Կարծես իմ անցեալ շաբթուան ակնարկս՝ «Արեւելք-Արեւմուտք»-ը իր շարունակութիւնը ունեցաւ գործնականօրէն, երբ Արեւելք-Արեւմուտք երկու բեւեռները իրար անցան, Ռուսիոյ՝ Ուքրաինա ներխուժման առթիւ:
Յիշեցի Փութին-Մաքրոն հանդիպման երկար սեղանը, որուն խորհրդանշական իմաստը գործնապէս բացայայտուեցաւ, երբ Փութինն իր սպառնալիքները յումպէտս չվատնեց, այլ շատ արագ եւ կայծակնային յարձակումի ձեռնարկեց Ուքրաինայի վրայ:
Օրերէ ի վեր աշխարհի գրեթէ բոլոր լրատուամիջոցները զբաղած են այս հարցով: Իրենց ալ նիւթ պէտք է, որ սնանեն իրենց յայտագիրները, եւ կասկածը, թէ Ռուսիոյ նախագահին սպառնալիքները կը մնան սպառնալիքներու սահմանին մէջ եւ չեն գործադրուիր, ի թերեւ ելաւ: Ռուսիան որոշած էր եւ ականջ չկախեց արեւմտեան երկիրներու բոլոր սպառնալիքներուն, պատժամիջոցներուն եւ յարձակման չդիմելու կոչերուն: Յարձակման երկրորդ օրը արդէն մայրաքաղաք Քիեւի դռներուն հասած էին ռուսական բանակի միաւորները: Օրերը կը սահին, մարտերը կ՛ահագնանան, անհաշուելի վնասներ երկու կողմերուն, եւ գաղթականներու հոսկ:
Թէ պատմական ի՞նչ փաստեր կան պարզաբանող, թէ Ուքրաինան ի՞նչ անցեալ ունի, եւ ի՞նչ կարգավիճակ ունեցած է, իսկութեան մէջ այդ տարածքը որո՞ւ պատկանած է, ո՞վ ստեղծած է այդ երկիրը, Ռուսիան ի՞նչ իրաւունքներու հիման վրայ այդ տարածքէն պատառիկներ կը գրաւէ… պատմաբաններու եւ քաղաքագէտներու կալուածն է: Զիս հերաքրքրողը ուրիշ բան է: Ինչո՞ւ համար տարբեր երկիրներ, տարբեր վերաբերմունքի կ՛արժանանան: Ինչո՞ւ համար մէկը միջազգային հարց կը դառնայ ու անոր ճակատագրով «մտահոգներու» բանակ մը կ՛ունենայ, մինչ այլ երկիր մը, նոյնանման պայմաններու մէջ, նոյնանման վերաբերմունքի չարժանանար:
Խտրականութիւնը բնորոշող ասացուածք մը ունին արաբները, երբ կ՛ըսեն «Տիրուհիի՞ն զաւակը, թէ՞ սպասուհիին զաւակը», թէեւ երկուքն ալ նոյն հօր զաւակներ են, եւ մարդ չի գիտեր, թէ անոնք մեծնալէ ետք ի՞նչ պիտի դառնան, սակայն անոնք փոքր տարիքէն լրիւ տարբեր վերաբերմունքի կ՛արժանանան. Տիրուհիին զաւակը բացառիկ խնամքի կ՛արժանանայ, կը շփանայ, մինչ միւսը լուսանցքի վրայ կը մնայ:
Այնպէս ալ՝ երկիրներ կան, որոնք «տիրուհիին զաւակներն» են, իսկ անդին ուրիշներ՝ որոնք կարծես «սպասուհիի զաւակներն» են: Հարկ կա՞յ յիշելու Արեւմուտքին կողմէ յարձակումի ենթարկուած երկիրներ եւ ժողովուրդներ, որոնք միջազգային լուրջ վերաբերմունքի չարժանացան, ոչ ահազանգ հնչեցուցին անոնց համար, ոչ պատժամիջոցներու ենթարկուեցան յարձակողները, ոչ ալ միլիոններով ու միլիառներով զէնքով ու զինամթերքով օժանդակութիւն ուղարկեցին, ինչպէս՝ Իրաքը, Աֆղանիստանը, Սուրիան, Լիպիան, Եմէնը, Սուտանը… Հապա, ի՞նչ ըսել Արցախի պարագային, երբ ոտնակոխ եղաւ եւ ոչ մէկ պետութիւն մատը շարժեց: Մինչ Ուքրաինան առաջին իսկ օրէն շփացած զաւկի գուրգուրանքի ու հոգատարութեան արժանացաւ, որովհետեւ թեկնածու էր ՆԱՏՕ-ի անդամ դառնալու: Այդ փափաքը անշուշտ հաճելի չէր Ռուսիոյ, որ իր շրջապատէն՝ Արեւելեան Պլոքէն, երկիր պիտի կորսնցնէր, ինչպէս կորսնցուցած էր նախկին Սովետական Միութեան մաս կազմող կարգ մը երկիրներ, որոնք իրենց դէմքը արեւմուտք դարձուցին: Փութինը ցար կը կոչեն իր միահեծան իշխանութեան եւ նախկին Սովետական Միութեան նման աշխարհի երկրորդ ոյժը դառնալու իր ցանկութեան համար: Ան բնաւ պիտի չուզէ, որ ԱՄՆ մինակը իշխէ աշխարհի վրայ:
Արեւմուտքը, գլխաւորութեամբ Ամերիկայի, իրաւունք ունի որեւէ երկրի վրայ յարձակելու, ներխուժելու, մահ ու աւեր սփռելու, վարչակարգ փոխելու, իրեն ենթակայ ղեկավար նշանակելու, ինչպէս Իրաքի, Աֆղանիստանի, Լիպիայի պարագաներուն, իսկ Ռուսիան իրաւունք չունի: Այս երկու չափ-երկու կշիռը մինչեւ ե՞րբ պիտի տիրէ: Վերադառնանք մեր նշած անցեալ շաբթուան ակնարկին: Ինչո՞ւ համար բոլոր երկիրները քննադատեցին Ռուսիան եւ հսկայ քանակներով օժանդակութիւն հասցուցին Ուքրաինային, իսկ Ռուսիան նկատելի աջակցութիւն չունեցաւ, չքննադատողներուն մէջ շատ էին ձառնպահ մնացողները, պարզապէս Ռուսիոյ հետ իրենց յարաբերութիւններուն վնաս չհասցնելու համար: Բան չի փոխուիր, ասանկ եկեր է, ասանկ ալ կը մնայ: Ամբողջ աշխարհն ու տիեզերքը հակադիր բեւեռներու համակարգով կը շարժին, մնաց որ Արեւելք-Արեւմուտքի համակարգի՞ն վնասեն:
Յակոբ Միքայէլեան