ու լայնախոհ անձ մը:
Սովետական իշխանութեան տարիներուն սփիւռքահայութեան հակահայաստանեան ճակատը յաճախ կ՛ամբաստանէր Սովետական Հայաստանի ղեկավարները որպէս հայրենասիրութենէ զուրկ, լոկ սովետական գաղափարախօսութեան «մունետիկներ»:
Բնական է, այդ ընդհանրացումը ճշմարտութեան հետ առնչութիւն չունէր, տրուած ըլլալով, որ Սովետական Հայաստանի պետական ղեկավարները, մեծամասնութեամբ, նուիրեալ կոմունիստներ ըլլալով հանդերձ՝ Մեսրոպ Մաշտոցի, Վարդան Մամիկոնեանի, Սարտարապատի հերոսներու ոգիին եւ հայոց պատմութեան հաւատարիմ՝ ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐ հայեր էին:
Սիրելի Ռոմեն, կրնայի երկար գրել ազգանուէր բազմաթիւ գործերուդ մասին, բայց այսօր, մահուանդ տարելիցին առիթով, պարզապէս կ՛ուզեմ հաստատել, որ յիշատակներուս գանձատան ամենէն պայծառ սենեակներէն մէկուն մէջ, անբիծ հայրենասիրութեանդ ձօնուած արձան մը զետեղած եմ ադամանդակերտ պատուանդանի մը վրայ, ուրիշ հայրենանուէր անձի մը՝ քու եւ իմ ընկերոջ՝ Գէորգ Վարդանեանի արձանին կից: Հպարտութեամբ կրնամ ըսել որ Գէորգն ու դուն ինծի համար, Եղիշէ պատմիչին բնութագրմամբ` «իմացեալ» (գիտակցուած) հայրենասիրութեան մարմնացումն էք եւ ձեր ազգանուէր ու հայրենաշէն արարքներուն որպէս վարձատրութիւն, պատմութիւնը արդարօրէն ձեզի շնորհած է անմահութեան քաղաքացիութիւն:
Յովհաննէս Թումանեանի «Թմբկաբերդի Առումը» հերոսապատումէն մէջբերուած այս քառատողը հասցէագրուած է Գէորգին, քեզի եւ բոլոր անոնց, որոնք կ՛ապրին իրեց գործով «անվերջ, անդադար»:
Գործն է անմահ, լաւ իմացէք,
Որ խօսւում է դարէ-դար,
Երնէկ դրան, որ իր գործով
Կ՛ապրի անվերջ, անդադար:
ԱՍԱՏՈՒՐ ԿԻՒԶԵԼԵԱՆԼոնտոն, ապրիլ 2023