Երբեմն այնպիսի տխուր ու մտահոգիչ դէպքեր իրարու կը յաջորդեն, որ մարդ շունչ քաշելու ժամանակ չ՛ունենար, նոյնիսկ միջանկեալ դադար մը, հանգստանալու, չեմ ըսեր վերագտնելու իր նախկին զուարթութիւնը:
Վերջին քանի մը տարիներուն Հայաստանը այնպիսի վիճակներու մատնուեցաւ, որ ժողովուրդին դէմքի ժպիտը մռայլութեամբ փոխարինուեցաւ: Պատերազմ, մեծաթիւ նահատակներ, դրօշազարդ Եռաբլուր, սահմանային ոտնձգութիւններ, ներխուժում, տարածքներու կորուստ, անընդմէջ դիպուկահարումներ, զոհեր, թշնամիի սինիք յոխորտանք, թունաւոր ժպիտ Ալիեւի դէմքին, յուսախաբութիւն բարեկամներէ, բողոքներ աջ ու ձախ, հանրահաւաքներ, ցոյցեր, դատապարտումներ, զօրակցութիւններ, խոստումներ, խօսքեր, խոսքեր, խօսքեր… Այս բոլորին վրայ գումարած՝ ատենը անգամ մը բացայայտումը լրտեսական ցանցերու, յետոյ շրջափակումը Արցախին Բերձորի անցակէտի արգելափակումով, երկու օրը անգամ մը կազի մատակարարումը խափանուելով, իսկ այս թունաւոր «ապուր»ին վրայ որպէս համեմունք՝ ողջակիզումը զինուորներու, խրճիթի նման կացարանի մը մէջ, կասկածելի պարագաներու տակ:
Ու կը շարունակուին ամուլ արձագանգները դատապարտումներու, Լաչինի անցքը բանալու կոչերու, միջազգային թէ Եւրոպական դէտեր կու գան ու կ՛երթան, ռուս խաղապահները ձեռնածալ հանդիսատեսներու կը նմանին: Ուտելիքի ու դեղօրայքի պակաս, Կարմիր խաչը միայն կը գործէ անցքէն ծանր հիւանդներ փոխադրելով:
Ժողովուրդը այս բոլորին իրազեկ է, կը տեսնէ, կը լսէ, կ՛ափսոսայ, իւրաքանչիւրը իր անկիւնէն դիտած վերլուծումներ կ՛ընէ, դիմատետրին մէջ կուտակուած լուտանք, անէծք երկկողմ հասցէներու, ան ալ չկարդացուելիք անճոռնի հայերէնով մը:
Շա՛տ եղաւ, ժողովո՛ւրդ, այսքանին դիմանալը հերոսութիւն չէ, անտէրութիւն է, ստրկութիւն է: Մարդոց տանջակոծ հոգիները հանգիստի պէտք ունին:
Ամբողջ Հայաստանը հոգեհանգիստի պէտք ունի. ոչ յետմահու, պարզապէս դառնացած, սգաւոր հոգիներու հանգիստ: Թէ ինչպէ՞ս է այդ հնարաւոր, թէ ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ առիթ կը ստեղծուի եռացող յոյզերը պաղջրելու, այդ մէկը միայն Աստուած գիտէ:
Սփիւռքահայ մեր երիտասարդ սերունդէն քանի-քանիներ Հայաստան հաստատուած են, կ՛ուսանին, կ՛աշխատին, արդէն տեղացի դառնալու ճամբուն վրայ են, որոնց հանդիպելուս կը վախնամ, որ այս նիւթը բացուի ու լսեմ իրենց յուսախաբ արտայայտութիւնները, ժամանակին մեր ըրած հայրենասիրական «քարոզներուն» ու դժնի իրականութեան միջեւ:
ժողովուրդը այս ի՛նչ վիճակի է մատնուած, հպարտ քաղաքացին դարձեր է յուսակտոր, նուաստացած, լռած, յատկապէս երբ կը տեսնէ թշնամիին խենէշութիւնը, անոr լկտի քմծիծաղը, մեր տկարութեամբ խնդրարկու դառնալով անոնց ձեռքը սեղմելու մեր պատրաստակամութեան դէմ, անոր «թուքը…»: Այսքան նուաստանալու փոխարէն նախընտրելի չէ՞ պատուով մեռնիլը, նահատակուիլը: Ամօ՛թ մեզի, մենք այսպէս չենք դաստիարակուած, մեր հերոս նախնիքը այսպէս չեն նուաստացած: Եթէ վերածնունդի շարժում չկայ, այս մեղկ քաղաքականութեամբ վերստին կը դառնանք անանկախ, անազատ, ստրուկ ժողովուրդ, ան ալ եթէ թշնամին չոչնչացնէ մեզ:
Անկախութեան շրջանի իրերայաջորդ իշխանութիւնները չկրցան ժողովրդային միասնական ճակատ մը ստեղծել՝ դամոկլեան սուրի նման երկրի գլխուն վրայ կախուած վտանգին դէմ դնելու համար, զբաղեցան միայն իրենց աթոռներն ու հետեւորդները շոյելով: Չկրցան երկիրը այնպէս մը զինել, այնպէս մը միջ-քաղաքական լծակներ գտնել, իմաստութեամբ եւ դիւանագիտօրէն երկրին անձեռնմխելիութիւնը ապահովելու համար: Վստահեցան ուրիշներուն, միամտօրէն հաւատացին խոստումներուն ու խաբուեցան:
Իսկ հիմա՞… Ամբողջ աշխարհը կ՛ըսէ Ատրպէյճանին որ Բերձորի անցքը բանայ, սակայն թշնամին անդրդուելի կը մնայ: Ուժեղ է, նոր-նոր պայմաններ կը դնէ՝ մեր առաջարկած պայմանները անպատասխան ձգելով: Ի՞նչ ընել, ո՞ր կողմ դառնալ: Ատենը չէ՞ բռունցքուելու: Չէ՞ որ ըսուած է «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար:» Ո՞ւր են այդ խենթերը:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ