Սարդարապատի յաղթանակի տօնախմբութեանց շաբաթն էր, ու մէջս կասկածներ ու մտատանջութիւններ կը սողսկէին: 105 տարի առաջ հայ ժողովուրդը այնպիսի յաղթանակ մը տարաւ Սարդարապատի ճակատամարտին, որ մինչեւ այսօր փառքով ու պատուով կը նշուի աշխարհատարած հայութեան կողմէ, ինչ հոսանքի, կամ գոյնի ալ պատկանի, քանի որ այդ պատմական յաղթանակը կերտեց հայը, կենաց եւ մահուան գուպարին մէջ, մեր սահմաններէն հեռու շպռտելով թշնամին:
Եւ երկնուեցան երգեր, ղօղանջեցին զանգեր փառաբանելով «խենթերը», որոնք ելք ու ճար գտան հայրենի սուրբ հողը պաշտպանելու: «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար…»: Իսկ այսօր, երբ ոչ նուազ քան Սարդարապատը, Արցախը կորսնցնելու վտանգին առջեւ ենք, ո՞ւր են այսօրուան խենթերը…
Մօտաւորապէս այսպիսի բան մը գրեցի դիմատետրին (ֆէյսպուք) մէջ, պարզապէս հասկնալու, թէ ի՞նչ է այսօրուան հայուն անդրադարձը այսպիսի մահու-կենաց վտանգի մը դէմ-յանդիման: Սխալ չէր նախատեսութիւնս, Սարդարապատէն դար մը ետք, նոր հայը, հայաստանցի թէ արտերկրի, արդէն փոխուած է, եւ պարզ է, որ պիտի փոխուէր, այնքան ատեն, որ ներկայ աշխարհն ու անոր իրավիճակը, որուն հետ զուգահեռ ընթացած է հայն ալ, ինչպէս ոեւէ անհատ աշխարհի մէջ, նախկինին նման զուտ զգացումներով չի կառավարուիր, ոչ ալ որեւէ հարցի կապակցութեամբ րոպէական անդրադարձ կ՛ունենայ՝ մղուած իր բնազդէն, աւլի քան՝ խելքէն: Այսօր ամէն ինչ հաշիւներով կ՛առաջնորդուի, հին առածը՝ «Տասը չափէ, մէկ կտրէ»-ն, այսօր է, որ աւելի ճիշդ կը գործէ, տակաւին ալ այդ «տաս»-ն հաւանաբար վերածուած է յիսունի, կամ աւելիի:
Այսօրուան մարդը, եթէ իսկապէս ճի՛շդ որոշում պիտի առնէ, հարցը տասնեակ անկիւններէ պիտի դիտէ, տասնեակ հանգամանքներ նկատի պիտի առնէ, քանի որ այլեւս սեփական կարծիքն ու որոշումը նահանջած են եւ ամէն ինչ կախուած է ընդհանուրէն. ասոր համար դարը կոչած են համաշխարհայցման դար:
Ոչ թէ ազգային զգացումդ քեզ պիտի առաջնորդէ, այլ ընդհանուր կարծիքը: Ոչ միայն ազգային զգացում, այլ ամէնօրեայ կարիքներդ, ուտելդ, խմելդ, հագնիլդ, պտոյտներդ, ընթերցումներդ, ճամբորդութիւններդ, սիրային արկածներդ, բոլոր բոլորը կախեալ են բոլոր- բոլորէն, ոչ միայն քեզմէ, քանի որ դուն այլեւս դուն չես, այլ «մենք»-էն մէկը, թէ չէ խաղէն դուրս կը մնաս, առնուազն՝ լուսանցքի վրայ:
Երկարեցաւ բացատրութիւնը, աւելի լաւ է օրինակներով հաստատեմ ըսածս: Վերի հարցադրումիս պատասխանները ըսածս փաստեցին. Մէկը գրած էր. «Այսօր խենթեր չկան, կան երկիրը թալանողներ…», միւսը գրած էր. «Երբ ատենը գայ, խենթեր կը ծնին…», ( Ասկէ աւելի ճիշտ ատե՞ն)՝ Երրորդ մը եւ քանի հոգի, ըսելիք չունենալով՝ «լայք» ըրած են, թէ ի՞նչ ըսել կ՛ուզեն՝ չհասկցայ: Ոչ մէկէն չլսեցի, օրինակ, այսպիսի բան մը. «Այս հարցը երկար ատենէ ի վեր, քննարկութեան առարկայ էր, գիտէինք ըլլալիքը, ատոր համար ալ ծրագիր մշակած ենք ու որոշում առած ենք, նոր «Նեմեսիս» մը պատրաստ է ու պիտի հարուածէ…»:
Թէեւ այսպիսի լուրջ ծրագիր մը չի յայտարարուիր եւ բացայայտուիր, ան ալ ֆէյսպուքի նման բացօթեայ «պազարի» մը մէջ, այլ կը մնայ գաղտնի, որպէսզի անակնկալը իր ազդեցութիւնը չկորսնցնէ ու «բարի» մարդիկ զայն մատի փաթթոցի չվերածեն:
Այս դարը խելքի դար է, ճատրակի խաղի նման: Որեւէ քայլ առնելէ առաջ պիտի հաշուես առածդ քայլին անդրադարձն ու հակազդեցութիւնը, որպէսզի նախկինին նման մէկ զոհի փոխարէն հարիւրը չտանք:
Բայց նաեւ մեղկութիւնն ալ մեր նկարագրին հակառակ է, ատոր համար կը շարունակենք չարին ու անարդարութեան դէմ պոռթկալ, սակայն ներքին այրումով, մենք մեզի, բարեկամներու միջեւ, խօսքով, բռունցքուած ձեռքի շարժումներով, շատ-շատ դրօշակ այրելով ու ցոյցերով, սակայն միայն այդքան. բաներ՝ որոնցմէ թշնամին մազ մը իսկ չ’ազդուիր:
Երբ մեր սպան կացինհարող մարդասպանը ազատ արձակուեցաւ ու վերադարձաւ իր որջը ու դարձաւ ազգային հերոս, ինքզինքիս ըսի, որ ոճրագործը ողջ չեն ձգեր մեր տղաքը, դասը կու տան: Անցաւ քանի տարի, ի՜նչ դաս, ի՜նչ բան… Դարը փոխուած է, փոխուած են պարագաներն ու պայմանները, փոխուած է նաեւ մարդը, ներառեալ՝ հայ մարդը:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ