Օրեր առաջ ներկայ գտնուեցայ Երեւանի Աւետիսեան դպրոցի ամավերջի հանդիսութեան: Յայտագրի ընթացքին կարճ ֆիլմ մը ցուցադրուեցաւ վերջերս մահացած բարերար Էտուարտ Աւետիսեանի մասին: Քանի մը օր առաջ ալ Ամերիկեան համալսարանին մէջ անոր յիշատակի յարգանքի ձեռնարկ մը կազմակերպուած էր, տրուած ըլլալով որ Է. Աւետիսեանը այդ հաստատութեան մէջ ալ կարեւոր ներդրում ունեցած է:
Աւետիսեան դպրոցը ՀԱԹ-ի (Հարաւ-արեւմտեան թաղամաս) մէջ մօտ քառորդ դար առաջ բացուած, 2014-ին ունեցաւ իր արդիական, գեղեցիկ, բոլոր յարմարութիւններով օժտուած շէնքը, ուր ուսումը լրիւ ամվճար է, քանի որ ի սկզբանէ բարերարը նպատակ ունեցած է այդ շրջանի չքաւոր ընտանիքներու զաւակներուն անվճար լաւագոյն ուսում ապահովել, մանկապարտէզէն մինչեւ աւագ 12-րդ դասարան: Հիմնարկը կը պատկանի եւ կը վայելէ հոգատարութիւնը Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA):
Աւետիսեանէն զատ, Հայաստանի մէջ ոեւէ անհատ բարերարի անունով դպրոց հիմնուած ըլլալը չեմ լսած, մինչ սփիւռքի բոլոր հայկական վարժարանները բարերարներու շնորհիւ կառուցուած են, կամ ալ հայկական կազմակերպութիւններու, որոնցմէ ոմանք կոչուած են սուրբերու, կամ ազգային գործիչներու, կամ այլ անուններով, իսկ շատեր ալ ցարդ կը կրեն հիմնադիր բարերար նուիրեալ հայորդիներուն անունները, ինչպէս Կիպրոսի երբեմնի Մելգոնեանը, Սուրիոյ Լազար Նաճարեանը-Գալուստ Կիւլպենկեանը, Լիբանանի Հայկազեանը, Նշան Փալանճեանը, Խանամիրեանը, Նազարեանը, Յովակիմեան- Մանուկեանը, Կարմիրեանը, Սոֆիա Յակոբեանը, ԱՄՆ-ի Ֆերահեանը, Մանուկեան-Տեմիրճեանը, Սան Ֆրանսիսկոյի Գռուզեան-Զաքարեանը եւ այլն: Շարքը երկար է, ատոր համար միայն քանի մը օրինակ յիշեցի, երբ անոնք տասնեակներով են Միջին Արեւելքի թէ Եւրոպայի, Մ. Նահանգներու թէ Քանատայի, Եգիպտոսի ու Հարաւային Ամերիկայի մէջ:
Այս բարերարները բոլորը միլիոնատէր մարդիկ չեն եղած, անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ դժուարին աշխատանքով գումար խնայած են ու վերջը այդ գումարը նուիրած են դպրոցաշինութեան, կա՛մ իրենց անունով, կա՛մ իրենց ծնողաց յիշատակին: Այս մարդոցմէ շատերը, եթէ ոչ իրենք, ապա իրենց ծնողները Երկրէն տեղահան եղած են ու ուսումի փափաքը իրենց սրտերուն մէջ՝ համտեսած են ջարդին ու տեղահանութեան դառնութիւնը եւ ոճրագործ թշնամիին փակած կեանքի դռներուն դէմ, անոնք դպրոցներու դռներ բացած են, որպէսզի նոր սերունդը զինուի գիտութեամբ եւ ապրելով վրէժը լուծէ իր ազգին:
Գուցէ անհաւատալի թուի, սակայն 1915-ի յաջորդող տարիներուն Սուրիոյ գիւղերուն, աւաններուն ու քաղաքներուն մէջ հայկական 250 դպրոց բացուած է … Զարմանալի՞ է, թէ ջարդէն փրկուած այդ կիսամերկ խլեակները կերակրելու փոխարէն դպրոց կը բանան: Թերեւս այսօր տարօրինակ թուի, սակայն այդ օրերուն, ուր ամէն ինչ կորսնցնելու մատնուած հայերը մտածած են ինքնութիւննին չկորսնցնել, յատկապէս լեզուն եւ հաւատքը, ճիշդ ատոնց համար ալ նախընտրած են հիւղակներու մէջ մնալ, կէս-մէս սնիլ, կէս-մէս հագուիլ, սակայն պահել իրենց հայկականութիւնը:
Հին աւանդոյթը ցարդ կը շարունակուի, այսօր ալ կան բարերարներ, դպրոցասէր նուիրեալներ, կանգուն վարժարաններուն դրամական օգնութիւն փութացնող, տասնեակներով փակուող դպրոցներու դիմաց նոր դպրոցի մը կառուցումը ապահովող բարերարներ, մասնաւորաբար նորաստեղծ գաղութներու մէջ, միօրեայ թէ ամէնօրեայ, Հայաստանէն, Մ. Արեւելքէն ու այլ վտանգուած շրջաններէն եկած գաղթական հայերուն համար, պարզապէս զէնքերը վար չդնելու եւ կարելին փրկելու համար:
Մեր բարերարները, ինչ հոսանքի կամ դաւանանքի պատկանած ալ ըլլան, նուիրեալ մարդիկ են եւ արժանի անսակարկ գնահատանքի: Նոյնիսկ կը մտածեմ որ տարուան մէջ օր մը, կամ ամբողջ տարի մը նուիրուի դպրոցներու, կամ ազգօգուտ այլ հաստատութիւններու բարերարներու, ինչպէս Մ.Տ.Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին տարեձօնի գեղեցիկ աւանդոյթն է:
Այսպէս է, մարդիկ կան, որոնք իրենց ունեցած հարստութիւնը զեխութեամբ կը վատնեն, կան մարդիկ ալ, որոնք իրենց շան կամ սիրած կենդանիին կը կտակեն, կան նաեւ մարդիկ ալ, որոնք իրենց անունը յաւերժացնելու համար բարեգործութիւն կ՛ընեն: Շատեր բարեգործութիւն կ՛ընեն հիւանդանոցներու, գիտական կեդրոններու, կամ այլ հիմնարկներու կտակելով իրենց ունեցածը, իսկ հայերս ընդհանրապէս դպրոցաշինութեան կամ ազգային հաստատութիւններու նուիրած ենք ու կը շարունակենք մեր ազգօգուտ բարեգործութիւնը:
Յարգանք մեր բարերարներուն:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ